Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

Արցախի Սխտորաշէն Գիւղի Միակ Բնակիչին Մասին Ժապաւէնը Ներկայացուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին

$
0
0

Skhtorashen_82016

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս, ներկայացուեցաւ հայկական արտադրութեան «Սխտորաշէն» ժապաւէնը:

Փառատօնի Հայկական համայնապատկեր ազգային մրցումին ներկայացուած ժապաւէնը Արցախի Սխտորաշէն գիւղի մասին է, որուն միակ բնակչուհին 83-ամեայ Լենա տատն էր:

Պատահաբար յայտնուելով Մարտունի շրջանի 30 տարիէ ի վեր ամայացած գիւղին մէջ` շարժապատկերի նկարահանող եւ լուսանկարիչ Գարեգին Պապոյեան տեսած էր Լենա տատը եւ որոշած` անոր մասին ժապաւէն նկարել:

Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Պապոյեան պատմեց, որ ինք լուսանկարիչ է եւ պատկերասփիւռի նկարահանող, ու ասիկա իր առաջին ժապաւէնն է:

«Լուսանկարելու նպատակով Ղարաբաղ գացած էի, տարբեր շրջաններու մէջ կը գտնուէի ու պատահաբար յայտնուեցայ Սխտորաշէնի մէջ: Միայն մէկ բնակիչ կար` Լենա տատիկը: Որոշեցի իր պատմութիւնը նկարել ու գացի: Երկու օրուան մէջ նկարեցինք ժապաւէնը», «Թերթ»-ին ըսաւ ան:

Երիտասարդ նկարահանողը նշեց, որ տատիկին համար անսովոր եղած է, երբ անոր առաջարկուած է նկարել իր մասին ժապաւէն, բայց համաձայնած է: «Կ՛ըսէր, որ չի սիրեր, երբ կու գան զինք նկարելու, բայց համաձայնեցաւ: Ան չէր ուզեր լքել գիւղը, որովհետեւ չէր ուզեր, որ անիկա քարտէսէն վերանար, կ՛ըսէր, որ եթէ անիկա կայ քարտէսին վրայ, ուրեմն կայ», նշեց ժապաւէնին հեղինակը:

Գարեգին Պապոյեան խոստովանեցաւ, որ նախատեսուած բեմագրութիւն չէ ունեցած: Ժապաւէնին բովանդակութիւնը եւ բեմագրութիւնը ծնած են 83-ամեայ կնոջ հետ երկու օր բնակելու ընթացքին:

Դժբախտաբար Լենա տատիկը 2 ամիս առաջ մահացած է, հիմա Սխտորաշէնը դատարկ է, ոչ մէկը այնտեղ կ՛ապրի: Կնոջ չորս որդիներն ալ, որոնք սփռուած են տարբեր վայրերու մէջ, դժուար թէ գիւղ վերադառնան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>