Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղային Աշխատանքներէն

$
0
0

Խաչքարի Զետեղման Հանդիսութիւն

img_5522

Երեքշաբթի, 1 նոյեմբեր 2016-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նորընտիր եւ ընթացաւարտ կազմերու անդամներուն, «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր եւ ընթացաւարտ վարչական կազմերու, նախկին ատենապետներու, վաստակաշատ երէց ԼՕԽ-ականներու եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի ներկայութեան, մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի զետեղման  հանդիսութիւն:

Բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին պատմականը` հիմնադրութենէն մինչեւ թուականս, անդրադարձաւ մասնաճիւղի բեղուն գործունէութեան ու թաղամասի հայութեան մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ կեդրոնին մէջ խաչքարի մը զետեղման գաղափարի յղացման ու իրագործման աշխատանքներուն:

Խօսքի աւարտին ան մասնաճիւղի ընկերուհիներուն մաղթեց յաջողութիւն` ապագայ ծրագիրներու իրագործման:

Ապա խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ շնորհաւորեց «Կարինէ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու դրուատեց հայկական մշակոյթը ներկայացնող խաչքարի շինութեան գեղեցիկ գաղափարի հեղինակները, նոյնպէս յաջողութիւն եւ վերելք մաղթելով մասնաճիւղին` բարեսիրական եւ հայապահպանման առաքելութեան մէջ:

Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը իր կատարած մարդասիրական աշխատանքին համար` գոհունակութիւն յայտնելով խաչքարի շինութեան գաղափարին համար: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ԼՕԽ-ի մատուցած ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական խաչին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը` որպէս խորհրդանիշ անձնազոհողութեան եւ նուիրումին:

Քահանայ հայրը արարողութիւնը փակեց խաչքարի օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ»-ով:

«Նարօտ Արտալճեան գրադարան Թարգմանչաց Տօն

narod_arkmanchats_102116

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբը, Թարգմանչաց տօնին առիթով, ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, կազմակերպած էր փոքր հանդիսութիւն մը` գրադարան յաճախող աշակերտներուն համար:

Յանձնախումբի անդամ Մարիա Ինճէեան փոքրիկներուն հետ զրոյցի ձեւով եւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Խօսեցաւ անոր կեանքի կարեւոր փուլերուն մասին, թէ ան ինչպէս տագնապեցաւ եւ ճգնեցաւ ստեղծելու համար հայոց այբուբենը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Մեսրոպի աշակերտներուն ու անոնց կատարած թարգմանութիւններուն` յիշելով Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որ կոչուած է «Թագուհի թարգմանութեանց»:

Ապա քանի մը աշակերտներ արտասանեցին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ հայոց այբուբենին նուիրուած ոտանաւորներ:

Այլ աշակերտներու խումբ մը կարդաց գրութիւններ` նոյնպէս առնչուած Մեսրոպ Մաշտոցին եւ հայերէնին:

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղի 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը կը միտէր մտերմիկ օր մը անցընել «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ:

Վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց , ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս Յասմիկ Գէորգեանը` արտասանելու իր խօսքը Թարգմանչաց տօնին առիթով, որ կը զուգադիպէր այդ օրերուն:

Հայկական երգերու ունկնդրութեամբ, ընկերային մթնոլորտէն քաջալեր, ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ խոստացան նորէն հանդիպիլ ԼՕԽ-ի յարկին տակ

ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի  2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2016-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Չուխատարեան» սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Հելէն Խայեաթ բարի գալուստ մաղթեց:

Հայկական մեղեդիներու հնչիւններուն տակ  ներկաներուն մատուցուեցաւ օրուան ճաշը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եւ ներկաները գոհունակ ու շնորհակալական արտայայտութիւններով մեկնեցան:

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսքը տրուեցաւ հիւանդապահուհի Անժէլ Մելքոնեանին, որ անդրադարձաւ կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշացման եւ ախտաճանաչման նիւթին:

Հայկական մեղեդիներու հնչիւններուն ներկաներուն մատուցուեցաւ օրուան ճաշը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, եւ ներկաները գոհունակ ու շնորհակալական արտայայտութիւններով մեկնեցան:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին

մէջ նշուեցաւ «Ոսկի աշուն» ձեռնարկը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի անդամներէն Վիքթորիա Հերկելեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ծանօթ խոհարարուհի Մարօ Չէօրեքճեանը, որուն ցուցմունքներով ձմրան դդումով պատրաստուեցան տարբեր ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ:

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեքէն տասը տարեկան մանուկներու առողջ սննդականոնի ձեւերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ ներկայացուց տոքթ. Ռեմոն Նահհաս (մանկաբուժ):

Մուսա Լերան հերոսամարտի 101 եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77-ամեակներուն առիթով կազմակերպուած աւանդական «Տոհմիկ օր»-ը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի  «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան  շրջափակէն ներս:

Ձեռնարկը կը վայելէր  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր  ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որուն օժանդակած էին մասնաճիւղին հինգ յանձնախումբերը: Բեմը յարդարուած էր լոզունգներով, որոնք խօսքերն էին Արամ Ա. վեհափառի, Եդուարդ Պոյաճեանի, Պօղոս Սնապեանի, Թովմաս Հապէշեանի, Սարգիս Զէյթլեանի եւ այլ նշանաւոր հայ անձնաւորութիւններու: Վաճառքի դրուած էին Մուսա Լերան աւանդական ուտեստեղէնները, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն ձեռամբ: Յատուկ անկիւն  մը յատկացուած էր մանուկներու օգտակար ժամանցի ու խաղի` Լիզա Հեքիմեանի առաջնորդութեամբ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութիւնը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, հայ երեք յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, մարմիններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բացման  խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին փոխատենապետ Ռոզ Պագալեան: Ան ըսաւ.  «Մենք բարգաւաճ Այնճարի իւրաքանչիւր թիզ հողի մէջ կը տեսնենք մեր նախահայրերուն ճակտի արդար քրտինքը եւ պատրաստ ենք պահպանելու անոնցմէ մեզի փոխանցուած աւանդութիւնները»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ կոմիտէին, քաղաքապետութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին մասնաճիւղին` յառաջ տանելու մարդասիրական գործը: Ապա ան ներկայացուց եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հաղորդավար` Նաթալի Քենտիրճեանը եւ  Մուսա Լերան բարբառով անոր ընկերացող` Վարանդ Տումանեանը:

Նաթալի Քենտիրճեան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի 200 անդամուհիներու անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք Վարանդ Տումանեան Մուսա Լերան հարազատ բարբառով ողջունեց ներկաները: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Ասմունքով ելոյթ ունեցան Շուշիի մէջ ասմունքի մրցանակակիր փոքրիկն  Պարոյր Ղուկասեանը եւ Քնար Գամպերեանը, պարերով` Ժիրօ Քեչեճեանի աշակերտներն ու Ազգ. Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը,  երգերով` երգչուհի Սիլվա Քեչեճեանը, Պօղոս Տօնիկեանը, Մարիա Աբէլեանն ու Նազանի Ադամեանը, իսկ նուագով` Լիլիթ Աբրահամեանը, Յասմիկ Այնթապլեանն ու Գէորգ Տէր Սարգիսեանը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեանը, որպէսզի արտասանէ իր խօսքը: Ան ըսաւ. «Այս օրը մեզի կ’ընծայէ նորոգելու զոհաբերութեան մեր կամքն ու գոյատեւման պայքարը, հպարտ ենք, որ յանձնառութեամբ ամուր կը պահէք ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին այս մասնիկը, իրարու հանդէպ զօրակցութեամբ եւ գուրգուրոտ վերաբերմունքով է, որ կը յաղթահարենք դժուարութիւնները եւ կը կերտենք մեր ապագան»:

Ապա գիւղի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան արտասանեց իր խօսքը: Ան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կամաւոր աշխատանքը` լաւագոյնս կազմակերպելու այս երեկոն: Ան դրուատելով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը` ըսաւ. «Այնճարի մէջ չկայ ընտանիք մը, որ չէ օգտուած  մասնաճիւղի ծառայութիւններէն, Լիբանանի մէջ չկայ հայ ընտանիք մը, որուն մէջ չէ թափանցած  Շրջանային վարչութիւնը` իր մասնաճիւղերով, աշխարհի մէջ չկայ հայ ընտանիք մը, որուն չեն հասած ՀՕՄ-ի բարիքները»:

Յայտագրի աւարտին շրջափակը թնդաց շուրջպարերով:

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի (Նորաշէն) վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գաթարճեան բարի գալուստ մաղթեց:

Ձեռնարկին դասախօսեց Անժէլ Մելքոնեանը, որ խօսեցաւ քաղցկեղ հիւանդութեան մասին, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մէջ: Շինիչ դասախօսութեան յաջորդեց ճաշի հիւրասիրութիւնը:

ԼՕԽ-ի «Անահիտ»  (Մար Եուսեֆ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին, մասնաճիւղի ակումբի «Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Դարբինեան  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Սիմոն Կոստանդինեան ձեռնադաշնակով հայկական մեղեդիներ նուագելով` ճոխացուց ձեռնարկին մթնոլորտը: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ:

Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Օլկա Պրունսուզեան:

Ապա օրուան բանախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան խօսեցաւ «Ծնողք-զաւակ» յարաբերութիւններու մասին` շեշտը դնելով ծնողքի կարեւոր դերակատարութեան վրայ

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան, հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կայացաւ մտերմիկ հանդիպում մը թաղամասի ակումբին մէջ:

Հանդիպման նպատակը մասնաճիւղի անդամներուն եւ նորընտիր վարչութեան փոխադարձ ծանօթացումն էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն:

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ին: Մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Տէր Գէորգեան, կատարեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան շնորհակլութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս Անժէլ Մելքոնեանը որ խօսեցաւ կուրծքի քաղցկեղի հիւանդութիւնը յառաջացնող պատճառներուն, բուժման միջոցներուն եւ ինքնազննման ձեւերուն մասին:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ, եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած, 2016-2017 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2016-ին Հայաշէնի ժողովրդային տան սրահին մէջ,

ԼՕԽ-ի քայլերգը  ունկնդրելէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Վարչութիւնը ձեռնարկին տարբեր բնոյթ տալու նպատակով յարմար նկատած էր լսատեսողական միջոցներով Հայաստանի տեսարժան վայրերը ներկայացնել ներկաներուն: Առ Շ. Պաղտասարեան այդ նպատակով համադրած եւ պատրաստած էր տեղեկութիւններ եւ նկարներ` վանքերու, կոթողներու, յուշահամալիրներու, թանգարաններու  եւ գեղատեսիլ վայրերու մասին:

Ճաշի հիւրասիրութենէն ետք տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:

ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) վարչութիւնը ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ձեռնարկեց իր անդրանիկ հաւաքոյթին` նախաճաշի մը, որ կայացաւ «Էտկար Ակնունի» ակումբին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Մասնաճիւղի ատենապետի բացման խօսքէն ետք կատարուեցան ԼՕԽ-ական գիտելիքներու վերաբերող հարց ու պատասխան եւ այլ խաղեր: Շահողները ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Երգը, պարն ու ճոխ յայտագիրը ոգեւորեցին ներկաները: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 25 օգոստոս 2016-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը` դէպի Լիբանանի հարաւը գտնուող Սայտա քաղաքը: Մասնակիցները այցելեցին Կանայի եւ Մաղտուշէի Ս. Աստուածածին ուխտավայրերը, ապա ճաշեցին Ժսնայա գիւղին «Մխթար» ճաշարանին մէջ:

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը` դէպի Պեքաա: Մասնակիցները Պաալպեքի, «հանգստեան» ճաշարանին մէջ կատարեցին իրենց նախաճաշը: Այցելեցին Պաալպէքի բերդ, Սէյիտեթ Պըշուէթ սրբավայր, որմէ ետք ճաշեցին Այնճարի «Արեւ» ճաշարանին մէջ:

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ  պտոյտով մը` դէպի Լիբանանի Պեքաայի շրջանը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 սեպտեմբեր 2016-ին:  Մասնակիցները այցելեցին Զահլէի Սուրբ Աստուածամայր եկեղեցին, «Քսարա» գինիի գործարանը, Թաանայէլի ագարակը եւ ճաշեցին Այնճարի գեղատեսիլ «Ռազմիկ» ճաշարանին մէջ:

ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը` դէպի Լիբանանի հարաւային շրջան:

Մասնակիցները այցելեցին Մաղտուշէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Մլիթայի թանգարանը, որմէ ետք ճաշեցին Հասպայայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը`  դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2016-ին:

Մասնակիցները այցելեցին Տէյր Մխալլես եւ Մաղտուշէի Սէյիտեթ Մանթարա սրբավայրերը, ապա ուղղուեցան դէպի Մլիթայի թանգարանը: Շրջապտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ Հասպայայի «Պհսասա» ճաշարանը:

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ «Ծանօթացման հանդիպում»-ով մը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>