Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Վեհոգի Հայը Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը (Վաղամեռիկ Սարգիս Մկրտիչեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

«Ինչ փոյթ կեանքին մեռնող,
Երբոր երազը կ՛ապրի,
Երբոր երազը անմահ է»:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Sarkis-Meguerditchian_10-17-15Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը ծնին անձեր, որոնք իրենց կարճ, սակայն խօսուն կեանքով յստակ պատգամ մը կը փոխանցեն: Արդեօք Աստուծոյ նախախնամութի՞ւնն էր, որ այսպիսի տիպարներ, մարդկային արժէքներով օժտուած մարդիկ վաղաժամ մեկնին այս կեանքէն` իրենց ետին ձգելով թերաւարտ երազներ եւ բազմաթիւ հարցականներ կեանքի փիլիսոփայութեան վերաբերեալ:

Տարօրինակ, սակայն բացարձակ իրականութիւն է, թէ վաղահասօրէն մեկնող անձերը գերհզօր ուժով մը օժտուած կը պայքարին կեանքին դժուարութիւններուն դէմ եւ կը խրախուսեն իրենց շրջանակը վարդագոյն ակնոցով դիտելու կեանքը:

Այս մտածումները ունեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը, պասքեթպոլի յանձնախումբը եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցին կորսնցուցին 29 գարուններ բոլորած նուիրեալ ու վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական եւ տիպար հայ Սարգիս Մկրտիչեանը:

Ան ծնած էր 1986-ին ու մեծցած Ղազար Մկրտիչեանի հայաբոյր ընտանեկան յարկին տակ: Երբ հասած էր կեանքին օրէնքին հետեւելու` ընտանիք կազմելու որոշումին դիմաց, անողոք հիւանդութիւնը եկաւ հարուածելու կեանքով եռուն այս երիտասարդին մարմինը: Սակայն կեանքին նկատմամբ Սարգիսին ունեցած բուռն հաւատքը մղեց զինք, որ իր կեանքի ընկերուհիին` Ծովակ Արապաղեանի հետ կազմէ իր ընտանեկան բոյնը: Անոնք բախտաւորուեցան մանչ զաւակով մը, սակայն իր երազները մնացին թերաւարտ` իր կանխահաս մեկնումով:

Սարգիսը իր կեանքին կարճ տեւողութեան կրցաւ սիրաշահիլ իր շրջանակին մեծին ու փոքրին սիրտերը, շնորհիւ բնաւորութեան բացառիկ յատկութիւններուն` ընկերասիրութիւն, ազնուասրտութիւն, դրական տրամադրութեան ներմուծում եւ վերջապէս անշահախնդիր ծառայութիւն իր այնքան սիրած կազմակերպութեան` ՀՄԸՄ-ի: Իր շրջանակին վկայութեամբ, ան հոգիով փարած էր ՀՄԸՄ-ին եւ իւրաքանչիւր նուաճում կ՛ոգեւորէր զինք, իսկ իւրաքանչիւր պարտութիւն կ՛ալեկոծէր իր հոգին:

Մարդկային արժանիքներով օժտուած այս երիտասարդը դեռ շատ երազներ ունէր իրագործելիք, կեանքին եւ ընտանիքին նկատմամբ պարտաւորութիւններ, որոնք իր կանխահաս մահով ընդհատուեցան:

Սարգիսին մահով այսօր կը սգան ոչ միայն իր ընտանիքը, հարազատները, ընկերները, այլեւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մեծ ընտանիքը: Կը մնայ մեզի իր խօսուն կեանքը իբրեւ յուշ եւ օրինակ մեր կեանքին ուղեցոյցը դարձնել:

Հոգիիդ նման սպիտակ եւ անուշաբոյր վարդեր` երիտասարդ հողակոյտիդ:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

 

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>