Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Երուանդ Տեմիրճեանի Անմոռանալի Յիշատակին (Հանգուցեալին Մահուան 20-րդ Տարելիցին Առիթով)

$
0
0

ԱՐՄԷՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

yervant-demirjian_82016Շաբաթ, 2 մարտ 1996-ին նուիրեալ ուսուցիչ, վաստակաւոր տնօրէն, բազմերախտ կրթական գործիչ եւ օրինակելի ՀՄԸՄ-ական եղբայր` Երուանդ Տեմիրճեան առ յաւէտ հրաժեշտ կու տար երկրաւոր կեանքին` վաղահասօրէն իր մահկանացուն կնքելով Լիբանանի մէջ, ահաւոր ցնցում եւ խոր կսկիծ պատճառելով իր հարազատներուն, սրտակիցներուն ու ազգային թէ միութենական գործընկերներուն:

Յաւակնութիւնը չունիմ անդրադառնալու իր հանրային, կուսակցական եւ միութենական կեանքին, այդ մասին արտայայտուելու պատիւը զիջելով իրենց սերնդակից եւ գործակից ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու եւ գաղափարակից ընկերներու:

Հալէպի Ազգային Զաւարեան վարժարանի աշակերտութեանս տարիներուն ճանչցած եմ զինք իբրեւ առասպել, ապա իբրեւ անկրկնելի դաստիարակ, տաղանդաւոր մարզիկ եւ ներհուն հրապարակախօս:

1963-ին կը հաստատուի Լիբանան, ուր կը նշանակուի տնօրէն Էշրեֆիէի Ազգային Ղազար Չարըք վարժարանին: ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ վարած է Պուրճ Համուտի տեղական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, երկար տարիներ եղած է Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր:

Լիբանան կեցութեան տարիներուն միշտ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ եղած եմ եղբ. Երուանդի հետ, որ իր օգտակար յորդորներով եւ խելամիտ ցուցմունքներով տեւաբար լուսաւորած է եւ ուղղած` միութենական կեանքիս քայլերը: Արդարեւ, միութենական գործունէութեանս յաջողութեան մէջ շատ բան կը պարտիմ իմ անմոռանալի ու վեհանձն տնօրէնիս:

Կան կորուստներ եւ մահեր, որոնց հետ կրնաս հաշտուիլ կամ մոռացութեան տալ զանոնք, սակայն եղբ. Երուանդ Տեմիրճեան միշտ կը յիշուի եւ պիտի յիշուի այնքան ատեն, որ մենք կը շարունակենք մեր գոյերթը, ասդենական մեր կեանքը:

Եղբ. Երուանդ ծնած էր ՀՄԸՄ-ին եւ ՀՅԴ-ին համար, որոնց գաղափարախօսութիւնը համակեց անոր ողջ մտածումը, գործը, ապրումն ու հոգեմտաւոր կեանքը: Եղբ. Տեմիրճեան թող ներէ ինծի, երբ քսան տարի ետք փոխ առնեմ իր հետեւեալ խօսքը. «ՀՄԸՄ-ը ծնունդ հանդիսացաւ ազգային հաւատարմութեան»:

ՀՄԸՄ-ը իր ծնունդէն ետք դարձաւ հաւատարմութեան արժանի նուիրական միութիւն: Հիմա, անհատական թէ հաւաքական չափանիշներու օգտագործման պարագային, անվարան կարելի է մեղանչողի մը ըսել. «Մի՛ դաւեր ՀՄԸՄ-ին: Հաւատարիմ մնա՛ անոր»:

Զարմանալի չէ, որ բոլոր ՀՄԸՄ-ականները նո՛յն ուղեգիծը ունին, նո՛յն նկարագիրը, նո՛յն բնաւորութիւնը, նո՛յն ապրումը, եւ կը դաւանին նո՛յն սկզբունքները: Այո՛, այսպէս է, որովհետեւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականները հաւատարիմ են նոյն անփոփոխ եւ աներկբայ ճշմարտութիւններուն եւ արժէքներուն:

Հաւատարմութիւն ազգին եւ հողին, հաւատարմութիւն մեր տասնաբանեային, հաւատարմութիւն «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» վսեմ նշանաբանին:

Եղբա՛յր Երուանդ, յետ մահու կեանքով, կրկին պիտի ապրիս մեզի հետ եւ մանաւանդ` ՀՄԸՄ-ին:

Հալէպ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>