Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13497

Տիրամօր Պատկերաքանդակը Վերադարձաւ Հաղարծին. Հաղարծինի Շաբաթուան Առիթով

$
0
0

Img1_82016

Դէպի Հաղարծին տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու այս շաբթուան այցելութիւնը զուգորդուած է «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» եռուզեռով:

Շուրջ 100 կամաւորներ` կանաչ վերնաշապիկներով, այցելուներուն կը ներկայացնեն Հաղարծինի պատմութիւնը, կ՛ուղղորդէ վանքի շրջակայքը տեղակայուած հայկական օճառներու տաղաւար, Տաւուշի «Վանքի անուշ»-ի փոքրիկ արտադրամաս ու վարպետութեան դասերու հաւաքատեղիներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, մէկ շաբաթ շարունակ Հաղարծին պիտի ապրի արտակարգ դրութեամբ:

Img2_82016

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեանի համաձայն, «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» նախաձեռնութիւնը տարածաշրջանի երիտասարդութեանն է, անոնց քրտնաջան աշխատանքին եւ աջակիցներուն շնորհիւ յղացան ասիկա իրականութիւն դարձնելու նախաձեռնութիւնը: «Թեմի երիտասարդներուն մօտ այս մէկ տարուան ընթացքին անընդհատ նման ծրագիր մը կը խմորուի ու ասիկա կարծես իրենց անդրանիկ պտուղը ըլլայ: Ուզեցինք Հաղարծինի վանքին մէջ ըլլալ, որովհետեւ անիկա մեր միջնադարեան նշանաւոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն է, նաեւ երաժշտական կեդրոն, որ այսօր ալ կրնայ այդ փառքը վերադարձնել: Ամէնէն  նշանաւոր վարդապետներէն մէկը` Խաչատուր Տարօնցին այստեղ թաղուած է: Այստեղ գրուած է «Խորհուրդ խորին» շարականը, զոր մենք կ՛երգենք Սուրբ պատարագի ընթացքին: Այս բոլոր արժէքները թէ՛ հայերուն, թէ՛ արտասահմանցիներուն փոխանցելուն համար շուրջ 100 կամաւոր իրականացուցին այս նախաձեռնութիւնը», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

Img3_82016

15 օգոստոսին «Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» բացման պաշտօնական արարողութիւնը ազդարարուեցաւ նաեւ վանքի մասունքներէն մէկուն` Սուրբ Աստուածածինի պատկերաքանդակը Երեւանի պատմութեան թանգարանէն բերելու եւ եկեղեցւոյ խորանին վրայ զետեղելու միջոցով: «Երբ Հաղարծինի վանքը անմխիթար վիճակի մէջ էր, այստեղէն տարուած է Սուրբ Աստուածածինի նշանաւոր եւ դարաւոր պատկերաքանդակը, ինչպէս նաեւ մեծ աւազան մը, զոր մենք կը կարծենք Մկրտութեան աւազան եղած է` 450 քիլոկրամ կշիռ ունեցող, եւ այլ փոքր մասունքներ: Փորձեցինք այդ յիշողութիւնը վերականգնել` Սուրբ Աստուածածինի պատկերաքանդակը վերադարձնելով Հաղարծինի վանք, գոնէ այս ժամանակաշրջանին համար, որ մարդիկ ծանօթանան, թէ ի՛նչ սրբութիւններ պահուած են այստեղ: Մենք կ՛ուզենք մարդոց մօտ հաւատքը ամրապնդել, ասոնք միջոցներ են, որ իւրաքանչիւր անձ իր ձեւով կարենայ ինքնագնահատական տալ, ինքնաճանաչում կատարել եւ իր անձին վերադառնալ», նկատել տուաւ թեմի առաջնորդը:

Ընտրուած է այս ժամանակաշրջանը, որովհետեւ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնին յաջորդող 9 օրերը Աստուածամօր նուիրուած են, եւ հաւատացեալներ կ՛ուզեն այդ շաբթուան բոլոր օրերը գոհութեան օր դարձնել:

Ըստ Բագրատ սրբազանի, պատկերաքանդակը եօթը օր պիտի մնայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` դառնալով բոլորին յարգանքի առարկան: «Կը խնդրենք, որ Աստուածամայրը իր գորովանքով մեր կեանքը առաջնորդէ», աւելցուց հոգեւորականը:

Բագրատ սրբազանը յայտնեց, որ փառատօնը հաւանաբար աւանդական դառնայ` ներառելով այլ աշխարհագրութիւն եւս` Գոշավանք, Մակարավանք եւ Վարագավանք:

Img4_82016

«Հաղարծինի մշակութային շաբթուան» բացման արարողութեան ներկայ էին հիւրեր Երեւանէն, Էջմիածինէն եւ Տաւուշի տարբեր կողմերէն: Անոնց շարքին էին հոգեւորականներ, զինուորականներ, պաշտօնեաներ ու պարզ քաղաքացիներ: Ներկայ էին նաեւ Երեւանի փոխ քաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը, Տաւուշի փոխմարզպետ Լեւոն Սարգսեանը եւ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը:

Img5_82016

Հաղարծինի մէջ երեկոն հոգեւոր երգերով լեցուցին «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները», որոնց միացան նաեւ Տաւուշի մանկապատանեկան երգչախումբը:

Վանքի Անուշ

Տաւուշի թեմին մէջ կայ «Վանքի անուշ» անունով փոքրիկ արտադրամաս, ուր տեղացիները անուշ կը պատրաստեն Տաւուշի անարատ մթերքներէն: Մուրաբաները կը վաճառուին Հաղարծինի եւ Գոշավանքի մէջ: Այստեղ առաջին անգամ պատրաստուած է նուռի անուշ, որ մեծ տարածում գտած, պատմեց կամաւոր Մարիեթա Մանուչարեանը:

Զովացուցիչներու Հիւրասիրութիւն

Նախաձեռնութեան մասնակիցները առիթ կ՛ունենան համտեսելու Տաւուշի երիտասարդներուն կողմէ պատրաստուած կիտրոնի զովացուցիչ ըմպելի: Անի Բրուտեանի համաձայն, բոլորը սիրով լծուած են գործի, մինչեւ անգամ երեւանաբնակները դարձած են ժամանակաւոր տաւուշցիներ: «Մենք կիտրոնի հիւթ կը պատրաստենք տնային եղանակով: Հիւթը կը ներառէ կիտրոն, անանուխ, շաքար եւ ջուր», ըսաւ Անին` արհեստավարժ կերպով հիւթը քամելով գաւաթի մէջ ու ներկաներուն հիւրասիրելով:

«Ծիրանէ» Հայկական Արտադրութեան Օճառներ

Img6_82016

«Ծիրանէ» վաճառանիշի հիմնադիր Անահիտ Ստեփանեանի համաձայն, վաճառանիշին անունը ի պատիւ հայոց թագուհիներէն Ծիրանէի է: «Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին մէկ տեսականիով, որ նուիրուած է կիներու: Ներկայացուած են օճառներ մեխակի իւղով, սուրճի, քաքաույի, կոճապղպեղի, կասիայի, կիտրոնի բոյրով, շուշմայի եւ քթանի կաւեր, եւ նարինջի իւղով օճառներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հումքը ամբողջովին բնական է: Նարինջի ու կիտրոնի իւղերն անգամ ինք կը ստանայ:

Ա. Ստեփանեանի համաձայն, իրենք հետամուտ են օգտուիլ բնութեան բարիքներէն, իսկ Տաւուշի անտառներու բոյսերէն կը հաւնին լորենին, կ՛օգտուին խնկածաղիկէն, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի փորձեն ուսումնասիրել այլ բոյսեր եւս:

«Հաղարծինի մշակութային շաբաթ»-ը տեղի կ՛ունենայ 15-էն 21 օգոստոսին, Հաղարծինի վանական համալիրի տարածքին մէջ:

Տեղի կ՛ունենան նաեւ տարբեր նիւթերով նախաձեռնութիւններ, ժապաւէնի բացօթեայ ցուցադրութիւն եւ վարպետաց դասեր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13497

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>