Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

Տեսակէտ. Այսօրուան Անցումային Վճռորոշ Օրերը Եւ Մենք…

$
0
0

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Այսօր աշխարհը իր հին շաւիղէն դուրս է սայթաքած… եւ կ’ընթանայ նոր շաւիղով մը, որ նոր որակի ազգայնականութեան շաւիղ մըն է, որ կրնայ առաջնորդել դէպի բնական եւ իրաւ համաշխարհայնացում, որ հիմնովին տարբեր է` կայսերապաշտութեան բարբարոսային համաշխարհայնացում-աշխարհակալութենէն եւ կը մերձենայ միջազգայնականութեան, որ կրնայ բացառիկ, պատմական աննախընթաց առիթ մը հանդիսանալ իրաւազրկեալ հայ ժողովուրդին, վերատիրանալու, գէթ մասնակիօրէն, իր պատմական իրաւունքներուն… Նոր ազգայնականութեան այս շաւիղը, սակայն,  խաղաղ պիտի չըլլայ չի կրնար ըլլալ եւ պիտի անցնի շրջանային փոթորիկներէ` Միջին Արեւելքի մէջ, որոնք արդէն ընթացքի մէջ են…

Անցումային այս վճռորոշ օրերուն սկիզբը ազդարարեցին, Ռուսիոյ մէջ, անկումը Ելցինի ամերիկեան սիոնափանթուրքական ժամանակավրէպ ռեժիմին, եւ վերելքը` Փութինի նոր ազգայնական ռեժիմին, եւ մայրամուտը` դրամատիրական Արեւմուտքին, 2008 թուականի Միացեալ Նահանգների դրամատիրութեան կառուցուածքային խորին տագնապով, որ ցնցեց տնտեսութիւնները այն բոլոր երկիրներուն, որոնք սա կամ նա չափով կապուած էին Միացեալ Նահանգների տնտեսութեան հետ: (Արեւմուտքի մայրամուտին ու վայրէջքին շուրջ տասնեակներով հատորներէն վերջինն էր Պրայըն Թ. Էտուըրծի (Brian T. Edwards) գիրքը` «Ամերիկեան դարաշրջանէն ետք. Միացեալ Նահանգներու մշակոյթին վախճանը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրով -After the American Century: the Ends of U.S. Culture in the Middle East, N.Y. 2016):

Եւ անցումային այս վճռորոշ տարիներուն շարունակականութիւնը հաստատեցին այն բոլոր նոր զարգացումները, որոնք արձանագրուեցան Լատին Ամերիկայի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ, վերջապէս, Եւրոպայի ցամաքամասերուն մէջ, որոնք աւետեցին միաբեւեռ աշխարհակարգի նահանջը` վերելք ապրող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին դիմաց: Լատին Ամերիկայի մէջ` տասնեակ մը երկիրներու ազատագրումովը ամերիկեան կայսերապաշտութենէն, եւ որդեգրումովը ընկերվարութեան հասարակարգին: Ասիոյ մէջ` Շանկհայի համագործակցութեան ուխտին կնքումով: Իսկ ասիական, ափրիկեան ու հարաւամերիկեան ցամաքամասերուն մէջ` ստեղծումովը Պրազիլի-Ռուսիա- Հնդկաստան-Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ միջցամաքամասային ՊՐԻՔԶ-ին: Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ Եւրոմիութեան տարանջատումին սկզբնաւորութեամբ` Մեծն Բրիտանիոյ անջատումովը Եւրոմիութենէն, եւ իր կարգին` տարանջատումով Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հաւանական անջատումովը իրմէ:

Եւրոպայի կայսերապաշտութենէն հզօրագոյն երկրին անջատումը Եւրոմիութենէն ցուցիչ մըն է Եւրոպայի մէջ դրամատիրութեան ընդհանուր քայքայումին ու ծայրայեղ յետադիմականութեան… զոր չի կրնար հանդուրժել անգամ հզօր Բրիտանիան, իսկ 2 Եւրոպայի տկար պետութիւնները, որոնք նոյնպէս անհանդուրժելի կը գտնեն յետադիմականութեան մակարդակը հոն, բայց տակաւին չունին ինքնավստահութիւնն ու յանդգնութիւնը դուրս գալու Եւրոմիութենէն: Բայց Մեծն Բրիտանիան փլեց այդ վախի պատը եւ Եւրոպայի տարանջատումի տոմինոն պիտի սկսի հաւանաբար մօտիկ ապագային: Այսօր կը փաստուի Մեծն Լենինի այն ախտաճանաչումը, թէ` «Դրամատիրական համակարգի օրով` Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներ ստեղծելու փորձը անկարելիութիւն մըն է, եւ կամ` յետադիմութիւն»: Որովհետեւ դրամատիրութիւնը կամ պառակտիչ է եւ կամ` ֆաշական, մասնաւորաբար իր նոր ազատական վայրի դրամատիրութեան հանգրուանին մէջ:

Տարանջատումներու եւ նոր որակի միաւորումներու կազմութեան այս համայնապատկերին վրայ խիստ նշանակալից է եւ ուշագրաւ նոր ազգայնական Գերմանիոյ եւ նոր ազգայնական Ռուսիոյ միջեւ մերձեցումը, զոր արգիլելու համար` ամերիկեան Սի. Այ. Էյ.ի թափած բոլոր ջանքերը եւ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները ապարդիւն մնացին, քանի որ նահանջի մէջ էր Միացեալ Նահանգներու միաբեւեռ աշխարհակարգը` իր դէմ ծառացող նոր բազմաբեւեռ աշխարհակարգին դիմաց, որուն աշխուժ ու շարժունակ լոքոմոթիվն է Փութինի նոր-ազգայնական Ռուսիան, եւ որուն հետ առանցք կազմած է ազգայնական Գերմանիան, առայժմ` ուժանիւթի ոլորտին մէջ:

Արդարեւ, վերջին երկու-երեք տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը ձեւաւորող ամերիկեան Սթրաթֆոր վերլուծական կեդրոնի հրեայ-սիոնական հիմնադիրը` Ճորճ Ֆրիտման, 2015 թուին, կեդրոնի Շիքակոյի ժողովին մէջ, բացորոշ կերպով խոստովանած էր, թէ` «Միացեալ Նահանգներու համար հիմնական եղած է եւ կը մնայ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ մերձեցումի ամէն փորձի խափանումը: Աւելի՛ն. հարկ է վարել այնպիսի քաղաքականութիւն, որ այս երկուքին շահերը միշտ հակադրուին իրարու …»:

Բայց արդէն 2012 թուին, այդ երկուքը,  ոտնահարելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, թէ՛ ամերիկեան եւ թէ՛ եւրոպական, համագործակցած էին, եւ շահագործումի դրած էին «Հիւսիսային հոսք 1» կազամուղի ծրագիրը` օգտագործելով Ռուսիոյ հումքային պաշարներն ու Գերմանիոյ թեքնոլոժիք կարողականութիւնները, եւ արդէն ձեռնարկած` «Հիւսիսային հոսք 2» ծրագրին, որ կը գերազանցէ առաջինը եւ պիտի աւարտի 2019 թուականին եւ շահագործումի դրուի:

«Հիւսիսային հոսք 1»-ը ծովու տակէն (Պալթիք) 1224 քմ երկարութեամբ կազամուղն է, որուն ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը կը ջանայ հակադրել, ամէն գնով, «Հարաւային հոսք»-ի ծրագիրը` ապաւինելով «Հարաւային հոսք»-ի այս շրջանի կայունութեան եւ իր զինակիցներուն` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Ղազախստանի, Թիւրքմէնիայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի գործակցութեան, բայց որոնք կը գտնուին ընդհանրապէս անկայուն եւ պատերազմական գօտիի մը մէջ, որուն անկայունութեան շարունակումը մինչեւ 2019 թ., կը նպաստէ ռուս-գերմանական առանցքի շահերուն: Եւ` Վրաստանը արդէն մասնատուած է, Ազրպէյճանը պատերազմի մէջ է Արցախի հետ, իսկ Թուրքիան ենթակայ է Քիւրտիստանով մասնատումի: Եւ ինչո՞ւ չըլլայ նաեւ` Արեւմտեան Հայաստանով, կամ` Արեւելեան Հայաստանի ընդարձակումով` եթէ հայերս գիտնանք օգտուիլ այս ոսկի առիթէն… Ուրեմն ռուս-գերմանական այս առանցքին ազգային շահերը կը համընկնին հայութեան շահերուն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մասնատումին մէջ… Նաեւ` փանթուրքիզմի վտանգին դէմ, որ կը սպառնայ նաեւ Ռուսիոյ ազգային շահերուն, Եաքութիայէն մինչեւ Չինաստանի ույղուրները… Բայց նաեւ` Գերմանիոյ ազգային շահերուն հետ… այլապէս` Գերմանիոյ Պունտըսթակը, 100 տարի լուռ ու մունջ մնալէ վերջ, յանկարծ 2016 թուի յունիսի 2-ին չէր աճապարեր ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իր ալ ձեռնպահութեան մեղքին հետ միասին, քանի որ այս ճանաչումը Թուրքիոյ մեծ դաշնակիցին կողմէ. աներկբայօրէն կ’առաջնորդէ Թուրքիոյ մասնատումին, որովհետեւ Գերմանիոյ ճանաչումը համազօր է Թուրքիոյ ճանաչումին: (Ի դէպ` ճիշդ ու ճիշդ 95 տարիներ առաջ, 2 յունիս 1921 թուին, գերմանական դատարանը ազատ արձակած էր հերոս վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանը` ճիւաղ Թալէաթի սատակումէն, որուն միակ շարժառիթն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը…): Եւ նշանակալից է նաեւ այն, որ վերջին երկու տարիներուն բազմացաւ թիւը այն գերման մտաւորականներուն, որոնք հրատարակեցին Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ հատորներ, որոնց շարքին` գերման յայտնի հրապարակագիր Եուկըն Կոչլիխի հատորը, որ կը թուէ տասնեակ մը գերման պետական անձնաւորութիւններու անունները, որոնք անմիջականօրէն մասնակից եղած են Հայոց ցեղասպանութեան, եւ որուն վերնագիրն է «Գերմանացիներու դերը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ»:

Սակայն հարկ է որ հայ ժողովուրդի ղեկավարութիւնը ստանձնած անձերը ունենան իրաւաքաղաքագիտական չափահասութիւնն ու պայծառատեսութիւնը` տեսնելու ներկայացող այս պատմական առիթը, ցուցաբերելու իրենց քաղաքական կամքն ու կազմակերպչական ատակութիւնը, օգտուելու այս առիթէն եւ կանգնին ռուս-գերմանական այս ազգայնական առանցքին կողքին, իրականացնելու համար այս առիթէն կարենալ օգտուելու համար պահանջուած փոփոխութիւնները` Արեւելահայաստանի եւ տարագիր արեւմտահայութեան սփիւռքի մէջ: Իսկ այս փոփոխութիւնները հարկ է իրականացնել մինչեւ 2019 թուական` մաղթելով, որ Թուրքիա մինչ այդ մնայ «սուլթան» Էրտողանի ներկայի ուղեգիծին մէջ, եւ տարածաշրջանը` անկայունութեան մէջ…

2019 թուին, կամ հաւանաբար աւելի կանուխ աւարտի «Հիւսիսային հոսք 2» կազամուղին կառուցումը, քանի որ այդ մտահոգութեամբ է, որ Փութին յօժարեցաւ կառուցումը վստահիլ գերմանացիներուն…

Կարեւոր է նաեւ յիշեցնել այն, որ ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ եւ աւելի վճռական քայլերով պիտի փորձէ արագացնել «Հարաւային հոսք»-ի կառուցումը` գլխաւորաբար ապաւինելով Իսրայէլի հետ ռազմավարական նոր հաշտութիւն կնքած եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Քաթարի հետ սերտակցած էրտողանեան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ ռազմավարական համագործակցութիւն հաստատած Ազրպէյճանի վրայ, զանոնք առաւել եւս հեռացնելու համար Ռուսիոյ ազդեցութենէն, այլեւ` առաւել խորացնելու համար ռուս-թրքական լարուածութիւնը, Թուրքիոյ պարտադրելով հրաժարիլ «Թուրքական հոսք»-ի ռուսական ծրագրէն:

Ուրեմն, «Հիւսիսային հոսք 2» ծրագրի իրագործումով հնչած պիտի ըլլայ, ռուս- գերմանական առանցքին համար, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մասնատման մարտակոչը: Եւ` Սեւրի դաշնագրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 100-րդ տարեդարձի սեմին` 2020 թուականի, հասած պիտի ըլլայ այս երկու միջազգային փաստաթուղթերուն քիւրտ եւ հայ ժողովուրդներուն խոստացած արդարութեան ժամանակը, եթէ քիւրտերն ու հայերը գիտնան խելամտօրէն գործակցիլ ռուս-գերմանական առանցքին հետ: Չմոռնալով, որ արդէն իսկ 2016 թ. ապրիլին Ռուսիա եւ Գերմանիա կը հանդիսանային Եւրասիոյ սիրտը եւ հզօր կորիզը, որուն սկզբնական ցուցիչները եղան հետեւեալ երկու ուշագրաւ եւ նշանակալից եղելութիւնները: Երբ 2016 թ. ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճան, ամերիկեւսիոնաթրքական քաջալերանքով, շղթայազերծեց իր նեխուժումը Արցախի դէմ.

1) Հայաստանի գլխաւոր հրամանատարը վազեց Պերլին` շօշափելու համար Անժելա Մերքելի բազկերակը:

2) Ազրպէյճանի հրամանատարը վազեց Մոսկուա` Փութինէն խնդրելու զինադադար:

Այս երկու եղելութիւնները բաւարար էին հասկնալու ռուս-գերմանական առանցքին կեդրոնական դերակատարութիւնը Եւրասիոյ մէջ:

Բայց ո՞րն է հայերէն պահանջուած նուազագոյն դերակատարութիւնը, որ սակայն հայերուս համար առաւելագոյն կը թուի ըլլալ, բայց` ոչ անկարելին: Քիւրտերը արդէն իսկ մեզմէ աւելի արթուն, կազմակերպուած եւ հաւանաբար ինքնավստահ ըլլալով` նկատառելի ճամբայ մը կտրած են այս ուղղութեամբ… մինչ մենք կը շարունակենք քնանալ:

Մեզմէ կը պահանջուին մեր բոլոր կարողականութիւններուն կեդրոնացումն ու քաղաքական կամք, ու մասնաւորաբար` բարոյական ու մարտական խիզախութիւն: Ինչ որ կ’ենթադրէ,

1) Որ տարագիր արեւմտահայութեան սփիւռքը ոչ միայն ինքնակազմակերպուի կեդրոնական, ներկայացուցչական եւ իրաւական միակ լիազօր կառոյցի մը մէջ (Տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքային քոնկրես) պահանջատէր իրաւասու կողմը կազմակերպելու համար, այլեւ սերտ կապեր հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ տակաւին տոկացող եւ «Նոր զարթօնք» մը ապրող հայերուն եւ իսլամացուած կամ իսլամացած այն հայերուն հետ, որոնք այսօր կը ցանկան վերադառնալ իրենց հայկական ակունքներուն, որոնց թիւը, ըստ ազգագիր Ալվրցեանի տուեալներուն, կը հասնի մինչեւ 4 միլիոնի սահմանները:

2) Որ Արեւելահայաստանի ժողովուրդը նախ ազատագրուի օլիկարխիական ապազգայնական համակարգի բռնատիրութենէն եւ հաստատէ ժողովրդահայրենասիրական համակարգ մը, որ պիտի հրաժարի կոմպլեմենտար կոչուած ազգաքանդ լարախաղացութենէն, եւ յետոյ` տարագիր արեւմտահայութեան սփիւռքին նկատմամբ որդեգրէ յարգալիր կեցուածք, համահայկականութեան ոգիով, վերականգնելու համար փոխադարձ վստահութիւնը սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, տարագիր արեւմտահայութիւնը ընդունելով որպէս համահայկական գոյամարտի երեք իրաւահաւասար ջոկատներէն մին, արցախահայութեան երրորդ ջոկատին հետ միասին, եւ առանց լարախաղացութեան կանգնի ռուս-գերմանական առանցքին կողքին:

3) Որ այս երեք ջոկատները միաւորեն իրենց Հայ դատի պահանջները, եւ միասնական ճակատով պահանջեն ոչ միայն Սեւրի դաշնագրի յօդ. 89-րդի եւ 90-րդի (10 օգոստոս 1920) եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի (22 նոյեմբեր 1920) գործադրութիւնը, այլեւ` Կիլիկիան, Վրաստանէն Ջաւախքը եւ Սեւ ծովու ափին համշէնահայերու բնակած տարածքը` իր Հոպա կեդրոնով միասին:

Կը կրկնենք, հարկ է, որ տարածաշրջանի անկայունութիւնը եւ Էրտողանի ներկայի նկրտումները շարունակուին մինչեւ 2019 թուական: Անոր վերջին ներողութիւն խնդրող գորշգայլային նամակը Փութինին` կրնա՞յ արդեօք ողոքել Փիքոլօ Մաքիավելլիի ուշիմ աղուէս սան Փութինի աներեր կեցուածքը, երբ ան Էրտողանի առջեւ դրած է շարք մը ռազմավարական բնոյթի պայմաններ, զորս չի կրնար գոհացնել Էրտողան, եթէ չհրաժարի իր ներկայի նկրտումներէն, կամ` չխզուի ՕԹԱՆ-էն (որուն, ընդհակառակը, նոր յարձակողականութիւն տալ ջանաց ամերիկեան իմփերիալիզմը, ուխտին գագաթաժողովը գումարելով Ռուսիոյ քիթին տակ գտնուող Լեհաստանի մէջ…), Իսրայէլէն, Սուէտական Արաբիայէն ու Քաթարէն: Այդ պայմաններէն են, որ Թուրքիա հրաժարի Ուքրանիոյ, Խրիմի եւ Սեւ ծովու նկատմամբ իր որդեգրած հակառուսական կեցուածքէն (չմասնակցելով հանդերձ ամերիկ- եւրոպական պատժամիջոցներուն Ռուսիոյ դէմ): Որ` Թուրքիա արմատականօրէն փոխէ իր թշնամական կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ` իր բոլոր արտայայտութեան ձեւերով… իր բացայայտ զինեալ միջամտութիւններով, իր սահմանը Սուրիոյ հետ լայն բանալով ահաբեկչական զինեալ աւազակախումբերուն առջեւ եւ անոնց հայթայթելով զինամթերք գումակային միջոցներ: Որ` Թուրքիա գործնականօրէն մասնակից դառնայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին, ոչ միայն իսլամական խալիֆաթին, այլ` բոլոր ահաբեկչական կազմաւորումներուն դէմ: Որ` Թուրքիա, վերջին հաշուով, անջատուի ամերիկեւսիոնական ռազմավարական ուխտէն…

Էրտողան` ինքնասիրահարած ու գինովցած պատրանասէրը, կը կարծէ, թէ իր լոկ ներողութեան նամակով եւ իր կողմէ բեմադրուած պետական յեղաշրջումը «տապալելով» եւ ատիկա Սի. Այ. Էյ.-ի վերագրելով` կրնայ խաբել աղուէսամիտ Փութինը եւ վերականգնել իր նախկին թրքանպաստ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ` առանց գոհացնելու Ռուսիոյ դրած միւս լրջագոյն զիջումները, յուսալով նաեւ կեանքի կոչել «Թուրքական հոսք»-ի խայծը` յաչս Ռուսիոյ. ծրագիր մը, որ նպաստաւոր է Ռուսիոյ համար, որ սակայն ուղղակիօրէն կը չէզոքացնէ ամերիկեան «Հարաւային հոսք»-ի ծրագիրը, զոր չի կրնար արտօնել Միացեալ Նահանգները, եւ այս վերջինը կոպիտ ճնշումներ պիտի կիրարկէ Թուրքիոյ վրայ այնքան ժամանակ, որ Թուրքիա վերջնապէս անկախ չէ դարձած Միացեալ Նահանգներէն: Բան մը, որ անկարելիութիւն է փանթուրքական ծրագրէն չհրաժարած Թուրքիոյ համար, որովհետեւ ծաւալողապաշտ նկրտումներ փայփայող տարատնկեալ, ուրիշ ժողովուրդներու հայրենի հողին վրայ բռնի ուժով տնկուած երեք պետութիւններու` Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած ամուսնութեան դաշինքը կաթոլիկեան է` անքակտելի…

Սակայն բացառուած չէ բոլորովին, որ ինքնասիրահարած ու փարանոյաք Էրտողան` գինովցած իր յառաջողութիւններով, փորձէ անկախանալ Միացեալ Նահանգներէն, այսինքն` ՕԹԱՆ-էն, եւ գոհացնել Ռուսիոյ պահանջները… Այդ պարագային բացառուած չ՛ըլլար, որ Միացեալ Նահանգներ` այս անգամ իրական յեղաշրջում մը կատարեն անոր, որովհետեւ` ՕԹԱՆ-ի առաջին հաւատարմութիւնը կ’երթայ Միացեալ Նահանգներին… եւ ոչ թէ Էրտողանին…, որ թշնամին է բանակին եւ… Աթաթուրքին:

Իսկ Ռուսիոյ համար` «Հիւսիսային հոսք 2» ծրագիրը, իր աշխարհառազմավարական կարեւորութեամբ, շատ աւելի առաջնահերթ է,  որուն սիրոյն Ռուսիա կրնայ առժամաբար հրաժարիլ «Թուրքական հոսք»-էն, եւ ոչ` հակառակը… Գինովցած Էրտողանը չի կրնար ըմբռնել այս պարզ իրականութիւնը:

Տակաւին, Միացեալ Նահանգները, հիմա մեծամեծ ճնշումներ պիտի բանեցնեն անդամահատեալ Եւրոմիութեան վրայ` Թուրքիոյ անդամակցութիւնը պարտադրելու համար Եւրոմիութեան, որպէսզի,  Եւրոմիութենէն դուրս եկած, Օպամայի բնութագրով, Միացեալ Նահանգներու «նժոյգ»-ին փոխարէն, հոն մուտք գործէ այս անգամ Միացեալ Նահանգներու «գորշ գայլ»-ը` հակառակ Եւրոմիութեան անդամ մեծ ու փոքր պետութիւններու բուռն ընդդիմութեան: (Յիշենք Հենրի Քիսինճերի ծանօթ յայտարարութիւնը. «Ես եթէ եւրոպացի ըլլայի, պիտի ընդդիմանայի Թուրքիոյ մուտքին` Եւրոմիութիւն, սակայն ես ամերիկացի ըլլալով` ջերմօրէն կը փափաքիմ Թուրքիոյ մուտքը Եւրոմիութիւն»):

Չմոռնանք նաեւ այն, որ այժմ կը խօսուի Եւրոպան վերածելու դաշնակցային պետութեան մը, միութենականին փոխարէն, որ որոշ չափի տեղական ինքնավարութիւն մը պիտի տայ իր անդամ պետութիւններուն, սակայն` կեդրոնաձիգ պահելով արտաքին քաղաքականութիւնը: Եւ Էրտողան ծանր ու թեթեւ ընելով այսպիսի փոփոխութեան մը ժխտական ու դրական կողմերը` կրնայ մտածել, որ այս մէկն ալ ձեռնտու է իրեն, որովհետեւ կ’ունենայ որոշ չափի ինքնավարութիւն մը 7 շրջանային հարցերու մէջ` ծառայելով հանդերձ` Միացեալ Նահանգներու միջազգային աշխարհառազմավարական ծրագիրներուն, զորս Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով պիտի պարտադրեն դաշնակցային Եւրոպային, եւ ուրեմն` Միացեալ Նահանգներու համար Թուրքիա պիտի դառնայ աւելի մեծ հետաքրքրութեան առարկայ` իր ռազմավարական դիրքին եւ մասնաւորաբար Բրիտանիոյ կորուստին պատճառով:

Եւ եթէ Եւրոպայի ժողովուրդներուն, մեծերուն եւ փոքրերուն, ընդդիմութեան հակառակ` Միացեալ Նահանգներ փորձէ կոշտ միջամտութիւններու եւ ճնշումներու դիմել, հաւանական է, տեսականօրէն, որ ամբողջ Եւրոպան, որուն ծանրութեան կեդրոնը նախ Գերմանիան է, եւ ապա միայն` Ֆրանսան, յայտարարեն, թէ այլեւս յորդած է իրենց երկար համբերատարութեան բաժակը` Միացեալ Նահանգներու տիքթաթներուն դիմաց, եւ յայտարարեն Եւրոպայի անկախութիւնը Միացեալ Նահանգներու տիրակալութենէն, եւ որոշեն դառնալ ինքնուրոյն բեւեռ մը` բազմաբեւեռ նորակազմ աշխարհակարգին մէջ, որուն ամէնէն կենսունակ ու շարժունակ լոքոմոթիվը Ռուսիան է` նոյնինքն Քիսինճերի հաւաստիացումով: (Յիշենք, որ «Հիւսիսային հոսք 2» ծրագրին մասնակից են նաեւ Ֆրանսան եւ Հոլանտան…):

Ցարդ յիշատակուած բոլոր անցքերն ու հաւանական զարգացումները ցոյց կու տան, որ «սուլթան» Էրտողանի Թուրքիան այսօր կը գտնուի անբարեյոյս վիճակի մը եւ խիստ դժուարին երկընտրանքներու ստուգատեսի մը մէջ: Մաքսիմ Կորքի դիտարկած է, թէ տկարներ պատեհապաշտ կ’ըլլան եւ կը սպասեն առիթներու: Ուժեղները իրենք կը ստեղծեն առիթները: Մենք չենք կրցած քիւրտերուն նման ուժեղանալ, որոնք կրցան այս անբարեյոյս վիճակին մատնել փանթուրքական Թուրքիան… Իսկ մենք, մեր ցարդ ունեցած տկարութեան վիճակին մէջ, գոնէ կրնա՞նք խելամիտ պատեհապաշտ ըլլալ` օգտուելու համար այս առիթէն: Մենք կը մաղթենք եւ կը ցանկանք, որ այդ երկընտրանքներու ստուգատեսը շրջանի անկայունութիւնը շարունակուին մինչեւ 2019 թուական, որպէսզի իրաւազրկեալ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները վերջապէս տիրանան, թէկուզ մասնակիօրէն, իրենց ազգային պատմական իրաւունքին` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մասնատումով, պայմանաւ որ մենք չթերանանք մեզմէ պահանջուած պայմաններուն լրացումին պարտաւորութեան մէջ: Չմոռնալով այն պատմական իրողութիւնը, որ մայիս 28-ի եւ սեպտեմբեր 21-ի «անկախութիւններ»-ը եւ թէ նոյեմբեր 29-ի խորհրդայնացումը գլխաւորաբար ինքնեկ էին, կամ աւելի ճիշդը` մեծ մասամբ ինքնեկ էին, եթէ նկատի ունենանք Սարդարապատի համաժողովրդային ինքնապաշտպանութիւնը, 1920 թուի մայիսեան ապստամբութիւնը, եւ 1921 թուի փետրուարեան ապստամբութիւնը, որոնց մէջ միայն մենք վճարեցինք արեան տուրք մը… 2019-2020 տարիներուն մեր հաւանական յաղթանակը ինքնեկ չի կրնար ըլլալ, այլ միայն` մեծ մասամբ ինքնեկ, մեզմէ պահանջելով ոչ միայն համահայկական կեդրոնաձիգ գործակցութիւն, այլեւ` գէթ փոքր չափով, մեր արեան տուրքը վճարելու պատրաստակամութիւն…

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>