Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Տիգրան Թամիրեան Մուշտակագո՞րծ, Թէ՞ Գեղանկարիչ

$
0
0

Dikran-Tamirian_10-21-15

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Վերջերս շշուկ մը սկսած է տարածուիլ, թէ մուշտակագործ Տիգրան գծագրութիւն ալ կ՛ընէ եղեր եւ ցուցահանդէս ալ պիտի տայ եղեր: Ծանօթներ, զարմացած, այս լուրը կը փոխանակէին իրարու:

Ես ինքս ինքնավստահ կ՛ըսեմ` «Այո՛»: Տիգրանը երկուքն ալ է:

1952-ին էր, որ ծանօթացայ Տիգրանին, իր բարեկամ Ֆարաճեանի միջոցով, որ ճարտարապետութիւն կ՛ուսանէր ԱԼՊԱ-ի մէջ, երբ ես քանդակագործութիւն կ՛ուսանէի:

Ֆարաճեան յայտնեց, որ իր բարեկամ Տիգրանը կ՛ուզէր բարձրաքանդակ մը իր սալոնին մուտքին:

Ծանօթացայ Տիգրանին: Դասական գործ մը կ՛ուզէր: Համաձայնեցանք 200 լ.ո.-ի, բայց երբ բարձրաքանդակը պիտի զետեղէինք, հարց մը ծագեցաւ: Ո՞վ պիտի վճարէր շրջանակին գինը, որ կը յիշեմ 10 լ.ո. էր: Չեմ յիշեր վճարողը ե՞ս եղայ, թէ՞ ինք` Տիգրանը:

Այդ իմ առաջին ապսպրանքս էր, եւ հոս վերջ գտաւ մեր կարճատեւ բարեկամութիւնը, երբ ես մեկնեցայ Փարիզ` ուսումս շարունակելու:

Տարիներ ետք, երբ վերադարձած էի Լիբանան, օր մը դասընկեր Սարգիսին հետ ելանք Ֆարայա` չմշկելու: Գիշեր էր, լուսնի լոյսով կը սահէինք փափուկ ձիւնին վրայ:

Յանկարծ դասընկերս` Սարգիսը ըսաւ.

– Զաւէն, բարեկամ մը ունիմ, որ ծանօթացեր է քեզի ժամանակին, կ՛ուզէ քեզ տեսնել:

Տիգրանն էր, եւ այդ օրէն մինչեւ այսօր մնացինք բարեկամներ եւ կը բնակինք նոյն շրջանը` Պել Վիւ: Տիգրան շատ յաճախ կը կրկնէ.

– Զաւէն, այսքան երկար ապրիլս քեզի է, որ կը պարտիմ: Դուն պատճառ եղար, որ տուն մը շինեմ Պել Վիւի մէջ, հեռու` Պէյրութի ժխորէն, ապականած օդէն, այսօր այդ քաղաքը վերէն է, որ կը դիտեմ:

– Այո, Տիգրան, ինչպէս ամէն ինչ վերէն է, որ կը դիտես: Եղաւ պատասխանս:

1962-1963 թուականներուն էր, որ Տիգրան փափաք յայտնեց, որ կ՛ուզէր գալ սթիւտիոս բնորդներ գծելու: Այդ փափաքը իրականացաւ, եւ որոշեցինք ամէն երկուշաբթի երեկոները յատկացնել գծագրութեան: Յաճախ մեզի կ՛ընկերանային ուրիշ գեղանկարիչներ ալ:

Երկուշաբթի օր մը, երբ բնորդին հանգիստի ժամն էր, Տիգրան դարակէն գծագրութեան տետրակ մը հանեց եւ սկսաւ թերթատել:

– Զաւէն, այս տգեղ գծագրութիւնները ո՞վ գծած է:

– Տիգրան, դուն գծած ես:

– Ե՞ս, այսքան տգեղ գծած եմ:

– Այո, դուն, երբ տարի մը առաջ սկսած էիր գծել: Տե՛ս, այսօր որքան յառաջդիմած ես: Նոյն բանը պիտի ըսես գալ տարի` այսօրուան գծածներուդ համար:

Շատ յաճախ Տիգրան կ՛ուշանար:

– Տիգրան, մոտելը եկած է, ե՞րբ պիտի գաս:

Եւ միշտ նոյն պատասխանն էր.

– Թող մերկանայ, կու գամ կոր:

Եւ այսպէս, տարիներ ամբողջ շըմինէի եւ դասական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, իւրաքանչիւր երկուշաբթի երեկոները կը գծէինք, յետոյ կ՛երթայինք իտալական ծովեզերեայ ճաշարանը համեղ ճաշեր ճաշակելու:

Տիգրան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս, երբ Փարիզ կը գտնուէր, չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան, կ՛երթար Փարիզի օփերան եւ ինչ-ինչ ճարպիկութիւններով,  ձեռքը մեծ տետրակ մը բռնած կը յաջողէր մտնել պարուհիներու, պալըրիններու սրահը, ուր փորձ կ՛ընէին: Պարուհիները կը զարմանային, երբ կը տեսնէին Տիգրանը, թեւին տակ մեծ տետրակով մը, կը մօտենային հետաքրքրութեամբ Տիգրանին.

– Ինչ է, պարոն, մեզի գծելո՞ւ եկած էք:

– Այո, ես ալ Տեկային պէս պարուհիներ կը սիրեմ գծել:

Պարուհիները կը սկսէին պարել եւ Տիգրան կը փորձէր գծել զանոնք, աւելի ճիշդ` կը ճգնէր գծել փորձելով:

Աղջիկները կը մօտենային տեսնելու այդ անծանօթին գծագրութիւնները: Տիգրան յաճախ ըսած էր.

– Ես ալ Տեկային պէս կը գծեմ:

– Բայց պարոն, ձեր գծագրութիւնները շատ չեն նմանիր Տեկայի գծագրութիւններուն:

– Այո, ճիշդ է: Իմս Տեկային մոտեռն տեսակն է:

Աղջիկները իրար նայելով կը հեռանային մոտեռն Տեկայէն:

– Տիգրան, կը հաւատայի՞ն ըսածներուդ:

– Չեմ կարծեր, անոնք ալ ինծի չափ կը հաւատային կարծեմ:

Ունեցանք հոլանտացի բնորդ մը, որ ոչ միայն գեղեցիկ էր մարմնով, այլ այնպիսի կեցուածքներ ունէր, որ կարծես մեծ արձանագործի մը մէկ քանդակը ըլլար: Մենք մեծ յափշտակութեամբ կը գծէինք եւ չէինք ուզեր, որ ուրիշ մը փոխարինէր զինք: Անունը Թոփսի էր, եւ օր մըն ալ անակնկալ կերպով, առանց լուր տալու բացակայեցաւ, եւ մենք վերջնականապէս կորսնցուցինք զինք: Թոփսի դարձած էր հաշիշամոլ մը: Իրենց երկրին համար բնական երեւոյթ էր այդ վիճակը, սակայն Լիբանանի համար` ոչ: Թոփսի նետուած էր Ասֆուրիէ հիւանդանոցը եւ աւելի ուշ մահացած: Կորսնցուցինք այդ անփոխարինելի բնորդը:

Տիգրանին գծագրութիւնները հետզհետէ կ՛աճէին ու կը մօտենային փրոֆեսիոնալ գեղանկարիչի մը գործերուն: Աւելի՛ն. Տիգրան սկսած էր ոճաւորել իր գծագրութիւնները եւ զգալի էր, որ Տիգրանի համար բնորդը, մարմինը նպատակ մը չէր, այլ միջոց մը, ինչպէս պիտի տեսնէք:

Հանգիստի ժամն էր: Սովորաբար կը դնէինք մեր գծագրութիւնները սեղանիս վրայ եւ կարծիքներ կը փոխանակէինք: Այդ օր Թորոսն ալ ներկայ էր,  ջրաներկի մեծ վարպետը:

Տիգրան դառնալով Թորոսին կատակով մը ըսաւ.

– Թորոս նայէ՛ գծագրութիւններուս, չե՞ս կարծեր, որ ես ալ արուեստագէտ եմ քեզի պէս:

Թորոս, որ բացառիկ հիւմըր ունեցող մէկն էր, շատ արագ պատասխանեց.

– Դուն արուեստագէտ չես: Դուն աղուէսագէտ ես:

Թորոսին ծանօթ էր, որ Տիգրան աղուէսի մորթերով ալ կը զբաղէր:

Եկաւ 1975-ը: Քաղաքացիական պատերազմը: Ամէն ինչ կանգ առաւ, եւ ոչ միայն դադրեցանք գծելէ, այլեւ աշխատանոցս ալ գրաւուեցաւ, եւ երբ օր մը Փարիզէն վերադարձած էի, ուզեցի այցելել  աշխատանոցս: Փորձեցի աշխատանոցին դուռը բանալ: Չբացուեցաւ: Անծանօթ մը ներսէն բացաւ դուռը:

Ուրեմն, հիմա մեզի կ՛իյնայ դիտել Տիգրանին մերկերը եւ զարմանալ, թէ ինչպէ՞ս մուշտակագործ մը կրնար միաժամանակ արուեստագէտ մը ըլլալ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>