Մակար, ի Գաղղիա, 2016-ի Աստուածածնայ Տօն
Օգոստոսի թէժ օրեր: Աստուածածնայ տօն:
Անոնք, որոնք լեռ կամ ծովափ չեն երթար, եւ անոնք բանակ են, եկեղեցի կ’երթան, գէթ քանի մը բարեկամի բարեւելու:
Ոմանք երբ գիւղ կամ ծովափ են, եկեղեցի մը կ’երթան, խաղողօրհնէքի:
Սորված են, որ տօնէն առաջ խաղող պէտք չէ ճաշակել:
Երանի ուրիշ բաներ ալ սորված ըլլային, օրինակ` հայու սրբութիւնը պահել եւ բաբելոնեան լեզուները չխօսիլ:
Արմենակ ասանկ բաներ կ’ըսէ բարձրաձայն:
Ան ոչ-կրաւորական աւանդապահ է: Չի հասկնար եւ չի հասկցուիր:
Տօնին կէսօրէ ետք, Էլպիսի հետ երկգոյն խաղողի սակառով մը եկան: Այս հին կեդրոնականցին իր չխամրող սէրերով թարմ շունչ կը բերէ:
Հասունցող պտուղներով թզենիի շուքին սուրճը անմիջապէս հասաւ: Եւ Արմենակի հրաւէր չսպասող լեզուն բացուեցաւ:
– Այս մեր եկեղեցին տօն օրերուն չտեսի թատրոն է: Ոմանք պայուսակներով եկած էին խաղողով ապահովելու տօնի կիրակին: Ոմանք ալ բարերարի պէս եկած էին, սակառներով խաղող բերած էին: Նորահարուստ մը այդ սակառներուն վրայ տպուած թուղթ մը փակցուցած էր` կնոջ մը պատկերով: Հասկցայ, որ իր տասը տարի առաջ մահացած կինն էր: Անոր բարեմասնութիւնները յիշեցնող տողեր ալ կային, կարծէք հրաւէր` Աստուածածինը մոռնալու եւ ոսկիներով պճնուած իր կնոջմէն բարի եւ յոյս խնդրելու:
– Անո՞ր ալ ըսելիք գտար:
– Չես ճանչնար մարդը: Ինքզինքին ամէն բան կը թոյլատրէ: Երբ կինը ողջ էր, ուրիշներու ետեւէն կը վազէր եւ իր արկածախնդրութիւններով կը հպարտանար: Կը սիրէ ազգի առաջնորդներու շարքին ըլլալ, եկեղեցիի եւ դպրոցի հոգաբարձու ըլլալ, նոյնիսկ կրթական մարմնի անդամ եղաւ: Ըսին, որ օգտակար կ’ըլլայ, քանի որ դրամ ունի եւ հիւրասենեակին մէջ` գրադարան:
– Լաւ է, գոնէ անտարբեր չէ:
– Լաւ կ’ըլլար, եթէ անտարբեր ըլլար, չէր պղտորեր: Հիմա թոռնիկ մըն ալ ունի, մատ մը երեխայ: Զայն կը ցուցադրէ եւ հասնողին կ’ըսէ, իր նոր սորված բառով, որ «ճինիուս» է: Ինչպէ՞ս գիտէ: Միթէ՞ «ճինիուս»-ն ալ սակառով խաղողին պէս պիտի գնէ: Գիտես, Մակար, պիտի հաւատան մարդիկ, քանի որ ան կրնայ բարերարութիւն ընել:
Նիւթը փոխելու համար հարցուցի, թէ ուրիշ ի՞նչ կար:
– Եկած էին կիներ իրենց հագուստի վերնամասի շղարշները մինչեւ ողնաշարին ծայրը, իրենց տակաւին չքալող զաւակները գրկել տուած Ասիայէն կամ Ափրիկէէն բերուած սպասուհիներուն:
– Իսկ պատարագիչը բան մը չըսա՞ւ հեզութեան մասին Աստուածածնի, որուն պատկերը կայ խորանին վրայ` Յիսուս Մանուկը գրկած:
– Ան խանդավառուած էր «հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ» եւ մանր բաներու ժամանակ չունէր: Արդէն միշտ զբաղած կ’ըլլար արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խառնածին ստեղծելու «լապորաթորեա»-ով:
Էլպիս եւ Մակարուհի խաղողը բերին լաւաշով եւ յունական պանիրով:
Այդպէս ալ ըրինք մեր տօնը: