Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

$
0
0

4437810488_ba217e890f_f

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Հեռո՛ւ մեզմէ ազգայնամոլութեան կամ ազգային նեղմտութեան ու սահմանափակութեան ամէն տրամադրութիւն: Եւ թող ոչ ոք փորձուի այս իմաստով պաղապուր դասատուութեան ելլելու հայ ժողովուրդին, մանաւանդ հայ երիտասարդութեան, գերազանցօրէն աշխարհաքաղաքացիական ու անհատապաշտականութեան այս դարուն:

Նոր սերունդներու, նորահաս հայ երիտասարդութեան ազգային առողջ ու ամուր դաստիարակութիւնը հիմնական, նոյնիսկ ռազմագիտական խոր նշանակութիւն ունի յատկապէս մեր ժամանակներուն, երբ դրամատիրական եւ գաղափարախօսական զոյգ աշխարհակալութիւնները հաւասարապէս, թէեւ բոլորովին տարբեր ելակէտով, բայց այլասերիչ միեւնոյն ռազմավարութեամբ, դաստիարակչական ու քարոզչական ծաւալուն եւ բազմակողմանի արշաւի ձեռնարկած են, իրենց մեծապետական շահերուն եւ շահագործական դրութեանց ապահովման ի խնդիր, հիմն ի վեր խորտակելու համար ազգային բոլոր կառոյցները, առանձնապէս ազգային-ազատագրական ամէնէն արդար, յեղափոխականօրէն յառաջդիմական եւ յամենայնի՛ մարդկայնական շարժումները, միջազգայնութեան ու անհատապաշտութեան կեղծ ու ապականիչ նշանախօսքերով:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը պայծառամիտ ու լայնախոհ ոգիով, ընկերային առողջ գաղափարաբանութեան մը հրամայականին զուգահեռ, հայրենիքի եւ ազգի գաղափարը, ինչպէս նաեւ ազգային անկախ պետականութեան եւ ազգային մշակոյթի կերտման հանգանակը ուղեցոյց նշանաձողերը, նոյնինքն վէ՛մը կը կազմեն, պէ՛տք է կազմեն, ընդհանրապէս ազգային դաստիարակութեան, բայց մասնաւորաբար ազգային առողջ դաստիարակութեամբ տոգորուն երիտասարդութեան մը կերտումին:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles