Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մեր Բոլորին Սուրբ Արցախը

$
0
0

nagorno-karabakh_90316

«Փոշիացել են շա՜տ կայսրութիւններ,
Բայց վերէն ձայնը կը լսուի փրկութեան`
Անոնք չեն, օ՜ ո՛չ, Արցախի տէրը,
Արցախը ի՛մս է ու նաեւ` ձե՛րը»

Լիուպիցա Միլետիչ
(Սերպ փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ)

2 սեպտեմբեր 1991 թուականը պատմական չէ միայն: Պարզապէս հայոց պատմութեան էջ մը չէ, որ կը դարձնենք: Ընթերցողը պէտք է որ կանգ առնէ, կարդայ ու կրկին կարդայ այդ օրուան օրագրութիւնը:

Խոր իմաստ ունէր այդ օրուան Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը:

Այդ որոշումին վրայ էր, որ պիտի կիրարկուէր անկախութեան հռչակման կերտումը տարածաշրջանէն ներս: Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին ազերի զօրքը, օգտուելով ի նպաստ իրեն կատարուած նշանակումներուն, ձեռնարկած էր ամէն գնով Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու: Սակայն հայորդին, տեղւոյն Արցախի զանազան քաղաքներէն, մինչեւ Հայաստան եւ սփիւռք, որոշած էր այլ բան:

… Այլ խենթ հնարք մը, նոյնքան կարեւոր եւ անկիւնադարձային, որքան` Սուրբ Վարդանանց պատերազմն եւ սարդարապատեան ճակատամարտերը: Սոսկ պատերազմ մը չէր 25 տարի առաջ կատարուածը, այլ` գոյութեան եւ լինելութեան կատաղի մարտ: Հակառակ թիւի եւ աշխարհագրական դիրքի դժուարութիւններուն, Քարինտակէն ո՛չ թէ միայն քարերուն ու ժայռերուն վրայ բարձրացան այդ օրերու հերոսները` հասնելով ազրպէյճանական բարձունքներն ու կոյր ռմբակոծման համար օգտագործուող Շուշիի բերդերը: Այլ ցայսօր անոնց անպարտելի եւ անգերազանցելի պայքարի ոգին կը սաւառնի արցախեան երկինքին վրայ:

Մէյ մը եւս կարդալ պատահածները, հետեւիլ քարտէսին եւ վերլուծե՜լ: Անհաւատալի՛ բան. ինչպէ՞ս կարելի էր սակաւ կարելիութիւններով, վտանգաւոր դիրքերու վրայ գտնուող, եւ դեռ աւելի՛ն, անհաւասար ուժերով, Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, յարձակելու եւ իրողապէս եւ ըստ ամենայնի կերտել իր անկախութիւնը:

Այսօր արդէն 25 տարեկան է Արցախի Հանրապետութիւնը, որ տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական, քաղաքական թէ ազգագրական մարզերէ ներս ամենայն ինքնավստահութեամբ եւ արդարութեամբ գործելով`, օրինակելի դարձած է:

Զարմանալիօրէն այդ պատմական անկախութեան հռչակման օրէն ետք արձանագրուեցաւ յաղթանակներու շարանը, որուն շնորհիւ գոյացաւ զինադադար, եւ Պաքուն հասկցաւ, թէ այդ հողերը կը պատկանին պատմութիւն կերտած հերոս Նիկոլ Դումանի շառաւիղին:

Այդ անկախութեան հռչակումն է, որ թեւեր տուաւ հայորդիին` յամառօրէն պայքարելու, դիմադրելու եւ թշնամին դուրս շպրտելու:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ալ շատ բան սորվեցուց Արցախի Հանրապետութեան: Որքա՜ն, որ խախոտի զինադուլը եւ շարունակուին սպառնալիքները, այնքան աւելի  ամրապնդեցին սահմանն ու պահակ զինուորին կամքն ու կորովը:

Եւ վերոյիշեալ բանաստեղծութեան նման` «Անոնք չեն, օ՜ ո՛չ, Արցախի տէրը,

Արցախը ի՛մս է ու նաեւ` ձե՛րը»…եւ մեր բոլորին Սուրբ Արցախը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>