Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13497

Գործնական Առաջարկ

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

apo_112216

Հայոց բանակի նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու հիմնադրամին օրինագիծը առաջին ընթերցումով հաստատուեցաւ, բայց կը թուի, որ տակաւին հնարաւորութիւն կայ զայն բարեփոխման ենթարկելու:

Իշխանութեան գլուխ կանգնած ՀՀԿ-ի ղեկավարներէն Վահրամ Բաղդասարեանը երէկ ակնարկած է պարտադրելու բաժինը օրինագիծէն հանելու մասին` զայն փոխարինելով կամաւոր նուիրատուութեան բանաձեւումով: Այդ պարագային, Ազգային ժողովին կողմէ հաստատման հարցը անիմաստ կը դառնայ:

Կասկած չկայ, որ պետութեան հնարաւորութիւններէն վեր է նահատակ եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելը: Ուրեմն համաժողովրդական մասնակցութեան լուծումը պէտք է անպայմա՛ն գտնել: Սփիւռքի մասնակցութիւնը կազմակերպելու խնդիրը կը մնայ հարց, պարզ այն պատճառով, որ մենք վարժուած չենք փոքր, բայց կանոնաւոր նուիրատուութիւններ կատարելու:

Այս հարցը պէտք է լուծել: Մեծ նուիրատուութեանց պարագային, իբրեւ շահագրգռող ազդակ, գոնէ արեւմտեան աշխարհի եւ մանաւանդ Ամերիկայի տարածքին, նուիրատուներուն հարկային զեղչեր ապահովելու կարելիութիւնը մի՛շտ կը մատուցուի, որուն համար ալ կարեւոր է բարեսիրական միութեան մը ճամբով կատարել փոխանցումը:

Այս պարագային, նկատի առնելով, որ համաժողովրդային տարողութիւնն է, որ ցանկալի է եւ կը հետապնդուի, կարելի է ուղղակի փոխանցման ճանապարհ մը ստեղծել: Այսինքն, ինչպէս եղաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, հաստատել այդ յատուկ հիմնադրամին դրամատնային հաշուեհամարը, ծանուցել զայն աշխարհով մէկ` զուգահեռաբար ստեղծելով «քրետիթ քարտ»-ով վճարում կատարելու հնարաւորութիւնը: Նուիրատուները կրնան կարգադրել, որ իրենց ամսական քսան, երեսուն, յիսուն տոլար կամ աւելի գումարները փոխանցուին հիմնադրամին: Հարկային զեղչն ալ, այս պարագային, թող չըլլա՛յ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13497


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>