Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յեղափոխութիւնը Կը Միաւորէ Ազգը Ինչո՛ւ Զարմանալ… (Պանք Օթոման 120-Ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պանք Օթոման

Պանք Օթոման

«Այս գիրքին մէջ տրուած է նաեւ Պանք Օթոմանի գրաւումին պարագան, որուն մասնակցած են նաեւ հնչակեանները,  գրած է հեղինակը»:

«ԶԱՐԹՕՆՔ», 6- 4-2016

Լիբանանահայ քոյր մամուլի մը էջերուն լոյս տեսած վերոնշեալ տողերը, որոնք գրի առնուած են գիրքի մը ներկայացման առիթով չեն զարմացներ մեզ երբե՛ք, այլ ընդհակառակը` անոնք կ՛ոգեւորեն եւ կը ներշնչեն, աւելի՛ն. կ՛ամրապնդեն ու կ՛իմաստաւորեն յեղափոխական տրամաբանութեան ակունքները, որոնք կը վերաբերին հայրենիքի ազատագրութեան, հայ ժողովուրդի փրկութեան եւ պետականութեան կայացման:

Միթէ նման աշխարհահայեացքի եւ ազգային ըմբռնումի արտայայտութիւն չէ՞ր այս պարագային Պանք Օթոմանի գրաւումը, զոր այս օրերուն կը յիշենք եւ կ՛ուզենք յիշեցնել յառաջիկայ սերունդներուն, իբրեւ միասնական ու ոգեկան բարձրութեամբ կատարուած սրբազան արարք, ուղղուած ընդդէմ բարբարոս թուրքին ու անոր ետին կանգնած շահամոլ ու պատեհապաշտ եւրոպական երկիրներու:

Փաստօրէն, դաշնակցական մամուլը 120 տարիէ եւ ամէն պատեհ առիթի լոյսին կը բերէ յեղափոխական այս աքթին պարփակած խորհուրդն ու անժամանցելի կարեւորութիւնը: Եւ ահա յաւելեալ փաստարկ եւ պատմականօրէն ընդգծուած իրողութիւն մը եւս, թէ նման յեղափոխական-ցուցական գործունէութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ հնչակեան գործիչներ եւ յեղափոխականներ:

Ի դէպ, առաջին անգամ չէ եւ գնահատելիօրէն, որ հայ ընթերցողը «Զարթօնք»-ի էջերուն կը հանդիպի  Հայ դատի վրիժառուներու (Սողոմոն Թեհլիրեան, Նեմեսիսի, Լիզպոնի արարք եւ այլն) մասին տրուած յօդուածներու կամ ակնարկներու, որոնք վեր կ՛առնեն հայոց ազատագրական պայքարի քուրային իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներուն յիշատակը:

Մաղթելին այն է սակայն, մանաւանդ սփիւռքահայ մամուլի պարագային, որ կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր, ինք ձեռնարկէ, նախակարապետը հանդիսանայ, այլապէս  այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանի` պատմական թէ այժմու նմանօրինակ դէպքերու, դէմքերու եւ ազգանպաստ գործունէութիւններու մասին յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակելու ընդհանուր խորագիրի մը ներքեւ, որ կարելի է կոչել միասնականութեան էջ:

Հաւատացողն ենք, որ նմանօրինակ արտատպումներ (անշուշտ ըստ տուեալ թերթի խմբագրութեան հայեցողութեան) յաւելեալ առիթ պիտի հանդիսանան առաջին հերթին պաշտպանելու միասնականութեան ոգին եւ ապա զարկ տալու հայ գրաւոր մամուլի որոշակի դժուարութիւններու յաղթահարման:

Այլ խօսքով` հայ մամուլի ընթերցողը (ներառեալ` յօդուածագիրը), որ կարծես որոշ ժամանակ մը ետք պիտի դառնայ անգտանելի էակ, գէթ այս մօտեցումով, թէեւ շատ ուշացած, պիտի թարմանայ, քիչ մը խրախուսուի, հպարտանայ եւ կարենայ իր կարգին շնչաւորել շրջապատը, իր համեստ լուման բերելով գոյութենական մեր դարաւոր պայքարին:

Արդարեւ, ժամանակակից հայոց պատմութեան (19-րդ դարու աւարտ եւ 20-րդ դարու առաջին երեսնամեակ) ազգային ազատագրական պայքարի ամէնէն վաւերական շրջանը կարելի է նկատել ասիկա, այն առումով, որ նման հերոսական դարաշրջանի ազգի մը կողմէ նուիրումը եւ արեան հեղումը յանգեցուցին Հայաստանի անկախութեան եւ ազատ ապրելու մեր ժողովուրդի երազանքին իրականացման:

Այս առումով հարկ է դիտել եւ արժեւորել հայ յեղափոխութեան եւ մարտական գործունէութիւններու հիմնական շարժառիթն ու մղիչ ուժը եղող ֆետայիներու եւ յեղափոխական սերունդի քաջագործութիւնները:

Եթէ երբեք հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչո՛ւ հայ հրապարագրութիւնը առանձնապէս կեդրոնացած է Պանք Օթոմանի սխրանքին վրայ, արժեւորած եւ վեր առած զայն իրագործած յեղափոխական տղոց պատրաստակամութիւնը` դէպի թշնամին սլանալու եւ հարուածելու, ապա պատասխանը խարսխուած է նոյնինքն տուեալ հերոսական աքթին մէջ:

Ատենի Պոլսոյ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով ընթացք առած արարքը, հակառակ արիւնարբու սուլթանին կատարած ջարդերուն, խորքին մէջ յանդգնութեան եւ սուլթանը իր որջին մէջ հարուածելու կամքի ապացոյց մըն էր ու մանաւանդ` եւրոպական երկիրներու հանգիստը խանգարելու միտող արարք:

Իսկ այս արարքին հետ առնչութիւն ունեցող եւ հիմնարար դերակատար եղող դաշնակցական ֆետայի Բաբգէն Սիւնիի (Պետրոս Փարեան) անունն ու մեծութիւնը, այլապէս կը յուշէ, որ անոր գաղափարներուն շուրջ անպայման որ համախումբ տարրեր պիտի ըլլային, նոյնիսկ` տարբեր գաղափարական հոսանքներու եւ կուսակցութիւններու պատկանող:

Որովհետեւ, հակառակ իր 23-ամեայ տարիքին, ան կրցաւ գերազանցել ինքզինք եւ նետուիլ յեղափոխական քուրային մէջ, ցոյց տալով այնպիսի ունակութիւն, ուժ, եռանդ եւ գործի հանդէպ տրամադրուածութիւն, որուն դիմաց սերունդներ միա՛յն կրնան խոնարհիլ:

Շնորհիւ իր գաղափարական մարդու շեշտուած տիպարին եւ կազմակերպչական կարողութիւններուն, Բաբգէն Սիւնի շահեցաւ իր շրջապատին վստահութիւնը: Փաստօրէն անոր մտայղացումն էր հարուածել սուլթանին եւ եւրոպական երկիրներուն միջեւ առկայ կապերը եւ ատով վնասել ատոնց ելեւմտական-դրամատնային շահերը: Ան այս արարքով կը միտէր հայութեան սպանդները, բարենորոգումներու պահանջներն ու ամբողջ ազգի մը տառապանքը լուսարձակի տակ առնել:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ անոր աջակից էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանն ու Արշակ Վռամեան, որոնց գաղափարական ու ազգային շունչին տակ հասակ էր առած Բաբգէն Սիւնի: Աւելի՛ն. տուեալ գործողութեան թեւ ու թիկունք հանդիսացան յեղափոխութեան նուիրեալ առասպել տղաներ, ինչպէս` Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրիաքեան, Մուշեղ, Վարդան Շահպազ ու բազում հերոս տղաք, որոնք հիմքը հանդիսացան յեղափոխական այս արարքին:

Հայ յեղափոխութեան նուիրեալ Բաբգէն Սիւնիի անկոտրում կամքին, գաղտնապահութեան, աչալրջութեան եւ յարատեւողութեան շնորհիւ Պանք Օթոմանի գրաւման նախապատրաստական աշխատանքները հասան իրենց լրումին:

Փաստօրէն, ուխտեալ տղաները յաջողեցան շրջանցել Պոլսոյ մէջ գոյութիւն ունեցող սուլթանական ահաւոր ճնշումը, հայ դաւաճաններու ներկայութիւնն ու խայտաբղէտ լրտեսական ցանցերը, ապահովել եւ փոխադրել զէնքն ու զինամթերքը:

Յիշատակելի է նաեւ այն, որ 70 հոգիով կատարուելիք գործողութիւնը կ՛իրականանայ երկտասնեակ նուիրեալներու կողմէ, երբ վախկոտ, թուլամորթ եւ տկլոր մտքի ու հոգիի տէր  անհատներ մետասաներորդ պահուն չեն ներկայանար ճշդուած վայր եւ կը դառնան դասալիք:

14 օգոստոս 1896:

Կէսօրին արդէն ազդանշանը տրուած էր յարձակելու դրամատան վրայ: Մուտքին կը նահատակուի առիւծասիրտ Բաբգէն Սիւնի: Անմիջապէս եւ առանց վարանելու գործողութեան հրամանատարութիւնը կը ստանձնեն Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրիաքեան: Սաստիկ հրացանաձգութիւն, պայթումներ եւ արդէն հերոս տղաքը կը գրաւեն դրամատունը:

Ֆետայիները ունէին պահանջներ: Անոնք կը մէկտեղեն դրամատան մէջ գործող պաշտօնէութիւնը (օտար եւ տեղացի), եւ անոնց կը բացատրուի այս արարքին նպատակը: Հայ յեղափոխականները չէին եկած կողոպուտի, ոչ ալ սպանդի, այլ ունէին ազգային արդարացի պահանջներ: Այսուհանդերձ, դրամատան շուրջ ոստիկան ուժերը կը սեղմեն օղակը. ֆետայիները կը դիմադրեն յարձակող հորդաներուն եւ իրենց փամփուշտներուն ու ռումբերուն տարափին տակ ահ ու սարսափի կը մատնեն վայրագ ոստիկանութիւնը:

Տեղին է յիշել, որ Պանք Օթոմանի գրաւումին զուգահեռ տեղի կ՛ունենան Սամաթիոյ թաղամասի մարտերը, երբ ազնուասիրտ ու քաջ տղաներ, Խաչիկ Գնունիի ղեկավարութեամբ, կը դիմադրեն եւ արգելք կը հանդիսանան բազմաթիւ ոստիկան ուժերու դէպի դրամատուն յառաջխաղացքին:

Արդ, ընդգծելով հանդերձ Պանք Օթոմանի գործողութեան զգացականութիւնը, երբ մեր տղաքը կը հաւատան եւրոպական ներկայացուցչութիւններու յորդորներուն եւ միջնորդութեան, այսպէս ասած բարւոք լուծումի մը յանգումին թէ պահանջներու իրականացման առումով, եւ անոնք դուրս կու գան դրամատունէն, հարկ է շեշտադրել մէկ ու հիմնական սկզբունքայնութիւն մը, թէ հայ յեղափոխութիւնը ունէր յստակ թիրախ ու նպատակակէտ, որուն շուրջ համախմբուած կը գործէին յեղափոխական կուսակցութիւններն ու քաջասիրտ տղաները:

Այսօր, ի տես սփիւռքահայ կեանքի բազում դժուարութիւններու, տակաւ այլասերող սերունդներու, հայեցի դիմագիծով երիտասարդ շարքերու նօսրացման, հայ պետական մտքի ու հասունութեան որոշակի խարխափումին, արդեօք Պանք Օթոմանի սխրանքը իր գաղափարական, ազգային-յեղափոխական եւ պատմական արժեհամակարգով պատուար եւ ապաւէն չե՞ն յանուն ինքնաճանաչումի, ազգային գիտակցական մակարդակի բարձրացման եւ ինքնահաստատման:

Ինչո՞ւ նման պատմական հիմք ու խորք ունեցող յեղափոխական արարք մը կը մնայ լոկ դասագիրքերու կողմէ ընծայուած դիպաշար, երբ հայրենիքի ու սփիւռքի ամբողջ տարածքին հարկ է ուշադրութիւն դարձնել նման հերոսական արարքներու:

Երբ երէկի համայնակուլ թրքութիւնը իր աւերները կը շարունակէ գործել ներկայ ժամանակներու հարթակին վրայ, երբ ամէն քայլափոխի թուրք ազգայնական տարրն ու պետական մտածողութիւնը առանց դոյզն խպնանքի եւ բարձրագոռ կը գոչէ, թէ` «ամենալաւ հայը, մեռած հայն է», երբ թուրք բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը մտադիր է բնաջինջ ընել Հայ դատի ամէն պահանջ ու աշխատանք, անդին մենք` ազգովին կը շարունակենք անգիտանալ մօտալուտ թէ հեռակայ վտանգները, երգել ու աղօթել առանձնաբար, ասէկօսութիւն ծախել, զիրար ամբաստանել, տարակարծութիւններու կրկէսներ սարքել, հնաբոյր հարցեր ու խենեշ մտածումներ սերմանել, եւ այս բոլորը, երբ Արցախը կ՛ապրի իր ամէնէն դժուար ժամանակները, երբ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու բազում բնագաւառներ աւելի քան երբեք պէտք ունին անմիջական եւ անյետաձգելի օժանդակութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցէն ծնունդ առած աննման ու ազգային հերոս Բաբգէն Սիւնիներու եւ անոր համախոհ միւս նուիրեալներու արարքը` Պանք Օթոմանի գրաւումը, ցուցական, զգացապաշտ, իտէալական ու  համեստ աքթ մը ըլլալով հանդերձ, գերազանցապէս կը բովանդակէ պետական մակարդակի ու համազգային մասշտապի մարտունակութեան տարրեր եւ դէպի նպատակ սլացող անժամանցելի դասեր:

120-ամեակը հարկ է, որ առիթ մը հանդիսանայ վերարժեւորելու անոնց կատարած վեհափառ աքթը եւ ապացուցելու հայոց միասնականութեան ոգիին անբաժանելիութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>