Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Նոյեմբեր Դ. –Քաղաքական Շրջադարձի Նախաքայլե՞ր

$
0
0

Kantsasar_2016

Սուրիական հարցին առնչուող միջազգային դիւանագէտներու, քաղաքական դէմքերու արտայայտութիւններն ու մօտցումները վերջին շրջանին շրջադարձեր կ՛արձանագրեն:

Առաջին շրջադարձը սուրիական տագնապի սկզբնական օրէն Սուրիոյ պետութիւնն ու անոր նախագահը մեղադրող մեծագոյն երկրին առաջին դէմքը կը կատարէր: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ընտրութեան յաջորդող օրերուն կը յայտարարէր, որ Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ՏԱՀԵՇ-ին եւ ոչ թէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն վրայ, եւ թէ` Ռուսիա ու Սուրիա կը պայքարին ՏԱՀԵՇ-ին դէմ, հետեւաբար անոնք նոյն նպատակը կը հետապնդեն: Աւելի՛ն. ան կը շեշտէր, որ թէ Ուաշինկթըն յարձակում գործէ Սուրիոյ վրայ, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ ճակատ բանալ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ դէմ, մինչ իր թշնամին ՏԱՀԵՇ-ն է:

Երկրորդ շրջադարձին մասին կը յուշէր Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բարեկամ Ֆրանսուա  Ֆիոն, որ ընտրուելու պարագային, կը խոստանար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը նպատակային դարձնելու համար վերականգնել Ֆրանսա-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութիւնները, աշխատիլ պահպանել քրիստոնէութեան ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, բարելաւել իր երկրի յարաբերութիւնները Իրանի հետ եւ, վերջապէս, զօրակցիլ Փութին-Թրամփ գործակցութեան ուղղութեան:

Երրորդ շրջադարձը կու գար Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ Սիսիէն, որ նախանցեալ օր փորթուքալական պատկերասփիւռի մը հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին կը յայտարարէր, թէ Եգիպտոս կը զօրակցի սուրիական արաբական բանակին` ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ, աւելցնելով, որ որեւէ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու խաղաղութեան հաստատումը երաշխաւորող  հիմնական ուժը ազգային բանակն է, հետեւաբար ան իր զօրակցութիւնը յայտնելով սուրիական բանակին` կը շեշտէր, որ սուրիական տագնապի յաղթահարման միակ ճանապարհը քաղաքական լուծումն է, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գլխաւոր դերակատարը որեւէ երկրի ազգային բանակն է: Սիսի միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէր նաեւ համակարգուած ռազմավարութիւն որդեգրելու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը չի թելադրեր զարմանալ մարդկային եւ քաղաքակրթական արժէքները հարուածող ահաբեկչութեան ուղղակի հակադրուող համազգային նման արձագանգներուն առիթով:

Այնուամենայնիւ, սուրիական բանակի արձանագրած յառաջխաղացքը, Սուրիոյ ժողովուրդի լայն շերտերուն ահաբեկչութեան դէմ բարձրացող բողոքն ու երկրէն ներս ահաբեկչութեան գործած աւերները բաւարար տուեալներ են միջազգային հանրութիւնը համոզելու, որ որեւէ երկրի մէջ հնարաւոր չէ ահաբեկչութեան միջոցով քաղաքական օրակարգեր պարտադրել, կամ վարչակարգեր տապալել, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ համաշխարհային առումով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ անմիջական քայլեր չձեռնարկուելու պարագային, Միջին Արեւելքը քարուքանդ ընող այս սարսափազդու ալիքը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Ուստի վերոյիշեալ արձագանգները կարելի է համարել Սուրիոյ ուղղութեամբ քաղաքական շրջադարձի նախաքայլեր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>