ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Քաղաքականութիւնը փոխզիջումի արուեստ է:
ՌԻՉԸՐՏ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
(Շրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն)
Պահ մը զանց առնելով ներհայաստանեան քաղաքական կեանքի յարափոփոխ իրավիճակը, պետական համակարգին մէջ տեղի ունեցող նորովի դասաւորումները, սահմանադրական թէ քատրային հարթակի վրայ հետագային կատարուելիք բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ` քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորելու մեքանիզմի առաջադրանքները, յոբելենական այս պատեհ առիթին հարկ է լոյսին բերել հետեւեալ յոյժ կարեւոր եւ մեզ չարչրկող հարցադրումը, թէ արդեօք հայութիւնը ատա՞կ է, կարողութիւն ունի՞ պահելու եւ պահպանելու իր նորանկախ հայրենիքը:
Հաւանաբար առարկուի, որ հայրենիքը պէտք չէ շփոթել պետութեան հետ, այն առումով, որ կայուն, խաղաղ, անկախ, զարգացած, ուժեղ, յառաջադէմ, ինքնիշխան եւ խոստմնալից պետականութիւն ունենալու համար ժամանակի գործօնը աւելի քան կարեւոր է, որովհետեւ դարեր շարունակ պետականութենէ եւ քաղաքական մտածողութենէ զուրկ հայութիւնը պարտաւոր է հաշուի առնել նման գոյավիճակ:
Ըստ երեւոյթին, հաւաքական մեր կեանքի իւրաքանչիւր օր, որ կ՛առնչուի հայութեան, պէտք չէ ծանրաբեռնել յաւելեալ աշխատանքի եւ պահանջներու պարտադրանքներով (իմա` հեռակայ ծրագիրներու մշակումով):
Այսինքն` 24 ժամուան աշխատանքը քառապատկելու բանիմաց մօտեցումը (հարիւրամեայ մեր ունեցած կորուստին դիմաց) նկատել չափազանցութիւն, եւ հաւաքական կեանքի հունաւորումը թողնել կրաւորականի, շահամոլի, մենաշնորհի շրջանակներու քմահաճոյքին յանձնուած:
Այլ խօսքով, հակառակ 21-րդ դարու սրընթաց եւ անկանխատեսելի մարդկային արհեստագիտական թէ բազում բնագաւառներու զարգացումներուն, բաւարարուածի զգացողութեամբ ու հանդարտաբարոյ հոգեկան դրուածքով մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, մէկ կողմէ ցոյց տալով խոհանոցային հայրենասիրութիւն, եւ միւս կողմէ առիթ շնորհելով հայրենի իշխանութիւններու ըստ կամս վարուելու հայ պետական կարգ ու սարքին հետ, թալանելու ամէն հարստութիւն, զարկ տալու հովանաւորչութիւններու, փտածութեամբ վարակելու շրջապատ մը ամբողջ, հայութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգին` հայրենալքումին դիմաց, պարզապէս սին խօսքեր, ճառեր ու լոզունգներ վաճառելու, աւելի՛ն. հայութիւնը ճնշող գոյապայքարին եւ արցախեան գերխնդրին շարունակութեան դիմաց մնալու ձեռնածալ ու յանձնապաստան:
Ի դէպ, շփոթի տեղիք չտալու մտասեւեռումով հարկ է յստակացնել երկու հիմնական հայեցակարգ, թէ ժողովրդական պահանջներու իրաւացիութիւնը, արդար պոռթկումներն ու կեցուածքները պէտք չէ գերադասել հայրենիքի կորուստին, եւ երկրորդ` երբեք պէտք չէ նսեմացնել հայ իրականութեան մէջ առկայ քաղաքական-կուսակցական, միութենական-բարեսիրական աշխատանքները, որոնք հաւատարմօրէն կը տարուին յանուն հայրենիքի ու պետականութեան ուժեղացման եւ բարգաւաճման:
Իսկ այն վիհը, որ գոյութիւն ունի ժողովուրդ-իշխանութիւն հարթակին վրայ, պէտք է ընդունիլ իբրեւ անառարկելի փաստ` անոր նկատմամբ ցուցաբերելով լրջախոհի եւ քաղաքական մտքի ունակութիւն:
Արդարեւ, ճիշդ է, որ քաղաքականութիւն հասկացողութեան տրուած են բազում բանաձեւումներ եւ մեկնաբանութիւններ, այսուհանդերձ, փորձագէտին վերոնշեալ հաստատումը կը բովանդակէ նաեւ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական բացատրութիւն, որ կը վերաբերի ներազգային կեանքի մէջ քաղաքական մտքի, մշակոյթի եւ արուեստի հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
Այլ խօսքով, պետական համակարգի ձեւաւորումն ու ընկերա-տնտեսական բնագաւառներու մէջ կայունութիւն ստեղծելու հրամայականը` եթէ մէկ կողմէ կ՛ենթադրէ գիտականութեամբ յագեցած գործընթացներու որդեգրում, ժողովուրդ եւ իշխանութիւն փոխադարձ ընկալում, միւս կողմէ ալ փոխզիջումի յստակ ու վաւերական արտայայտութիւններու հիմք պէտք է ծառայեն սահմանադրական տրամադրութիւններու, դատական օրէնքներու եւ իրաւական կանոնադրութիւններու անշեղ գործադրութիւնը:
Աւելի՛ն. արդի պետութիւններու հզօրացման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան ամէնէն ապահով ճանապարհը հաւաքական կեանքի թէ անհատի արժանապատուութեան տիրութիւն ընելու հաւատոյ հանգանակն է եղած, իբրեւ լաւագոյն ապացոյցը ինքնաղեկավարման եւ պետականաշինութեան:
Այո՛, արժանապատուութիւն, որ ըլլալով բարոյագիտական ըմբռնում եւ ուսմունք, խորքին մէջ ժողովրդավար կարգերու եւ ընկերվար գաղափարներու հաստատման հիմքը կը կազմէ, քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ աշխարհին մէջ` անհատական եւ հաւաքական դերակատարութիւն եւ առաքելութիւն ունենալու հեռանկարով:
Մէկ խօսքով հայ պետականութիւնը, որ արդէն 25-ամեայ փորձառութիւն վաստկած է, արդեօք վերոնշեալ հաստատումներուն լիցք տալու հարկադրանքին տակ գտնուա՞ծ է, որպէսզի հայութիւնը զերծ պահէ ներքին ու արտաքին ցնցումներէ:
Քաջատեղեակ ենք, որ ամէնէն զարգացած պետական համակարգերն անգամ կը դիմագրաւեն նորովի մարտահրաւէրներ եւ կ՛արձանագրեն անթիւ բացթողումներ ընկերային-հասարակական կեանքի բարելաւման մէջ` միշտ ձգտելով լաւագոյնին եւ արդիւնաւէտին: Այս առումով ա՛լ ի՜նչ խօսք նորահաստատ պետութիւններու…
Առանց ստորակայութեան բարդոյթի ընդգծենք, որ մենք մեզի նման գոյավիճակի մը զոհերը ուզեր ենք տեսնել, յաճախակի ինքնարդարացումներու տարափին, ինչպէս նաեւ` խաբկանքի ու պարտուողականութեան գերին դառնալով:
Այդուհանդերձ, գոյութիւն ունի քաղաքական վարքագիծ մը, որուն մասին հարկ է ճակատաբաց արձագանգել եւ ըսել ամէն ինչ, որ կը պղտորէ մեր ազգային ու պետական կեանքի յառաջընթացը:
Խորագիրին մէջ յիշուած է մեր երկրի նախագահին այն գողտրիկ արտայայտութիւնը, որ կը վերաբերի քանի մը ամիս առաջ Երեւանի մէջ պատահած զինեալ միջադէպին, նման պոռթկումներ նկատելով «ռոմանթիզմ»: Յիշած ենք այս բառը, որովհետեւ իրերայաջորդ իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է եղած աւելի քան քսան տարիէ, երբ երկրի մէջ տիրող ահաւոր շահագործումներուն, կեղեքումներուն, անասելի աստիճանաչափի հասած աղքատութեան, բարձր մակարդակի փտածութեան եւ մենատիրական գործընթացներու հակադրուած են մակերեսայնութեան, անլրջութեան եւ խաչագողի մօտեցումներ:
Եւ երբ սրտցաւ գրիչներ, ազնուասիրտ գրողներ եւ մտաւորականներ, քաջարի փորձագէտներ, իրաւ արուեստագէտներ եւ դառնացած ժողովուրդ մը ամբողջ կ՛անդրադառնան առկայ վիճակին, կը փորձեն լոյսին բերել դէպի քանդում առաջնորդող իշխանութիւններու վարքագիծը, անոնց դէմ առաջին արձագանգողները կ՛ըլլան իշխանական լծակներ, նսեմացնելու եւ ի չիք հանելու դառնութեամբ յագեցած ամէն պոռթկում եւ պահանջատէրի կեցուածք:
Արդ, հայոց անկախութեան հռչակման 25-ամեակը պատեհ առիթ մըն է խորապէս անդրադառնալու ներազգային կեանքի թէ հայ պետական մտածողութեան զարգացման հոլովոյթին, անցած փուլերուն եւ առհասարակ հետագայ տասնամեակներու մեր պատկերացումներուն եւ առաջադրանքներուն:
Ճիշդ է, որ հայ մամուլի էջերուն մէջ (սփիւռ թէ Հայաստան) անպակաս են եղած հրապարակագրական, ուսումնասիրական եւ փորձագիտական վերլուծութիւններն ու յօդուածները, այդուամենայնիւ, հայ իրականութեան մէջ` պետական, քաղաքական ու ազգային մակարդակի, յամեցող են բացթողումները, սայթաքումները, խարխուլ գործելակերպերը, անհեռատես կողմնորոշումները, ապիկար եւ տխեղծ մօտեցումները, որոնց հիմնական պատճառը, եթէ մէկ կողմէ իշխանութիւնն է, ապա միւս կողմէ` հայութիւնն է իր բաղադրիչ մասերով:
Այո՛, աշխարհատարած հայութիւնը իր կարգին ունի յանցանքի բաժին, անոր երկու երրորդը կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս եւ կը վայելէ իր շրջապատի բարիքներն ու դառնութիւնները: Բարիքներ` արեւմտեան կողմն աշխարհի, դառնութիւններ` միջինարեւելեան քաոսացած երկիրներու մէջ:
Եւ այս պատկերին դիմաց ակնյայտ կը դառնան հայրենի պետական մտքի ու գործի հակասական վարուելակերպերը, զիլ ու անտեղի խօսքերը, տիրութիւն չընելու կամեցողութիւնն ու խախուտ կամքի դրսեւորումները:
Այս առումով ինքնախաբէութիւն է ըսել, թէ սփիւռքեան գաղթօճախներ իրենց ներուժին մեծ տոկոսն է եւ կամ պատկառելի նիւթական եւ բարոյական ներդրումն է, որ կը բերեն հայրենիքի կառուցման եւ պետականաշինութեան գործընթացին: Միշտ յարգելի եւ երախտագիտութեան արժանի են այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, օժանդակութիւններն ու անմնացորդ նուիրումը յանուն Հայաստանի գոյատեւման եւ բարգաւաճման:
Մատնանշումին պատճառը մէկ բառով կարելի է բնորոշել, արժանահաւատ հայրենիք ունենալու մեր երազանքը տակաւին կը գտնուի իր նախնական փուլին մէջ:
Դիպուկ է հարցադրել, թէ անսահման զոհողութիւններով Արցախ ազատագրած եւ մինչեւ մեր օրերը ազգային ազատագրական պայքար մղող հայութիւնը ինչո՞ւ կը խարխափի պետականաշինութեան իր գործընթացներուն մէջ, ինչո՞ւ կը տառապի ինքնաղեկավարման եւ ինքնորոշման իր ճակատագիրին տիրութիւն ընելու կարողութեան պակասէ, մինչեւ ե՞րբ անինքնավստահութեան փորձութիւնը պիտի հալածէ հայ քաղաքական միտքը, երբեւէ պիտի լսե՞նք, թէ հայ պետականութիւնը իր քաղաքական-դիւանագիտական մտածողութեամբ լծուած է ամուր հիմերու վրայ հաստատելու հաւաքական կեանքի ամէն պահանջատիրութիւն` դառնալով կռուանն ու յենարանը ազգանպաստ նախաձեռնութիւններու:
Երբ հայութիւնը համաշխարհային քաղաքակրթական հարթակներու վրայ ունի իր ինքնուրոյն տեղն ու դերը, կ՛արձանագրէ իր մշակութային առասպելական յաջողութիւնները եւ առանձնապէս աշխարհով մէկ կ՛արժանանայ գնահատանքի ու քաջալերանքի, ապա ինչո՞ւ նման հերոսական ոստումներ չի կատարեր հայ քաղաքական մտքի զարգացման եւ պետականաշինութեան մէջ:
Պատասխանը պարզ ու մեկին է. հայ քաղաքական վերնախաւի եսակեդրոն մօտեցումն ու հայրենիքին հանդէպ հաւատքի չգոյութիւնն է, աւելի՛ն. հայ նորահաս սերունդներու գիտական ու կրթական ներուժի մեղմ ասած անտեսումն է, ոչ լիարժէք գնահատումն ու արժեւորումը:
Արդարեւ, երբ պետական մտածողութենէն կը վրիպին եւ կամ կը բացակային նման աշխարհահայեացքներ, երբ սեփական ժողովուրդի մը աւելի քան 70 առ հարիւրը կը տուայտի աղքատութեան մէջ, երբ հայրենալքումը դեռ կը շարունակէ իր ընթացքը, երբ միջազգային դիւանագիտական տարբեր ոլորտներու եւ ատեաններու մէջ հայ պետական ներկայացուցիչներ իրենց իւրովի կամքն ու միտքը չեն պարտադրեր` հեռու մնալով նման ազդեցիկ շրջանակներէ եւ կառոյցներէ, երբ արհեստագիտական նուաճումներու փայլքով չեն առաջնորդուիր հայրենի գործարարական շրջանակներ` յանուն առեւտրական, գիւղատնտեսական թէ ճարտարարուեստի բնագաւառներու շուտափոյթ զարգացման եւ յառաջդիմութեան, երբ պետական կառոյցներու մէջ սերնդափոխութիւնը սոսկ խօսքի սահմաններուն մէջ կը թեւածէ, երբ հայ պետական համակարգը չ՛ուզեր ինքզինք տեսնել առաւել ապահով եւ մրցունակ կարգավիճակի մէջ, ա՛լ ինչ խօսք հեռակայ ծրագիրներու եւ ապագան դիմագրաւելու հրամայական պահանջներու մասին:
Այլապէս ալ հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք 25 տարիներու ընթացքին անկախացած Հայաստանը չունեցա՞ւ յաջողութիւններ, չարձանագրե՞ց նուաճումներ եւ կամ չունի՞ աւելիին ձգտելու կարելիութիւն եւ երազ:
Իրօք, անկախացած Հայաստանի գոյութիւնն անգամ մեծագոյն յաջողութիւնն է հայութեան համար, հայոց պետականութիւնը մեր դարերու երազանքն է, որ իրականութիւն դարձաւ, սակայն, եթէ երբեք հայութիւնը իր պետականութեամբ չկարենայ շրջանցել կրաւորականի մօտեցումն ու թոյլ կեցուածքի պահուածքը պիտի գտնուի աշխարհաքաղաքական ահաւոր փոթորիկներու դիմաց եւ զոհ դառնայ անկանխատեսելի իրադարձութիւններու: Նշուածին մեծագոյն փաստը արցախեան ճակատի թէ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններն են:
Միւս կողմէ, քաջ հաւատացողն ենք, որ հայութիւնն ու Հայաստան, իր Արցախ աշխարհով, ո՛չ միայն արագ զարգանալու հակամէտ է ու ունի հսկայական ներուժ եւ պատրաստակամութիւն, այլ նաեւ ունի քաղաքակրթական եւ գիտական այնպիսի պաշար եւ կարելիութիւններ, որոնց ճիշդ ու նպատակայարմար օգտագործումով հայութիւնը կրնայ շատ արագ նուաճել աշխարհաքաղաքական հարթակներ եւ կառոյցներ:
Կը մնայ դասեր քաղել սեփական պատմութենէն, տրամադրուիլ` յանուն հայրենիքի կայունութեան եւ յառաջդիմութեան, լաւապէս սերտել` մեր շրջապատի թէ ամենամօտիկ դրացիին պետական ու գիտական նուաճումները եւ գործել իբրեւ հայրենի պետականութիւն, որ տէրն է տասը միլիոն հայութեան:
Իսկ նման հրաշքներ կը կատարեն միա՛յն անոնք, որոնք ունին ինքնիշխան քաղաքական մտածողութիւն, ազգային արժանապատուութեան զգացողութիւն, պետականաշինութեան սուր հայեցողութիւն, հաւաքական համեստութիւն եւ համախումբ ապրելու առանձնայատկութիւն:
Արդ, ազգային արժէքներով յագեցած հայ պետականութիւնն է, որ պիտի կարենայ ինքզինք պարտադրել միջազգային հարթակներու վրայ եւ իր ազգին յաղթանակներ ապահովել: Ուրեմն, փոխզիջումն անգամ արուեստ է, եթէ անոր առանցքը հզօր ու արժանահաւատ հայրենիք կերտելու տեսլականն է:
Ինքնասրբագրութիւնը եւ ուրիշը լսելու նախանձախնդիր մօտեցումը գրաւական են ամէն նուաճումի: