Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

$
0
0

4437810488_ba217e890f_f

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Մարդկային մեծագոյն հերոսութիւնը, մեծագոյն սխրագործութիւնը, դիւցազնական ամէնէն մեծ արարքը աշխատանքն է: Ահա թէ ինչո՛ւ մարդուն պատմութիւնը իր աշխատանքի՛ն պատմութիւնն է, պատմութիւնն է իր քրտինքի՛ն:

Ահա թէ ինչու նաեւ գնահատել աշխատանքը կը նշանակէ գնահատել մարդը: Ո՛րքան բարձր ըլլայ մեր գնահատանքը աշխատանքին հանդէպ, ա՛յնքան բարձր է, կը նշանակէ, նաեւ մեր յարգանքը մարդուն հանդէպ եւ, հակադարձաբար, ո՛րքան նուազ ըլլայ մեր յարգանքը մարդուն հանդէպ, այնքան նուազ է, կը նշանակէ, մեր գնահատանքը աշխատանքին հանդէպ:

Մարդուն գնահատութեան չափանիշը, ուրիշ խօսքով, իբրեւ հիմ ունի աշխատանքի մեր գնահատութեան տարողութիւնը եւ փոխադարձաբար:

Աւելի՛ն. աշխատանքի մեր գնահատութենէն կարելի է դատել նաեւ մեր քաղաքակրթութեան մակարդակը, նոյնիսկ որակը: Ինչպէս որ մարդուն հանդէպ մեր յարգանքը կրնայ չափանիշ ծառայել մեր քաղաքակրթական աստիճանին ու արժէքին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13507

Trending Articles