ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու բամպակի արտերուն վրայ աշխատող երբեմնի ստրուկները նոյնիսկ, իրենց յօրինած երգերով, հաստատած են, թէ ամրան եղանակին ապրիլը դիւրին է: Միայն բամպակը չէ, որ կ՛աճի, այլ բոլոր առօրեայ հարցերը պահ մը թմբիրի մէջ կը մտնեն: Ցաւերը կը պատուաստուին ազդեցիկ թմրեցուցիչներով: Ծովային հորիզոնները կ՛արգելակեն, որ ականատես ըլլանք մեր քիթին ծայրը միշտ կրակի վրայ մնացած գլխացաւանքներուն:
Միջազգային հանրութիւնը շատ լաւ վայելեց այս մահաքունը: Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու մրցաշարքով սկսած, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու քուէարշաւի կատակերգութիւններով հարստացած եւ Ողիմպիականի ջահով լուսաւորուած 2016-ի ամառը կազդուրման կայան մը եղաւ համայն մարդկութեան:
Թէեւ միջազգային խափանարարական կազմակերպութիւններու գրոհները շարունակուեցան, թէեւ Թուրքիա արշաւեց սուրիական սահմաններէն ներս, թէեւ Լիբանանի քաղաքական կեանքը մնաց կազմալուծուած, թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը ապրեցաւ քանի մը տաք գիշերներ, թէեւ միջազգային զուարճանալի դէպքեր եկան հարստացնելու ապագայի պատմագրութիւնը (Թուրքիոյ մէջ «պետական հարուած»-ի փորձ, Ֆրանսայի քաղաքական աշխարհի գլխաւոր թեման ներկայացնող պուրքինին եւ այլն), սակայն 2016-ի ամառը հանդիսացաւ ա՛յն միջավայրը, ուր պահ մը փորձ կատարուեցաւ երկրագունդը ներկայացնելու որպէս վոլթերեան նշանաւոր հերոսին օրրանը:
Մօտ ատենէն, սակայն, ականատես պիտի ըլլանք առաջին տաք անձրեւներուն, ապա արեւը պիտի պաղի: Պիտի անդրադառնանք, որ տերեւները սրճագոյն դարձած են: Ի վերջոյ, հորիզոնին վրայ պիտի տեսնենք նոյեմբերեան պաղ անձրեւները:
Արդարեւ, 8 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու նախագահական աննախընթաց ընտրութիւնները: Թերեւս առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայանան երկու թեկնածուներ, որոնք կը վայելեն քուէարկողներուն ամբողջական հակակրանքը: Ընտրութիւններու թեկնածուները միշտ յաջողած են իրենց ղեկավարած ընտրապայքարին եւ անոր ընդմէջէն ցոլացող քաղաքականութեան շուրջ համախմբել ժողովուրդը: Նոյնիսկ շրջանաւարտ նախագահ Պարաք Օպամա, հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջական յուսահատութիւն յառաջացուց իր պաշտօնավարութեան շրջանին, յաջողած էր ընտրապայքարի ընթացքին յառաջ մղել ընչազուրկներու պաշտպանի գաղափարաբանութիւն մը եւ այդ միջոցով համախմբել ժողովուրդը իր մղած պայքարի ետին: Սակայն այժմու թեկնածուներու պարագային, ո՛չ գաղափարաբանութիւն գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ` ղեկավարութիւն:
Նախորդ տասնամեակին իր ճակատագիրին լքուած Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին կը սպառնայ ներկայ իրողութեան շարունակումը` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմավարական եւ թէ՛ ընկերատնտեսական բնագաւառներէն ներս: Միջազգային ոստիկաններու չգոյութեան պատճառով, տարածաշրջանը յանձնուեցաւ շրջանային ուժերու քմահաճոյքին, որոնք իրերայաջորդ կերպով կազմակերպեցին ու գործադրութեան դրին շրջանէն ներս իրենց դարաւոր ախորժակները գոհացնելու խնճոյքները:
Իսկ տարածաշրջանի փոքր կամ անկարող ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն արդար դատը կամ ընկերատնտեսական բարգաւաճումը լաւագոյն պարագաներու տակ մուտք գործեց մահաքունի մէջ, բուք ու բորանի այս պայմաններուն տակ ապրելով ամառնային թմբիրի մը ենթարկուած ըլլալու ինքնագոհունակութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Իրողութիւն է, որ փոքր պետութիւններ, ազգեր կամ քաղաքական համախմբումներ մեծ եղբօր մը հոգատարութեան պէտք ունին կազմաւորելու համար իրենց գոյատեւումը արդարացի եւ բարգաւաճ միջավայրի մը մէջ, որքան որ ալ անոնք դէմ կ՛արտայայտուին մեծ եղբօր մը գոյութեան գրաւականին: Նոյնքան դաժան իրողութիւն է, որ երբ մեծ եղբայր գոյութիւն չունի, անոնք կը լծուին կա՛մ ինքնալուծարքի, կա՛մ ալ ընդհանուր ամլութիւն մը կը պատէ զիրենք, մանաւանդ երբ թմրութեան մատնուած հաւաքականութիւն մը չ՛անդրադառնար իրեն սպառնացող ներքին կամ արտաքին վտանգներուն: Վտանգներ, որոնք բնական պայմաններու տակ միացման ազդակ պիտի ծառայէին այդ հաւաքականութեան: Իսկ անոնց դէմ պայքարը խթանիչը պիտի հանդիսանար որոշիչ բարգաւաճման:
Արդեօ՞ք ստորադասութեան բարդոյթն է, որ ամլութեան կը մատնէ այս հաւաքականութիւնը: Արդեօ՞ք` նիւթաբարոյական ներդրումներու սակաւութիւնը: Արդեօ՞ք` խթանիչ գործօնի չգոյութիւնը, ըլլայ անիկա ամբոխավարութեան կամ գաղափարական մակարդակներու վրայ: Արդեօ՞ք` երբեմնի գեղեցիկ ամառներուն երազները, որոնց անհեթեթ պատկերներուն տակ թաքնուած, հաւաքականութիւնը ունի ա՛յն խաբկանքը, թէ պաշտպանուած է բնական անկումներէ:
Այժմու տուեալները ցոյց կու տան, որ այս հաւաքականութիւնները մահաքունի մատնած առարկայական եւ ենթակայական բոլոր պայմանները պիտի շարունակեն գոյատեւել յառաջիկայ ամիսներուն: Ոստիկան մեծ եղբայրները պիտի շարունակեն կրաւորական մնալ տարածաշրջանի հարցերուն նկատմամբ: Շրջանային ուժերը պիտի շարունակեն շահախնդիր ըլլալ իրենց ախորժակներուն յագեցման համար:
Հաւաքականութիւնները պէտք է քաջ գիտնան, որ իրենք 19-րդ դարու ամերիկեան ստրուկները չեն, որոնք ուրախանալով ամրան ընծայած հորիզոններէն` հպարտանք կը զգան իրենց «տիրոջ» բամպակի աճումով: Այդ բամպակը միայն տանջանք կ՛ապահովէ իրենց: Հաւաքականութիւնները պէտք է յառաջ ընթանան` վանելով ա՛յն հարկադրանքները, որոնք արգելք կը հանդիսանան իրենց բարգաւաճման: