Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13590

Նշմար. Առաջին Զանգ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերամուտի առիթով հայկական դպրոցներէն հասած տեղեկութիւնները շատ ալ դրական չեն: Մտահոգիչ եւ տագնապալի մթնոլորտ մը կը տիրէ բոլորին մօտ:

Թիւի, արտագաղթի, նիւթական եւ անորոշութեան վիճակը այս տարի շատ աւելի շեշտուած է:

Սուրիահայ աշակերտութեան թիւն ալ նուազած է: Այսօրուան արձանագրուողներու որոշ մաս մըն ալ սպասման վիճակի մէջ է: Հեռաձայն մը կը սպասեն, որպէսզի պայուսակները առնեն ու երթան: Կարգ մը դպրոցներ ուսուցիչները որոշ ժամանակէ ի վեր ամսական չեն առած: Ուրիշներ նոյն ճամբան բռնած են:

Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները մեծապէս սկսած են ազդել երկու գաղութներու դիմագիծին վրայ:

Անորոշութեան եւ արտագաղթի ալիքը օրէ օր կը ստանայ մտահոգիչ եւ անզսպելի իրավիճակ մը: Տեղ մը մէկը ուղղութիւն տալու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու տրամադրութիւն չի դրսեւորեր: Նոր Միջին Արեւելքի քարտէսին մէջ վերոյիշեալ երկու գաղութներուն դիմագիծը վտանգուած է:

Ընդհանուր հոսքին դիմաց շատ քիչ է համեմատութիւնը դէպի Հայաստան ներգաղթողներուն:

Այս իրավիճակը մտահոգութիւն մը պէտք է ըլլայ բոլորին: Չի բաւեր օգնութիւն ղրկել Հալէպ կամ սուրիահայութեան:

Յստակ ծրագիրի մը բացակայութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ հարցը մեր ուժերէն վեր է, եւ մենք անզօր ենք այս կացութեան դիմաց:

Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել այս մտահոգութիւնը: Ո՞վ պիտի ստանձնէ լուծումներ գտնելու, ուղղութիւն տալու եւ կազմակերպելու աշխատանքը:

Դպրոցական առաջին զանգին հետ ահազանգ մը կը հնչէ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական գաղութները վտանգուած են. մէկը ֆիզիքական պատերազմի մէջ է եւ օրական վնաս, նահատակ, զոհեր եւ արտագաղթ ունի: Միւսին պարագային տնտեսապէս մաշեցնող, քաղաքական անորոշութեամբ վախի եւ կասկածի մթնոլորտով գաղթելու տրամադրութիւնը թափ կ՛առնէ:

Պարբերաբար գօտեպնդիչ եւ յուսադրիչ նախաձեռնութիւնները հարցերը կը յետաձգեն, բայց բնաւ անոնց լուծում չեն տար:

Լուծումներ պէտք է փնտռել:

Իրապաշտ եւ գիտական հիմքերով լուծումներ: Զգացական, ենթակայական եւ երազային լուծումներ կրնան սխալ եզրակացութիւններու տանիլ:

Կրթական, միութենական, կրօնական, մամուլի եւ մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ մարդուժի եւ թափի պակասը զգալի է օրէ օր, ոչ թէ` տարուէ տարի:

Յուսահատիլը մեզի չի վայելեր, սակայն լուծումներ չգտնելը յուսահատութեան դուռը կը զարնէ եւ կացութիւնը կը դարձնէ ահազանգային:

Մեր բոլորին գուրգուրանքին արժանի են Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղութները:

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` տակաւին «խենթ»-եր կան ամէն տեղ: Հալէպի մէջ այս պայմաններով պարախումբ կը պահուի: Լիբանանի այս տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ միացեալ դպրոց պիտի բացուի:

Թափի, կազմակերպման եւ մթնոլորտի պակասը մեծապէս կ՛ազդէ գաղութի ուժականութեան:

Ուշ չենք, տակաւին կրնանք լուծումներ գտնել, որ մեր սփիւռքի ողնաշարը համարուող երկու գաղութները զօրաւոր մնան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13590


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>