Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» Թատերախումբը Վաղը Կը Բեմականացնէ «Կարմիր Ժամուց»-ը

$
0
0

Helvadjian_10-19-15Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը բեմադրէ եւ կը ներկայացնէ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ը (ազգային կեանքէ առնուած): Վիպակին բեմականացումը կատարած է բեմադրիչը: Տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, միայն մէկ ելոյթով, մասնակցութեամբ 12 դերակատար-դերակատարուհիներու:

Արփիարեանի այս գործը ինքնօգնութեան եւ ինքնապահպանումի, զարթնումի եւ զգաստութեան շեփոր է: Հարուստ` գաղափարներով, պատգամներով եւ ազգայնաշունչ տողերու թելադրութիւններով լի:

Հերոսը` Տէր Յուսիկ, «ինքնապահպանումի ամէնէն ազդու միջոցը ինքնօգնութիւնն է», կ՛ըսէ ու կը շարունակէ. «Կը վախնամ, որ շա՛տ անուշութիւնը մեղկացնէ մեր ժողովուրդը: Նայէ` մեր արօրները քաշողները եզներն են, գառնուկով արտ չենք կրնար հերկել: Մեր ազգային կեանքն ալ դաշտի կը նմանի, ուժով եզներու պէտք ունինք զայն հերկելու համար»:

Հելվաճեան Արփիարեանի գործին դիպուկ հատուածներն ու տեսիլները բեմականացուցած է ու իր ինքնուրոյն ոճով պիտի բեմադրէ ու ներկայացնէ լիբանանահայ թատերասէր հանդիսատեսին: Վիպակին միտք բանին շեշտելով տասներեք յաջորդական տեսիլներով (սկիզբ, զարգացում եւ աւարտ), ներկայացման երկրորդ հերոսին`  Հայրապետին ամէնէն ուժեղ պատգամը հետեւեալ տողերուն մէջ կը պարփակուի. «Չէ՛, տէ՛ր հայր, չէ՛, առ ասիկա, քեզի համար չէ, ժողովուրդին համար վառօդ, հրացան գնէ: Խոհեմութիւնը զէնքին մէջն է, որ ոչ սուր արցէ` սրով անկցի, ասիկա կարմիր ժամուց է»:

Հելվաճեան Արփիարեանի գաղափարներուն մէջ կը տեսնէ ու կը թափանցէ մեր գոյութեան եւ հզօրացման ու հողին կառչելու խիստ հրամայականը: Նիւթը կը զարգանայ նուիրումի, զոհողութեան եւ ինքնապաշտպանութեան կոչերով:

«Նիւթին գաղափարական խորքը երբեք ժամանակավրէպ չէ», կ՛ըսէ Հելվաճեան, իր այժմէականութիւնը պահելով` ան այսօր ալ նոյնքան եւ թերեւս աւելի հզօր կը հնչէ: Քանի հայուն թշնամիները տակաւին չեն ընդունիր ու չեն խոստովանիր իրենց նախնիներուն կատարած ճիւաղային սպանդներն ու ցեղասպանութիւնը:

Այսօր մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարը աւելի բարձր ձայնով պիտի շարունակուի` մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն հատուցումը եւ ձեռքբերումը:

Քանի կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, կ՛ապրին իր մէջ ազգային վեհ տեսլականներ, մեր սրտին, մտքին ու էութեան մէջ շաղախուած ու քանդակուած է հայրենի հողը, կ՛ըսէ Հելվաճեան ու պատրաստ է հնչեցնելու զանգը «Կարմիր ժամուց»-ին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles