Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Արիւնով Շահուածը…

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Hagop_90616

Հայ ժողովուրդը փոքր ու մեծ բազմաթիւ յաղթանակներ արձանագրած է իր պատմութեան ընթացքին, սակայն երբ թուելու կ՛ելլենք զանոնք, կը յիշատակենք կարեւորագոյնները միայն, ինչպէս` Վարդանանց պատերազմը, Զէյթունի հերոսամարտը, ֆետայական ինքնապաշտպանական կռիւները, «Նեմեսիս»-ը, Սարդարապատի ճակատամարտը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութիւնն ու անկախութիւնը:

Ազգերու համար յաղթանակները, փառքի պսակներ ըլլալու կողքին, են նաե՛ւ ազգին ազատ ու անկախ ապրելու ցանկութեան գրաւականներն ու խթանները. յիշենք Շահնուրի պատգամը, երբ կը յորդորէ, որ ազգը կռուի իր մարմինի իւրաքանչիւր մասնիկովը եւ վերջաւորութեան, երբ բոլորը հատնին, կռուի իր հերոսովը, այսինքն` իր յաղթանակներուն գիտակցութեամբն ու անոնց մղումովը:

Յաղթանակներով ձեռք բերուածները, այս պարագային` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, պահել կարենալն ու զայն ամրացնելն ու կայունացնելն է կարեւորը. բան մը, որ ահաւասիկ 25 տարիներէ ի վեր կը պահպանուի ու Լեռնային Ղարաբաղի անկախ պետութիւն ըլլալու բոլոր գրաւականները ունի, նախ իր զաւակներուն անսակարկ նուիրումով եւ անշուշտ` իր թիկունքին կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական եւ զինուորական օժանդակութեան շնորհիւ:

Սակայն այս օրերուն անոր քսանհինգամեայ անկախութեան պայծառ երկնակամարին վրայ ամպեր սկսած են կուտակուիլ, ամպեր, որոնք կրնան անձրեւաբեր չըլլալ, սակայն կրնան անոր արեւը ծածկել:

Արցախեան գոյամարտի կարեւորագոյն յաղթանակներէն մէկն ալ անոր շուրջ ապահովական գօտիի մը ստեղծումն էր, որպէսզի թշնամին արկածախնդրութեան դիմելով` չփորձէ անգամ մը եւս պղծել այդ սուրբ հողը:

Այդ ապահովական գօտին, ըստ ոմանց, պիտի ծառայէր որպէս խաղաքարտ յառաջիկայի երկխօսութիւններու ընթացքին, Ազրպէյճանի ԼՂՀ-ի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալուն դիմաց, մաս առ մաս, որոշ շրջաններ թշնամիին զիջելուն, սակայն անոնց ազատագրման համար Երեւանի Եռաբլուրի պանթէոնին շիրմաքարերուն տակ հանգչող ազատամարտիկներուն թափած արիւնը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ բնաւ, որքան ալ Մոսկուայի միջամտութեամբ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահները համաձայնութեան յոյսեր տարածեն: Ղարաբաղի մարտիկներն ու ժողովուրդը լոզունգի վերածած են «Հող յանձնողին, հողին կը յանձնենք» կարգախօսը:

Քաղաքական մտածողութիւնը յաճախ կը բախի ժողովրդային մտածողութեան, այսինքն քաղաքագէտներու  հարցին  «տրամաբանական» մերձեցումները կը բախին ժողովուրդի «զգացական» կեցուածքին: Ազրպէյճանցի թուրքին զուլումը համտեսած, իր զաւակները զոհած, իր տունն ու տեղը հազար զրկանքներով պահած ղարաբաղցիին համար թշնամիին հող յանձնելը մեծագոյն ազգադաւութիւնն է:

Անկախութենէն 25 տարի ետք, Արցախի սիրոյն եւ սակայն միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու խաղաղ լուծման համար տարուող, յաճախ իրերամերժ կեցուածքներուն զոհ պէտք չէ երթայ արիւնով շահուածը. հարկ է չափազանց զգօն ըլլալ, որպէսզի նոր արիւն չթափի. բաւ է, ինչ որ տուինք ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին, թէ՛ հարիւր երիտասարդ զինուոր, թէ՛ տարածք, եւ որուն յանցանքը կը բարդուի իշխանութեան վրայ, քանի որ մարդիկ այդ աննախատեսելի անյաջողութեան (չըսելու համար` պարտութեան) մէջ դաւադիր ձեռքեր կը տեսնեն:

Հարկ է վերականգնել ժողովուրդին վստահութիւնը իր ղեկավարութեան հանդէպ, թէ ոչ` այս ձգուած վիճակը կրնայ վտանգել անկախութիւնը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles