ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Արդի արմատական ձախը ծնունդ առաւ 2003-ի Իրաքի պատերազմէն, 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն եւ 2011-ի Ֆոքոշիմայի հիւլէական կայանի պայթումէն ետք, որոնք բոլորն ալ բացասական հետեւանքներ ունեցան մարդկութեան համար: Մարդիկ տեսնելով աշխարհի անկայուն կացութիւնը, ընկերային անհաւասարութեան արագ աճը եւ կլիմայական փոփոխութիւնը` հարցականի տակ առին ժամանակակից տիրող երկու քաղաքական գաղափարախօսութիւնները` նոր-ազատականութիւնը եւ երրորդ ճամբան (ընկերվար-ժողովրդավարութեան որդեգրած կեդրոնամէտ դիրքորոշումը, որ ի զօրու չէր դիմադրել նոր-ազատականութեան բացասական փորձերուն):
Արմատական ձախի ծնունդին բուն պատճառը նոր-ազատականութիւնն է. նոր-ազատականութիւնն էր, որ շուկայացուց մարդկային բարիքները, անձնականացուց հանրային հարստութիւնները, սպաննեց մարդ անհատի արդար մրցակցային ոգին եւ ռազմականացուց քաղաքական հարցերը: Բոլոր այս խնդիրները պատճառ եղան աղքատութեան, անգործութեան եւ պատերազմներու. նոր-ազատականութիւնը յաջողեցաւ փոխել աշխարհը` դէպի աւելի վատը. կերտեց համաշխարհային համակարգ մը, որ հիմնուած եղաւ անարդարութեան վրայ: Ահա այստեղ շեշտուեցաւ արմատական ձախին դերը` կերտելու համաշխարհային համակարգ մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան վրայ: Եւ ահա այսպէս արմատական ձախը այլընտրանք դարձաւ թէ՛ նոր-ազատականութեան եւ թէ՛ երրորդ ճամբուն:
Արմատական Ձախի Օրակարգը
Այսօրուան արմատական ձախը շարունակութիւնն է աւանդական ընկերվարութեան` աշխատաւորութեան ազատագրութեան դատին եւ նոր ձախի` հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան երթին: Առաջին անգամ որ «արմատական ձախ» եզրը լսենք, կը կարծենք, որ անիկա ծայրայեղական հոսանք մըն է, որ կը ձգտի վերականգնել նախկին համայնավար կարգերը: Բայց իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է. արմատական ձախի էութիւնը հասկնալէ առաջ կարիքը ունինք հասկնալու եւ ըմբռնելու անոր ձգտումներն ու հիմքերը, հասկնալու, թէ անիկա ինչպիսի՛ օրակարգի վրայ կ՛աշխատի:
Արմատական ձախը կը ձգտի ստեղծել ընկերային-տնտեսական կարգերով արդար ու համերաշխ հասարակութիւն մը, ուր պետութեան բարիքները արդարութեամբ կը բաժնուին հասարակութեան բոլոր անդամներուն միջեւ` առանց սեռի, ազգային ծագումի կամ գոյնի խտրութեան. անիկա կը ձգտի այլընտրանք գտնել նոր-ազատականութեան անհատապաշտութեան` համագործակցութեան միջոցով, պատերազմներուն` քաղաքական հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու միջոցով եւ ծայրայեղութեան` բաց հասարակութեան մը կերտումով:
Արմատական ձախի գլխաւոր հիմքերն են` ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը: Կարճ ձեւով պիտի բացատրեմ: Ժողովրդավարութիւնը միայն քաղաքական իմաստով չէ, այլ նաեւ` ընկերային եւ տնտեսական, այսինքն ժողովուրդն է տնտեսութեան անիւը յառաջ մղողը: Բոլոր քաղաքական հարցերը լուծել դիւանագիտական միջոցներով` խուսափելով պատերազմներէն: Ընկերային արդարութիւնը` բարեկեցիկ պետութիւն մը կերտել` բոլորին հաւասար կարելիութիւններ ընձեռելով:
Իսկ ինչպիսի՞ օրակարգի մը վրայ կը քալէ արմատական ձախը: Ան թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ թէ՛ ալ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ կը գտնուի: Զարմանալի չէ, թէ ինչո՛ւ ներկայիս արմատական ձախը յառաջխաղացք արձանագրած է Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ Յունաստանի մէջ: Յիշուած բոլոր երկիրները փորձեցին տնտեսական ճգնաժամը լուծել նոր-ազատական միջոցներով, եւ այդ քայլը դիմաւորուեցաւ ժողովրդային բողոքներով: Ժողովուրդները այլեւս իրենց յոյսերը կտրեցին աւանդական համաշխարհային գաղափարական ուղղութիւններէն եւ դիմեցին այլընտրանքին: Պըռնի Սենտըրզի համակիրներու մեծ թիւը, Ճէյմս Քըրպընի ընտրուիլը` իբրեւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ, եւ ամէնէն կարեւորը` Փորթուգալի մէջ ընկերվարականներու, համայնավարներու եւ արմատական ձախերու քաղաքական համագործակցութիւնը խորհրդանիշները դարձան ձախի վերականգնման: Պէտք չէ թերագնահատել արհեստաւորական, բնապահպանական եւ մարդու իրաւունքներու միութիւններուն մղած պայքարը` յանուն համաշխարհային անարդար համակարգի փոփոխութեան: Այս իմաստով ալ այսօր արդէն գրեթէ բոլորին ակնյայտ է ֆրանսացի բանուորներուն ծաւալած բողոքի շարժումը` ընդդէմ կառավարութեան որդեգրած աշխատանքային բարեփոխումներուն:
Արմատական Ձախը` Ընդդէմ Ծայրայեղ Աջին
Ծայրայեղ աջին նպատակն է հասարակութեան բաժանումը. անիկա հասարակութիւնը կը բաժնէ սեռերու, կրօններու եւ ցեղերու: Այսօրուան ծայրայեղ աջը երբեք չէ փոխուած 1930-ականներու ֆաշականութենէն: Անոր միակ նպատակն է տապալել ժողովրդավարական կարգերը եւ անոնց փոխարէն ստեղծել ռազմապաշտ, մոլեռանդ եւ աշխարհէն կղզիացած պետութիւններ, ուր իշխողը կ՛ըլլայ մէկ խմբակցութիւն` միւս խմբակցութեան հաշուոյն: Միայն ձախն է, որ կրնայ դէմ կանգնիլ ծայրայեղ աջի մութ տեսլականին` համախմբելով հասարակութեան բոլոր անդամներն ու համերաշխութիւն եւ վստահութիւն ներշնչելով բոլորին: