Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Ռիօ-2016 Եւ Մեր «Փոքր Ածու»-ն

Խ. ՏԷՐ-ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
rio-90816

Ռիօ-2016 Ողիմպիական ամառնային 31-րդ խաղերուն մասնակցած, մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներով Հայաստան վերադարձած մարզիկները փառահեղ ընդունելութեան արժանացան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ:

Բոլոր անոնք, որոնք տեղւոյն վրայ, պատկերասփիւռով թէ համացանցի միջոցով կրցան հետեւիլ օգոստոս 27-ին հայրենի ախոյեանին եւ փոխախոյեաններուն ժողովրդային ընդունելութեան, իրենց զգացած յուզումին, բաւարարութեան եւ հպարտութեան ընդմէջէն վստահաբար ունեցան միեւնոյն մտածումը` արժանի են այդ փառք ու պատիւին եւ աւելիի՛ն:

Խաղերու կայացման ընթացքին Տէյվիտ Քլէյ Լարճ «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսաթերթի կայքէջին վրայ օգոստոս 12-ին հրատարակեց յօդուած մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ողիմպիական խաղերու ժողովրդականութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքը` ազգային, ազգայնական եւ մինչեւ իսկ ցեղախմբային-քլանային, մէկ խօսքով, հաւաքական ինքնութեան ամենաբնազդային եւ հիմնական ոգիին հրահրումը:

«Այդպէ՛ս էր, կը գրէ «Տի Օլիմփիք սփիրիթ իզ անպրինտըլտ, ռապիտ նեշընալիզմ» յօդուածին հեղինակը, երբ այդ խաղերուն իրարու դէմ կը մրցէին հին յունական քաղաքներու մարզիկները, որոնք երբեմն իրենց կեանքի գնով իսկ կը ձգտէին յաղթանակին: Երբ 1896-ին ֆրանսացի Փիեռ տը Քուպերթէն վերակենդանացուց մարզական աւանդութիւնը` որպէս համաշխարհային հանդէսի, որուն նպատակն էր պանծացնել համամարդկային համերաշխութեան եւ բարի կամեցողութեան ոգին,- կը շարունակէ յօդուածագիրը,- եթէ նոյնիսկ հրաւիրուած ըլլային թուրք մարզիկները, վստահաբար պոյքոթի պիտի ենթարկէին իրենց դարաւոր թշնամիին` Յունաստանի կողմէ հիւրընկալուած այդ մարզախաղերը: Նոյն հարթակին վրայ, ազգայնական հունգարացիներ մերժեցին Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւնը ներկայացնող խումբին մաս կազմել, եւ իրլանտացիները չուզեցին խառնուիլ անգլիացիներուն` Միացեալ Թագաւորութեան պատուիրակութեան մէջ»:

Եւ այսպէ՛ս, գրութեան ամբողջ տեւողութեան Քլէյ Լարճ վեր կ՛առնէ անցնող 120 տարիներու միջազգային քաղաքական իրավիճակն ու տուեալ պատմական պահուն տիրող լարուածութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով արձագանգած են իրերայաջորդ Ողիմպիականներուն, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով անոնցմէ ոմանց. ինչպէս` 1936-ին նացիական Գերմանիոյ հիւրընկալած խաղերը եւ 1972-ի Միւնիխի մէջ իսրայէլացի մարզիկներու սպանդը: Այս բոլորով հանդերձ, մարզախաղերը պահած են իրենց գրաւչութիւնը, մարզական սխրանքներն ու երեւոյթները, ինչպիսին էին Ռիօ-2016-ին Պոլթ եւ Ֆելփ, չեն կորսնցուցած իրենց պատճառած հմայքը, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանի հանդիսատեսը:

Ճիշդ է, որ մարզիկները իրենք երբեմն անմասն չեն մնացած մեղկութիւններէ, ինչպէս, օրինակ, մրցումի աւարտին հակառակորդին բարեւելու մերժումը, բայց ընդհանրապէս տիրապետող եղած է մարզական բարձրութեան վրայ մնալու ոգին, եւ պարտուողները յարգանքի տուրք գիտցած են տալ իրենցմէ լաւ եղողներուն:

Միջազգային քաղաքական լարուածութիւններէն, ազգամիջեան հակամարտութիւններէն անկախ, Ողիմպիականները նաեւ յաճախ բեմ կը հանդիսանան ազգային, ընկերային թէ մարդկային իրաւունքներու խախտումի դէմ բողոքներու ցուցականութեան, բռնաբարումները տեսանելի դարձնելու եւ պայքարողներուն ձայնը լսելի դարձնելու համար: Խօսքը չի վերաբերիր արիւնահեղութեան ու վայրագութեանց, որոնք չեն կրնար արդար բողոքի ձայն ըլլալ երբեք, երբ անմեղ զոհերու պատճառ կը դառնան:

Ռիօ-2016-ի առիթով լատինամերիկեան յառաջդիմական մամուլը յիշեցուց նախորդ տարուան ընթացքին իտալացի գրող Ռիքքարտօ Կացցանիկայի մէկ յօդուածը` Մեքսիքօ-1968-ի խաղերուն Միացեալ Նահանգներէն սեւամորթ մարզիկներ Թոմի Սմիթի եւ Ճոն Քարլոսի անմահացած պատկերը` սեւ ձեռնոցներով, բռունցքնին վեր, գլուխնին կախ եւ ոտաբոպիկ` աշխարհին յիշեցնելու սեւամորթներու ընկերային իրաւունքներուն համար պայքարողներուն մասին: Սեւ ձեռնոցով բռունցքը, յիշեցնենք, Մալքոլմ Էքսի հիմնած «Սեւ յովազներ» կազմակերպութեան խորհրդանիշն էր: Մարզիկները այդ բողոքի ժեսթը (կեցուածքը) ընելու յանդգնութիւնը ունեցան, երբ մետալներու բաշխումի ժամանակ կը հնչէր Միացեալ Նահանգներու քայլերգը:

Նման ժեսթ, որ երբեք չկրկնուեցաւ նման հանդիսութեան մը, օրին աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւեց, երկրորդական մակարդակի անցան Ողիմպիականն ու բոլոր մետալները, եւ աշխարհով մէկ խօսուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան շարունակման մասին: Երկու մարզիկները արտաքսուեցան երկրի Ողիմպիականի հաւաքականէն եւ տուն վերադառնալով` ենթարկուեցան հալածանքի եւ մինչեւ իսկ մահուան սպառնալիքներու: Ի վերջոյ, սակայն, պատմութիւնը երկու մարզիկներուն տուաւ իրենց արժանի տեղը. Քալիֆորնիոյ Սան Խոսէ պետական համալսարանի քեմփըսին (շրջափակ) մէջ զետեղուած է սեւամորթներու արժանապատւութիւնն ու ընկերային իրաւունքները ամէն բանէ վեր դասած երկու մարզիկները անմահացնող արձան մը:

Այդ արձանին վրայ, սակայն, չկայ երրորդ անձը, ան, որ 200 մեթր վազքին 19:78 երկվայրկեանով մրցանիշ կոտրած Թոմի Սմիթէն ետք 20:06 երկվայրկեանով արծաթեայ մետալին արժանացած էր: Պատմութիւնը ընդհանրապէս չի յիշեր զինք` աւստրալիացի մարզիկ Փիթըր Նորմընը, որուն մասին է Կացցանիկայի յօդուածը: Իրականութեան մէջ Նորմըն նոյնքան արժանապատիւ տեղ ունի այդ արդար բողոքի մարմնացման մէջ, որքան` երկու գլխաւոր դերակատարները:

Այսպէս, Սմիթ եւ Քարլոս բեմ բարձրանալէ առաջ մօտեցած են սպիտակամորթ Նորմընին եւ` հարց տուած, թէ կը հաւատա՞ր հաւասար իրաւունքներու: Քիչ մը զարմացած` Նորմըն ըսած է, որ այո՛, կը հաւատար: Ասոր վրայ երկու մարզիկները իրեն յայտնած են իրենց մտադրութեան մասին: Սմիթի վկայութեամբ, Նորմըն անմիջապէս զօրակցած է անոնց: Աւելի՛ն. քանի որ Սմիթ եւ Քարլոս միայն մէկ զոյգ սեւ ձեռնոց ունէին, սկիզբը որոշած էին չգործածել այն: Բայց Նորմընը իրենց ըսած է, որ ետքայլ պէտք չէ ընեն եւ` առաջարկած, որ մէկը աջ ձեռքին անցընէ ձեռնոցը, միւսը` ձախ: Այդպէս ալ կ՛երեւին Սմիթ եւ Քարլոս նկարին մէջ, մէկը աջ եւ միւսը ձախ բռունցքները վեր, ոտաբոպիկ որպէս խորհրդանիշ ոչ միայն սեւամորթներու խտրականութեան դէմ բողոքի, այլ նաեւ` ի պաշտպանութիւն բոլոր ընչազուրկերուն եւ շահագործուողներուն:

Սեւամորթ եւ տեղածին բնակչութեան դէմ խտրականութեան եւ հալածանքի երկար պատմութիւն ունեցող աւստրալիական կառավարութիւնը, իր կարգին, չներեց Նորմընին: Մարզիկը ստիպուեցաւ հեռանալ ասպարէզէ, վերածուեցաւ փարիայի, հալածուեցաւ, եւ Սիտնի-2000-ին կառավարութիւնը երկրի բոլոր մարզիկներուն յատուկ հրաւէր ուղղեց` բացի Փիթըր Նորմընէն: Լքուած ու անգործ, մոռցուած աշխարհէն, ընկղմեցաւ ալքոլամոլութեան մէջ եւ մահացաւ 2005-ին: Սմիթ եւ Քարլոս ներկայ գտնուեցան  անոր թաղման եւ առաջին գիծի վրայ էին Նորմընի դագաղը ուսամբարձ փոխադրողներու կարգին:

Ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին Նորմընի ուղղակի թէ անուղղակի ձեւով դիմումներ եղած են զղջումի խօսք ըսելու, ինչ որ եւ կրնար թերեւս իրեն վերադարձնել իր փառքն ու աւելին, սակայն ան ամէն անգամ մերժած է այդ նուաստացման ենթարկուիլ եւ հաստատ մնացած` իր հաւատացած սկզբունքներուն վրայ: Նշենք, որ Կացցանիկայի յօդուածը յիշեցուցած Ափորրէա կազմակերպութեան համացանցային էջին վրայ Ռիօ-2016-ին ամբողջ ընթացքին զանազան յօդուածներ լոյս տեսան քաղաքին եւ երկրին մէջ իշխանութիւններու դէմ բողոքի ցոյցերն ու ելոյթները լռեցնելու կոչուած միջոցառումներուն մասին…

Ողիմպիականներու առնչակից կարելի չէ մոռացումի տալ ամենահզօր դրամագլուխը եւ անոր ազդեցութիւնը: Նախ եւ առաջ յստակ է, որ Ողիմպիական կազմակերպող որեւէ քաղաքի համար պատմութեան անցնելու այդ պատիւը բազմամիլիառ գումարներու ներդրումի կը նայի: Անկախ կազմակերպական ամէն կարգի մարտահրաւէրներէն, զուտ տնտեսական տեսանկիւնէ ճիշդ է, որ նման ներդրում աշխատատեղի կը ստեղծէ, գոնէ պարագայաբար, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, քիչեր կը յիշեն, որ նման գումարներ իրենց հետ կը բերեն նաեւ փտածութիւն եւ իրաւունքներու բռնաբարում: Աթլանթա, Սիտնի եւ Լոնտոն, զարգացած տնտեսութիւններ, այնքան ալ բարացուցական չեն նման ենթադրութեան համար:

Բայց պէտք է յիշեցնել, որ Չինաստանի մէջ ամբողջ թաղամասեր փլուզուեցան` առանց շատ մտիկ ընելու ընդհանրապէս համեստ եւ աղքատ դասակարգի տեղւոյն բնակիչներու բողոքը:

Եւ արդեօ՞ք Յունաստանի տնտեսական փլուզման ու այսօրուան տագնապին արմատները կու գան Աթէնք-2004-էն: Ոստիկանական վէպերու հեղինակ Փեթրոս Մարքարիս առնուազն շատ կասկած չունի այդ մասին: Անշուշտ կարելի է ըսել, որ եղածը գրականութիւն է, Մարքարիս տնտեսութենէ չի հասկնար եւ անտեսել, որ յաճախ տաղանդ ունեցող գրողներուն տեսլականը աւելի հարազատօրէն կ՛արտայայտէ երկրի մը, ժողովուրդի մը եւ հասարակութեան մը ճշմարտութեան պահը, քան` ազատ շուկայականութեան ծանօթ յանկերգներու արտասանութեան թեկնածուները:

Գրականութենէ հեռու, տնտեսագիտական թէ հասարակագիտական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կու գան փաստելու մարքսեան այն համոզումը, որ նիւթական ենթակառոյցն է, որ հասարակական երեւոյթներու պատճառական բացատրութիւն կու տայ որոշ չափով (այսինքն այնքան, որքան` հասարակագիտական տեսութիւնները, որոնք մարգարէութիւններ չեն, թոյլ կու տան իմանալու) Ողիմպիականներուն ամէնէն աւելի շքանշաններ ապահովողներու մասին:

Այսպէ՛ս, Ռիօ-2016-էն մէկ ամիս առաջ Փրայս Ուաթըրհաուս ելեւմտական գործարքներու խորհրդատուական գործակալութիւնը շրջագայութեան մէջ դրաւ ուսումնասիրութիւն մը, որ իբրեւ մեկնակէտ ունենալով երկրի համընդհանուր հում արտադրութիւնը եւ նախապէս Ողիմպիականներուն արձանագրած արդիւնքը` կը նախատեսէր առաւելագոյն մետալներ ապահովող առաջին տասը երկիրները` Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Իտալիա: Տեղերու փոքր տարբերութեամբ կանխատեսումը ճիշդ դուրս եկաւ:

Նոյնանման ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած էր նաեւ Կոլտմըն Սաքս, որ կ՛եզրակացնէր, թէ երկրի մը տնտեսական յաջողութիւնը կը բարելաւէ Ողիմպիականին մետալներ շահելու անոր կարելիութիւնները: Այս պատճառական ընդհանուր կապը չի ժխտեր այլ ազդակներու դերը: Օրինակ` Զուիցերիոյ նման զարգացած երկիր մը այնքան ալ լաւ դիրք չգրաւեց մետալներու տախտակին վրայ, մինչ Քենիա 13 մետալի տիրացաւ: Հոս է, որ տարբեր ազդակներ կը մտնեն հաշուարկի մէջ, որոնց կարգին` հողատարածութիւն եւ բնակչութեան թուաքանակ, մարզական աւանդութիւն, մասնագիտութիւն եւ այլն: Փաստօրէն Քենիայի մետալներէն 12-ը աթլեթիզմի եւ վազքի կը վերաբերին:

Այս ուսումնասիրութեանց եզրակացութիւնները ճակատագրապաշտական տուեալներ չեն անշուշտ, բայց կրնան որեւէ երկրի ուղեցոյց ըլլալ ե՛ւ իր սահմանափակումները իմանալու, ե՛ւ նաեւ իր հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու:

Այսպէ՛ս, Հայաստան եւ Ազրպէյճան շատ հաւանաբար խորհրդային տարիներէն մնացած համանման մարզական աւանդութիւններ ունին, բայց տնտեսական աճի տարբերութիւնը նկատի ունենալով` թերեւս հասկնալի ըլլայ, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան 18 մետալ շահեցաւ եւ Հայաստան` 4: Կարելի է ենթադրել, որ Ազրպէյճանի մէջ Ողիմպիականի պատրաստութեան համար շատ աւելի ներդրումի հնարաւորութիւն կար, քան` Հայաստանի: Այս տողերը չեն ենթադրեր, որ Հայաստանի յաջողութեան չափանիշը Ազրպէյճանի թէ որեւէ այլ երկրի հետ համեմատութիւնն է, ոչ ալ արդար է անտեսել այն զոհողութիւնը, որ հազարումէկ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուող պետութիւնը յանձն առած է 32 մարզիկներ ուղարկելու Ռիօ: Պարզապէս անհրաժեշտ է քննարկել, թէ համապատասխան մարմինները կրնա՞ն աւելին ընել, երբ տաղանդը չէ, որ կը պակսի հայրենի մարզիկներուն:

Մեր ուրախութեան գինիին ջուր խառնել չէ, նաեւ` ուշադրութեան առարկայ դարձնելը այն համեստ պայմանները, որոնց մէջ կ՛ապրին ու կը մարզուին մետալակիրները, որքան ալ վստահաբար անոնց պայմանները բարելաւող եւ ապագայ երաշխաւորող մեկենասներ պիտի գտնուին: Ողջունելով հանդերձ այդ մարդոց անկեղծ նախանձախնդրութիւնը, թոյլ թող տրուի նաեւ մաղթելու, որ համակարգային արմատական փոփոխութիւնները յանգին անոր, որ մեր մարզիկներուն պայմանները բարելաւուին մետալներ շահելու համար եւ ոչ թէ մետալներ շահելու պատճառով:

Արթուր Ալեքսանեան իր յաղթանակը նուիրեց նահատակ Ռոպերթ Աբաջեանին, ապրիլեան պատերազմի զոհերուն եւ սահմանապահ զինուորներուն. ժեսթ մը, որ համազօր է փոքր ազգի մը բողոքի ձայնին` ընդդէմ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը անտեսող միջազգային անարդարութեան:

Թերեւս այն չունենայ այն միջազգային հնչեղութիւնը, որ Սմիթի ու Քարլոսի բողոքի ցուցադրութիւնը ունեցաւ ատենին: Բայց Ալեքսանեան հազիւ թէ այդ յաւակնութիւնը ունեցած ըլլայ: Իրը նախ եւ առաջ սիրոյ ու հայրենասիրութեան պատգամ մըն է հայ ժողովուրդին, յարգանքի տուրք մը` բոլոր անոնց, որոնք վստահաբար կրնային ու կրնան փայլիլ մարզախաղերու, գիտութեան թէ արուեստի մէջ, բայց սահմանին արթուն պահապաններն են: Այդ պատգամը լաւագոյնս կ՛ընկալուի, եթէ սահմանէն ներս ստեղծուին համակարգային այն պայմանները, որոնք ընկերային արդարութեան, կենսամակարդակի բարելաւման եւ պայծառ ապագայի յոյս ներշնչեն Ալեքսանեաններու սերունդին եւ անոնցմէ ետք գալիք բոլոր հայորդիներուն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles