Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Մահուան 10-Ամեակ Երգ Հաւատարմութեան

$
0
0

Kevork-Kandaharian_82016

Գաղափարապաշտ ընկերոջ`
ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
Քաղցր յիշատակին

Ստորեւ, տարի մը առաջ մեզմէ բաժնուած բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւնը, նուիրուած Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին: Բանաստեղծութիւնը երաժշտաւորուած է Հայաստանի երգահաններու միութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Ամիրխանեանի կողմէ եւ զայն առաջին անգամ կատարած է «Կոմիտաս»-ի անուան քամերային երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի:

yerk_82016Խաչեալ իմ երկիր, չքնաղ Հայաստան,
Որդիդ ենք չարքաշ` ճիշդ հողիդ նման,
Հողմերուն դիմաց մենք բերդ ենք հպարտ
Եւ սրտէդ յառնող գագաթներ անպարտ:

Հեքիաթէն ծնած դուն կանչն ես ժայռին
Եւ պատարագը սիրոյ երկինքին,
Ուր դարերն արեւ, պատգամ կը խայտան
Եւ սօսիներէդ ուխտեր կ’արթննան:

Կառչած սուրբ հողիդ` ես փառքիդ համար
Ընդմիշտ կ’օրհներգեմ ապագադ պայծառ,
Իբրեւ պայքարի դրօշ յաղթական`
Շողա՛ դարէ-դար, վեհ ու տիրական:

Կ’ապրինք մենք քեզմով եւ քեզի համար
Կը կերտենք անվերջ տաճար ու կամար,
Որ դաշտերուդ պէս սրտերուն մէջ բոց
Ծաղկիս կեանք ու երգ եւ գունդեր անխոց:

Հաւատք իմ անկէզ, հրա՛շք Հայաստան,
Ցնցա մի՛շտ հպարտ, հուր եւ յաւիտեան,
Դարերէն ալ վեր եղիր տօն, արեւ,
Գալիք օրերու յաղթերթ հրաթեւ:

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

12 սեպտեմբեր 2013


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>