Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Վկայութիւններ` Յովհաննէս Հելվաճեանի Մասին

$
0
0

f5298671-40e8-4d4b-b5a0-9fa21efb3a71-7

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կը ներկայացնէ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը: Այս առթիւ կը ներկայացնենք յայտնի մտաւորականներու վկայութիւններ` բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանի անցած թատերական ուղիին մասին:

Երեսունհինգ տարիներու վրայ կարճ կամ երկարաշունչ թատրերգութիւններ բեմադրած ուժ մըն է Յովհաննէս Հելվաճեան:

Բեմադրութիւններէն ոմանք յաջող ընթացք մը ունեցած են ու ծափահարուած: Ուրիշներ` նուազ յաջող: Ինծի համար կարեւորը այդ չէ սակայն, կարեւորը իր կոչումին հաւատարմութիւնն է, որ անպակաս եղաւ իր մօտ: Ու երբ կայ այդ հաւատարմութիւնը, անակնկալ յաջողութիւններով դեռ շատ ականատես կ՛ըլլայ թատերասէր հասարակութիւնը:

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

Յովհաննէս Հելվաճեան:

Զինք ճանչցայ թատերախաղի մը փորձերու ընթացքին, երբ տակաւին նոր էր դուրս ելած պատանեկութենէն: Յովհաննէս կը զատորոշուէր միւսներէն. մշակոյթը իրեն համար սրբութիւն էր:

35 տարի ետք:

Մարդը, որ տակաւին կ՛ապրի ու կը շնչէ թատրոնով, գրականութեամբ ու նկարչութեամբ: Բայց, հակառակ իր «մարդամօտ» երեւոյթին, ան հաշտ չէ մարդոց հետ, եւ խորքին մէջ Հելվաճեան կ՛ապրի թաքուն աշխարհի մը թեւերով պարուրուած, ուր շատ է երազը… շա՛տ, շատ: Այսչափ երա՜զ… մարդը կը հեռացնէ կեանքի իրականութենէն եւ ան` իր ներաշխարհին հետ կը դառնայ ըմբո՛ստ, քամիքա՛զ:

Լիբանանահայ թատրոնի քամիքազն է Յովհաննէս Հելվաճեանը: Քամիքազ մը, որ չի մեռնիր, չի յաղթեր եւ չի պարտուիր: Քամիքազ մը, որ սիրահարուած է գեղեցիկին, յուզումին եւ երազի՜ն…:

Ոչ ոք կրցած է սպաննել երազը:

ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

 

Յովհաննէս Հելվաճեանի
«
Կոմիտաս» Թատերախումբին
35-Ամեակին Առիթով

Բոլորովին առանձին թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը 1977-ին, լիբանանեան կեանքի պատերազմական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին:

Հիմնադրութենէն ասդին Լիբանանի հայ թատերասէր հասարակութեան ներկայացուցած է 70-է աւելի բեմադրութիւններ` իր շուրջ համախմբելով երիտասարդ ուժեր, որոնցմով իրագործէ իր թատերական վաստակը:

Որոշ գործերու բեմականացումն ալ ինք կատարած է, ինչպէս` Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»-ը, որ մեր մանկապատանեկան թատրոնին համար յաւելում մըն է:

Հայ դասական հեղինակներու բեմադրութեան հետ Մոլիերի «Ագահ» ու Շէյքսփիրի «Օթելլօ» բեմադրութիւնը յանդուգն քայլեր էին իր թատերական կեանքին մէջ:

Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը իր էջերուն կ՛արձանագրէ նաեւ անունը Յովհաննէս Հելվաճեանին եւ իր «Կոմիտաս» թատերախումբին:

Պ. ՍԻՄՈՆԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>