ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Հին ու ծանօթ խօսք է.- Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի: Մեզի համար ալ միակ պայմանադրական տուեալը այս է ահա, – ամէն ուղի, ամէն միջոց պէտք է մեզ առաջնորդէ Հայ դատի լուծման: Եւ նուիրական են այն բոլոր ուղիները, որ մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի մե՛ր Հռոմը: Իսկ այս ճանապարհին վրայ աջ կամ ահեակ ամէն խոտորում մերժելի է պարզապէս:
Մերժելի է, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ կը դառնան հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը, հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ: Էականը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնն է միշտ եւ այս էականը կը կազմէ մեկնակէտը ամէն բանի:
Ոչ մէկ քաղաքական արեւելում, ոչ մէկ ուղղութիւն, ըստ ինքեան, նախապայման է: Նախապայմանը մեր հիմնական շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնն է: Այդ շահերուն ու ձգտումներուն հաւատարմութիւնն ու անշեղ հետապնդումը ամէ՛ն ատեն, ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն ձեւով: