Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

«Աւրորա» Մրցանակը 1 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Գաղթական Մանուկներու Եւ Որբերու

$
0
0

aurora_prize_82416

«Աւրորա» մրցանակը աշխարհի չորս երկիրներու մէջ գումարներ պիտի յատկացնէ` գաղթական երեխաներու եւ որբերու աջակցութեան վերաբերող քանի մը ծրագիրներու:  Մրցանակի առաջին` 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը պիտի ուղարկուի Ռուանտայի, Եթովպիոյ, Քոնկոյի եւ Պրազիլի մէջ իրականացուող նախագիծերուն` պայքարելու մանկական աղքատութեան դէմ եւ նպաստելու գաղթական երեխաներուն ու որբերուն ցուցաբերուող աջակցութեան:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հեղինակ IDeA (Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ) բարեգործական հիմնադրամէն, «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր,  Պուրունտիի Խաղաղութեան տուն (Maison Shalom) խնամատար հաստատութեան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցի հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցէ այս տարի ստացաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ եւ առաւել ազդեցութիւն գործելու կարելիութիւն` 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհին համար առաջադրելով զինք գործի մղած եւ ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները: Պարանքիցէ ընտրեց իր գործընկերները` «Պրիտերլեխ Տելեն» (Լիւքսեմպուրկ), «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամները, որոնք իրենց հերթին 19 օգոստոսին յայտարարած են անունները այն նախագիծերուն, որոնց պիտի ուղղուի մրցանակի ֆինանսական աջակցութիւնը:

MargueriteBarankitseBurundi_82416

«Աւրորա» մրցանակը իւրայատուկ է անով, որ կարելիութիւն կու տայ ինծի կիսելու պարգեւը` զինք մեծապէս յուզող հիմնահարցերու լուծման համար», ըսած է «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարկարիթ Պարանքիցէ` աւելցնելով. «Մրցանակին միջոցով մենք կրնանք աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող երեխաներուն իսկապէս ցոյց տալ սիրոյ եւ բարութեան զօրութիւնը` ընդդէմ ատելութեան ու դաժանութեան»:

Marguerite_82416

Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամը իր բաժինը պիտի տրամադրէ Եգիպտոսէն Եթովպիա գաղթած էրիթրէացի 200 գաղթականներու օժանդակութեան: Այս նախագիծին նպատակն է պաշտպանել երիտասարդները օգտագործումէն եւ բանտարկութենէն, իրականացնել մասնագիտական վերապատրաստում եւ կառուցել կրթական կեդրոն, ուր կրնան ուսանիլ տարեկան առնուազն 200 գաղթականներ:

«Աւրորա» մրցանակը պիտի օժանդակէ նաեւ «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» հիմնադրամին` աջակցելու լքուած, բռնութենէն եւ այլ դժուարութիւններէ տուժած երիտասարդ կիներուն ու աղջիկներուն` վերահամարկման, կրթական եւ տնտեսական-վերականգնողական աջակցութեան կարելիութիւն  ընձեռելու միջոցով:

«Պրիտերլեխ Տելեն» հիմնադրամը կը նախատեսէ դրամական միջոցներ տրամադրել Ռիօ տէ Ժաներոյի մէջ շատ աղքատ թաղամասերու երիտասարդ բնակիչներուն կրթութեան կարելիութիւններ ընձեռելուն: 100 երեխաներու եւ 67 մեծահասակներու համար պիտի ստեղծուի քաղաքացիական կրթութեան ծրագիր` հմտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են թմրանիւթի ծուղակներէն պաշտպանուելու համար: Ռուանտայի կաթողիկէ թեմին հետ անոնք միջոցներ պիտի յատկացնեն նաեւ դպրոցական կառոյցներու բարելաւման ու արդիականացման:

Երեք կազմակերպութիւնները պիտի շարունակեն աջակցիլ Մարկարիթ Պարանքիցէի «Խաղաղութեան տան», որ հիմնուած է 1993-ին` դառնալով 25 որբերու խնամակալ, եւ մինչ օրս աջակցած է 30,000 որբերու եւ կարիքաւոր երեխաներու:

«Մենք մեծ բաւականութիւն ենք զգում` տեսնելով, որ «Աւրորա» անդրանիկ մրցանակն իրական եւ էական փոփոխութիւն է բերում աշխարհի տարբեր երկրների ամենակարիքաւոր համայնքներին», ըսած է «Օրորա» համաշխարհային մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան` աւելցնելով. «Աւրորա» մրցանակը` որպէս նախաձեռնութեան մի մաս, ստեղծուել է միանալու աշխարհում կատարուող բացառիկ գործերին` որպիսին է Մարկարիթ Պարանքիցէի գործունէութիւնը: Մարգարիտն ու իր ընտրած կազմակերպութիւնները մրցանակային պարգեւն ուղղելու են բարեգործութեան շղթան շարունակելու եւ աշխարհը բարեփոխելու ջանքերին»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>