Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 25-Ամեայ «Այո՛»-ն

$
0
0

hayrenik_92316

21 սեպտեմբեր 1991-ի «Այո՛»-ն արդէն իսկ բոլորած է իր 25-ամեակը:

Միահամուռ «Այո՛» մըն էր, որ հայորդին պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ վերստին անկախ հանրապետութիւն հռչակելու հանրաքուէի հարցումին:

Կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր, համեմատած` արեան գնով բերուած 28 մայիս 1918-ի անկախութենէն:

Գրեթէ փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւնը, եւ այդ օրերու ղեկավար Գորպաչովը համոզուած չէր, որ կրնար կանգուն պահել խարխլած կառոյցը: Սակայն, հակառակ ասոր, կեդրոնական իշխանութիւնները որոշած էին համամիութենական հանրաքուէ մը կազմակերպել, որպէսզի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ձայնով եւ ընտրանքով պահպանուի բազմազգեայ Խորհրդային Միութիւնը:

Լուծում չկար: Կառոյցը փուլ եկած էր:

Հայաստանի այդ օրուան իշխանութիւնները, քայլ մը աւելի առջեւ երթալով, ամենայն ինքնավստահութեամբ, որոշած էին Խորհրդային Միութենէն անջատաբար Հայաստանի անկախութեան ընտրանքի հարցը ներկայացնել հայրենի հայութեան հանրաքուէի հաւանութեան:

Եթէ Մայիս 28-եան անկախութիւնը հայորդիի մարտունակ ոգիին կը պարտինք, ապա սեպտեմբեր 21-ի անկախութիւնը կը պարտինք անոր գիտակից յանձնառութեան:

Անգամ մը եւս տեղին է կրկնել, թէ վճռական ճակատամարտերով չկերտուեցաւ վերանկախացումը, այլ` Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան եւ վերականգնման հանրաքուէով: Յաջորդող տարիները ցոյց տուին, թէ դիւրին չէր անկախութիւն պահելն ու շարունակ զօրաւոր հիմերու վրայ պահելը:

Հետեւողական ձեւով աշխարհաքաղաքական ճնշումներ հայրենի տարածաշրջանէն ներս, վտանգաւոր եւ նոյնիսկ պայթուցիկ կացութիւններ կը ստեղծեն:

Դեռ վերջերս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը փաստեց, թէ որքա՛ն թանկագին է հայորդիին կապուածութիւնը հողին:

Այսպէս, շրջանէն ներս դիմադրելով ամենատիրութիւն ձգտող Անգարայի եւ ագահ Պաքուի, 25-ամեայ «Այո՛»-ի ետին կանգնող հայորդին փաստեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումն ու հայրենիքին ամուր կապուածութիւնը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է: Ունեցանք կորուստներ եւ ձախողութիւններ, նաեւ արձանագրեցինք յաղթանակներ եւ յաջողութիւններ:

Այս ձգուած անկախութիւնը հզօր ուժ մըն է, հպարտութիւն մը, իրաւունք մը եւ դեռ աւելին` լուրջ պատասխանատուութիւն մը:

Միայն Հայաստանին տօնը չէ, այլ նաեւ` ամբողջ հայութեան, որ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէ ժամանելով` շարունակ նեցուկ կը կանգնի հայրենիքին:

Բոլորն ալ միասնաբար երբեք չեն մերժած եւ պիտի չմերժեն հայրենի քաջարի բանակն ու պետական կառոյցները ամրացնելու, ընկերային պայմաններն ու մշակոյթը ծաղկեցնելու եւ շարունակ «Այո՛» կանչելու հայրենաշինութեան եւ անկախ Հայաստանի նուիրական գործին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>