Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

17 Նոյեմբերը Ծխելէ Հրաժարելու Միջազգային Օր Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

stop_smoking_111716

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ուսումնասիրութեան արդիւնքներով` աշխարհի վրայ 6 վայրկեանը անգամ մը ծխախոտի մը պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններէն մարդ կը մահանայ: 17 նոյեմբերը ծխելէ հրաժարելու միջազգային օր է:

Վերջին տասը տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տղոց մօտ առկայ է ծխախոտի օգտագործման նուազելու միտում: Կիներուն պարագային ծխելը աւելի տարածուած է մայրաքաղաք Երեւանի, քան մարզերուն կամ գիւղական շրջաններուն մէջ: Դեռահասները կը սկսին ծխել 16-17 տարեկանին, երբ անոնք ծնողքի տիրապետութեան տակէն դուրս կ՛ելլեն եւ կը սկսին ինքնուրոյն կեանք վարել:

world-no-tobacco-day_111816Ծխող տղոց վաղաժամ մահուան վտանգը, բաղդատելով չծխողներուն, 2-3 անգամ բարձր է, իսկ կիներունը` 1,3-1,9 անգամ: Վտանգը հետզհետէ կ՛աւելնայ գլանիկներու քանակի յաւելման եւ ծխախոտի օգտագործման տեւողութեան երկարաձգման համաձայն:

Ծխողներուն մօտ թոքի քաղցկեղի վտանգը 12 անգամով աւելցած է, սրտի կաթուածի, ուղեղային եւ երակներու վերաբերող հիւանդութիւններու վտանգը 50 առ հարիւրով: Թոքերու մնայուն խցուած ըլլալու հիւանդութիւններէն մահացողներուն 80 առ  հարիւրին պատճառը ծխախոտի գործածութիւնն է:

Ծխախոտի օգտագործման տարածուածութեան եւ անոր զուգահեռ առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները կանխարգիլելու նպատակով Հայաստանի մէջ տարբեր ձեւեր, օրէնսդրական սահմանափակումներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին:

Հայաստանի մէջ ծխելու դէմ պայքարելու քարոզչութիւնը բնակչութեան տարիքային բոլոր խումբերուն ուղղուած է, անիկա առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մշակուած եւ կատարելու գործուած Առողջ ապրելակերպի ռազմավարութեան կարեւորագոյն բաղադրիչն է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles