Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յուլիսեան Պատերազմի Տասնամեակ. Դիմադրութիւնը Յաղթեց` Շրջանին Մէջ Պարտադրելով Ուժի Նոր Տարազ Մը

$
0
0

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Our-Truthful-Pledge_81316

Տասը տարիներ առաջ այսօր փակուեցաւ յուլիսեան պատերազմի վարագոյրը:

Ինչպէս ամբողջ պատերազմին ընթացքին, նոյնպէս ալ պատերազմին վերջին վայրկեաններուն Իսրայէլ բուռն կերպով ռմբակոծեց Լիբանանը` անկէ հեռանալէն առաջ թափելով իր վերջին մաղձը:

33 օրուան պատերազմը իրեն հետ բերաւ   թիւ 1701 անունով նոր բանաձեւ մը, որուն լոյսին տակ տասնամեակէ մը ի վեր Լիբանան-Իսրայէլ սահմաններուն վրայ խաղաղութիւն կը տիրէ:

Սակայն յուլիսեան պատերազմին հիմնական դասը այն էր, որ Դիմադրութիւնը յաղթեց Իսրայէլի` շրջանին մէջ պարտադրելով ուժի նոր տարազ մը:

Թէեւ Իսրայէլ մնայուն կերպով խախտած է, կը խախտէ եւ պիտի շարունակէ խախտել թիւ 1701 բանաձեւը` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, սակայն ուժի նոր տարազին շնորհիւ Դիմադրութիւնը կրցաւ պարտադրել ինքզինք եւ պատերազմէն պարտուած Իսրայէլին ստիպեց պահպանել խաղաղութիւնը` առանց նոր պատերազմի մը անխոհեմ քայլին դիմելու:

Յուլիսեան պատերազմի նոր դասերէն էր նաեւ այն, որ Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլ գերուժ չէ այլեւս: «Կոլանի» ընտրանի զօրամասով հպարտացող եւ իր բանակը անպարտելի կոչող պետութիւնը համոզուեցաւ, որ Դիմադրութեան մարտիկները շատ աւելի հզօր են, քան` իրենց ընտրանին, որ ուժասպառ ինկաւ իր իսկ սանձազերծած պատերազմին ընթացքին:

Այս իրականութենէն մղուելով է, որ Իսրայէլ կ՛երկմտի  Լիբանանի դէմ նոր յարձակում մը շղթայազերծելու, որովհետեւ այժմ գոյութիւն ունի կազմակերպութիւն մը, որ կրնայ հաւասարակշռել կացութիւնը եւ նոյնքան ու աւելի վնաս հասցնել Իսրայէլին եւ իսրայէլացիներուն, եթէ երբեք լիբանանեան շրջաններն ու երկրին ենթակառոյցները թիրախ դառնան ռմբակոծումի:

Աւելի՛ն. թշնամի Իսրայէլ, որ չի կրնար չհաւատալ «Անկեղծ խոստում»-ին տէր`  Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպառնալիքներուն, ահաբեկուած եւ սարսափած է Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան մարտիկներուն ստացած ռազմական փորձառութիւններէն` նկատի ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու դէմ Հըզպալլայի մղած մարտերը:

Յուլիսեան պատերազմի դասերէն էր նաեւ այն, որ սիոնական գոյացութեան կնքահօր` Միացեալ Նահանգներու կողքին, բացայայտուած են նաեւ արաբական երկիրներ, որոնք իրենց երկրորդական դերակատարութեամբ հանդերձ, ետ չեն մնացած Ուաշինկթընէն` Լիբանանի դէմ իր մղած պատերազմին առումով Իսրայէլի զօրակցելու առումով:

Դիմադրութեան պատրաստուածութիւնը, գաղափարաբանութիւնը, անոր մարտիկներուն կամքն ու կորովը, անձնազոհութեան գաղափարին համոզումը, Իսրայէլի մահ ցանկալու անոր կարգախօսը, Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուներուն օգտագործած մարտավարութիւններն ու ռազմավարական ճիշդ ծրագրաւորումները, ինչպէս նաեւ`  սէյիտ Նասրալլայի ներշնչած քաջութիւնը, վստահութիւնն ու վճռակամութիւնը անբաւարար պիտի ըլլային 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յաղթանակը ապահովելու, եթէ Դիմադրութեան նկատմամբ լիբանանեան ազգային միասնականութիւն չցուցաբերուէր: Լիբանան այդ պատերազմը յաղթեց, որովհետեւ միասնական էր, որովհետեւ այդ օրերուն իրարու հանդուրժելու առաստաղը բարձր էր, եւ որովհետեւ Դիմադրութեան մարտիկներն ու լիբանանեան բանակը իբրեւ մէկ բանակ կը կռուէին իսրայէլեան ուժերուն դէմ:

Դժբախտաբար, սակայն, այսօր, երբ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական լուրջ տագնապի մէջ է, վերոնշեալ երեք յատկանիշներէն մնացած է միայն վերջինը` բանակը եւ Դիմադրութեան մարտիկները տակաւին իբրեւ մէկ բանակ կը կռուին, այս անգամ իսրայէլեան այլ տարբերակի մը` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ եւ Լիբանանը կը պահպանեն անոր վտանգներէն: Միւս կողմէ, լիբանանեան միասնականութիւնը մահաքունի մէջ է, իսկ իրարու հանդուրժելու առաստաղը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի:

Հետեւաբար յուլիսեան պատերազմը ներքին լիբանանեան առումով նաեւ ուսանելի է, սակայն այս օրերուն ոչ ոք կ՛ուզէ դասեր քաղել այդ իրականութենէն, հաւանաբար որովհետեւ լիբանանցին չի կրնար օտարի ծրագիրներուն ծառայելու իր ինքնութենէն դուրս գալ` խաղաղ պայմաններու մէջ:

Դիմադրութեան Եւ Արձանագրուած Յաղթանակին Մասին Կեցուածքներ

Զօր. Էմիլ Լահուտ. Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Դիմադրութեան ուժը անոր մարտիկներուն  եւ անոր անդամներուն անձնազոհութեան պատրաստակամութեան մէջ է:

«Շատեր Դիմադրութեան արժէքին ու կարեւորութեան գիտակցեցան 2006-ի յուլիսեան պատերազմին, իսկ ոմանք Դիմադրութեան մասին իմացան 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումով», ըսաւ ան:

hizballa1_81316

Զօր. Լահուտ շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմը բացայայտեց Իսրայէլն ու Լիբանանի մէջ անոր ախորժակները, սակայն հակառակ այդ ախորժակներուն` իսրայէլեան ուժերը չկրցան Լիբանանի մէջ գիւղ մը իսկ գրաւել:

«Ինչ որ օրին կատարեցի, իմ պարտականութեանս ծիրին մէջ էր, իսկ Լիբանան իր ուժով հզօր է եւ ոչ տկարութեամբ: Ես բառին բուն իմաստով հաւատացած եմ Դիմադրութեան եւ բախտաւոր կը զգամ, որ իմ իշխանութեանս տարիներուն Դիմադրութիւն գոյութիւն ունէր: Իսկ այսօր Լիբանան ամբողջ աշխարհին դէմ կը կանգնի` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ իր հաշիւները կը կատարէ` նախքան Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակում սանձազերծելու մասին մտածելը», ըսաւ ան:

Զօր. Լահուտ ողջունեց Դիմադրութիւնը` շեշտելով, որ արաբական երկիրներուն մէջ բոլորը ծունկի եկած են բացի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, որ համաշխարհային բռնարարքներուն տոկաց` հաւատքով ու համոզումով պաշտպանելով Դիմադրութեան ուղեգիծը:

Զօր. Միշել Աուն. Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն զօրակցելու ի նպաստ իրենց որդեգրած կեցուածքը բնական էր: «Այս է ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան աւելցնելով, որ ինք ստացած է կարգ մը սպառնալիքներ, որոնք պարտադրած են իրեն պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան նկատմամբ իր կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկել:

«Բայց եւ այնպէս ես յորդորեցի լիբանանցիները տոկալու եւ մնալու Դիմադրութեան կողքին: Իսկ եթէ յուլիսեան պատերազմը ձախողեցաւ հարուածել Լիբանանը եւ հոն սադրանքներ նախապատրաստել, ապա այդ մէկը կատարելու իմաստով յաջողութիւն արձանագրեց հաւատադրժողական ահաբեկչութեան պատերազմը, որ հարուածեց ամբողջ շրջանը եւ ի շահ Իսրայէլի սադրանքներ նախապատրաստեց», ըսաւ ան:

hizballa_81316

Զօր. Աուն յայտնեց, որ յուլիսեան պատերազմին նահատակուած բանակայիններն ու Դիմադրութեան մարտիկները կարելի չէ իրարմէ անջատել, որովհետեւ անոնք նահատակուեցան նոյն նպատակին եւ նոյն հայրենիքին համար եւ ինկան նոյն թշնամիին գնդակով:

«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իւրայատուկ ղեկավարի տիպար մը կը ներկայացնէ. ան ուժ մըն է, որ թուլամորթութիւն չի ճանչնար եւ մինչեւ յաղթանակ կը մարտնչի», ընդգծեց զօր. Աուն:

Սլէյման Ֆրենժիէ. Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք լաւ կը յիշէ, թէ զգացական առումով սէյիտ Նասրալլայի որքան վերիվայրումներ կ՛ապրէր յուլիսեան պատերազմի յաղթանակէն ետք:

«Մէկ կողմէ ան յուզուած էր եւ տխուր` արձանագրուած նահատակներուն համար, իսկ միւս կողմէ` ան ուրախ էր Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալ` Դիմադրութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութեան համար», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր կեանքին ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն կարեւորագոյնը յուլիսեան պատերազմէն ետք սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ ունեցած հանդիպումը եղած է:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Դիմադրութեան եւ սէյիտ Նասրալլայի: «Մենք կը զօրակցինք արդարութեան եւ իւրաքանչիւր մարդու, որ կ՛ընդդիմանայ անարդարութեան: Մենք տէր կը կանգնինք արաբական մեր ինքնութեան եւ չենք հրաժարիր մեր կեցուածքէն, որուն նկատմամբ պատմական կառչածութիւն ունինք», շեշտեց ան:

Սամիր Ժահժահ. Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յուլիսեան պատերազմի տասնամեակին առիթով ըսաւ. «Կը նկատենք, թէ լիբանանեան պետութիւնը, յատկապէս բանակն ու ապահովական օրինական կառոյցները առանձինն կը պաշտպանեն Լիբանանը»:

Թալալ Արսլան. Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ յուլիսեան պատերազմին առիթով իրենք կը վերահաստատեն իրենց սկզբունքները` Դիմադրութեան սատարելու առումով:

«Մենք Դիմադրութեան նեցուկ կանգնած ենք, կը կանգնինք եւ պիտի կանգնինք», հաստատեց Արսլան` զօրակցութիւն յայտնելով նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի:

Մոհամետ Ֆընէյշ. Պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի սկիզբէն ի վեր Հըզպալլա կառավարութենէն չպահանջեց Խըլլեթ Ուարտէի մէջ Դիմադրութեան կատարած իսրայէլացի զինուորներուն գերեվարութեան գործողութեան զօրակցիլ, սակայն միաժամանակ անընդունելի էր կառավարութեան այն կեցուածքը, թէ ինք կը մերժէ Դիմադրութեան կատարած գործողութիւնը: «Այդ կեցուածքով կառավարութիւնը դրժած կ՛ըլլար իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ վաւերացուած կէտը եւ իր հովանաւորութենէն դուրս կը բերէր Դիմադրութիւնը, ինչ որ իսրայէլեան-ամերիկեան պահանջ մըն էր` պատերազմին առաջին իսկ օրէն: Այդպիսով ալ լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւնը ի յայտ եկաւ առաջին օրէն իսկ:

israel5_81316

«Պատերազմի սպառնալիքը եւ այդ գործողութեան չարաշահումը` քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար, եղաւ քաղաքական հակառակորդ ուժերուն որդեգրած ուղեգիծը: Դիմադրութեան հակառակորդ ուժերը կը նկատուէին շրջանային յարաբերութիւններուն այն բաժինին մէջ, որ ամերիկեան քաղաքականութեան հետ կը հանդիպէր եւ այդ պատերազմին մէջ գտած էր քաղաքական նպատակներ իրագործելու առիթ մը», ընդգծեց Ֆընէյշ:

Շէյխ Նապիլ Քաուք. Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ սէուտական վարչակարգը, Իսրայէլի հետ իր մտերմութեան, այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն քաղաքականութեամբ, Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի դէմ բռնարարք կը գործէ, արաբականութեան սիրտը կը դաշունահարէ եւ կ՛անարգէ Սէուտական Արաբիան:

«Սէուտական-իսրայէլեան յարաբերութիւնները կը վարկաբեկեն արաբականութիւնը, մինչդեռ 2006-ի յուլիսեան պատերազմի յաղթանակը արաբականութիւնը զարդարած է արժանապատուութեամբ, յաղթանակով եւ փառքով», ըսաւ Քաուք: Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան պետը վերջերս բացայայտած է փատեր, որոնց համաձայն, սէուտական վարչակարգը Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումին, այլ խօսքով` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին եղած է Իսրայէլի գործընկերը:

israel_81316

«Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան պատերազմէն տասը տարիներ ետք իսկ Դիմադրութեան դէմ Սէուտական Արաբիոյ սանձազերծած տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ տեղեկատուական արշաւէն աւելի քան տարի մը ետք, Դիմադրութիւնը` զինուորապէս, քաղաքական գետնի վրայ եւ ժողովրդականութեամբ աւելի եւս կը հզօրանայ: Սուրիոյ մէջ կացութիւնը այսօր շատ աւելի լաւ է, քան` նախորդ փուլին: Մենք մեր պարտականութիւնները պիտի շարունակենք կատարել` պաշտպանելու համար երկիրն ու ժողովուրդը: Մենք յաղթանակներու ուղիով պիտի քալենք` արագացնելով Սուրիոյ մէջ բոյն դրած հաւատադրժողական ծրագիրին եւ մտայնութեան տապալումը: Այսպիսով, մենք պահպանած պիտի ըլլանք Լիբանանը, որ ապահովական իր կայունութիւնը պահպանելու իմաստով անկարելիութեան դիմաց պիտի գտնուի, եթէ երբեք Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը արմատախիլ չըլլայ», եզրափակեց շէյխ Քաուք:

Հիւսէյն Հաժ Հասան. Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլա դիմադրող կուսակցութիւն մըն է, որ քաղաքական իր կշիռը ունի թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ խորհրդարանին մէջ: «Այս բոլորէն բացի, Հըզպալլա ներկայութիւն է նաեւ քաղաքապետարաններուն, թաղապետութեան, պետական մարզին, սենտիքաներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` տեղեկատուական, կրթական, սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ այլն: Հըզպալլա հետզհետէ աւելի կը զօրանայ եւ անոր քաղաքական ներկայութիւնը գերակշիռ կը դառնայ», շեշտեց Հաժ Հասան:

Ան նշեց, որ յուլիսեան պատերազմէն ետք նոր մարտահրաւէրներ արձանագրուած են, որոնցմէ հիմնականը հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնն է, «իսկ ինչպէս 2006-ին Դիմադրութիւնը տապալեց Իսրայէլը, յառաջիկային ան պիտի յաղթէ նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան», աւելցուց ան:

Ալպեր Մանսուր. նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը անկիւնադարձային եւ հիմնական փուլ մըն է` արաբեւիսրայէլեան տագնապին առումով, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան եւ բանակին միջեւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումով:

hizballa2_81316

Մանսուր շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքը Իսրայէլի դէմ գործածելու իրականութենէն կը բխի Դիմադրութեան օրինականութիւնը:

«Եթէ Քուսայրի մէջ Դիմադրութիւնը յաղթած չըլլար, ապա հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը կանգնած պիտի ըլլար Լիբանանի սեմին: Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակը նպաստած է Լիբանանի պաշտպանութեան», ըսաւ Մանսուր` զարմանք յայտնելով, թէ ոմանք պահանջած են Լիբանանի հիւսիսային սահմաններուն վրայ միջազգային ուժերու տեղակայումը:

«Արդեօք այդ ուժերը կրնա՞ն դիմադրել հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն», հարց տուաւ Մանսուր:

Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան. Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային յարաբերութիւններու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան շեշտեց, որ շրջանին եւ աշխարհին ապահովութիւնը այսօր պարտական են Դիմադրութեան եւ անոր նահատակներուն, որոնք Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ այդքան պայքարած են:

Յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին 10-ամեակին առիթով Ապտելլահեան շնորհաւորեց Լիբանանը, լիբանանցիները, Լիբանանի կառավարութիւնը եւ Դիմադրութիւնը:

«Հըզպալլա ամբողջ շրջանին հպարտութեան եւ փառքի աղբիւրն է: 33 օր տեւած պատերազմին ընթացքին Հըզպալլա կրցաւ փաստել սիոնական գոյացութեան ստախօսութիւնը եւ ենթադրութիւնները, թէ ինք շրջանին մէջ հսկայ եւ անպարտելի ուժ մըն է»:

Իսրայէլ Կը Յիշէ 2006-ի Պատերազմին Ձախողութիւնը. «Նոր Արկածախնդրութիւններ Չենք Ուզեր»

Հակառակ իսրայէլեան յարձակողական բնաւորութեան եւ սպառնական ոճին, յուլիսի կիսուն իսրայէլեան կառավարութեան գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին արձանագրուեցան կեցուածքներ, որոնք կը վերաբերէին յուլիսեան պատերազմին:

israel1_81316

2006-ի պատերազմին մասին արտայայտուեցան նաեւ իսրայէլացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ եւ դիւանագէտներ, որոնք հաստատեցին, թէ Հըզպալլայի հետ նոր արկածախնդրութիւններ չեն փափաքիր ապրիլ: Անոնք շեշտեցին, որ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ մեծագոյն սպառնալիքը կը նկատուի:

Ստորեւ կ՛անդրադառնանք իսրայէլեան այդ կեցուածքներուն մէկ մասին:

Ռուվին Ռիվլին. Իսրայէլի նախագահ Ռուվին Ռիվլին անհրաժեշտ նկատեց, որ իսրայէլեան ուժերը համախմբուին իսրայէլեան ճակատին վրայ, որպէսզի որեւէ ապահովական զարգացումի պարագային, Իսրայէլ պատրաստ ըլլայ մղելու յաջորդ պատերազմը, որ շատ դժուար կրնայ ըլլալ,  եւ Իսրայէլ պէտք է այդ պատերազմէն յաղթական դուրս գայ:

Ռիվլին կոչ ուղղեց իսրայէլացի զինուորական պատասխանատուներուն` յաջողութիւն արձանագրելու յաջորդ պատերազմին, «այլապէս Իսրայէլ յաղթելու ուրիշ առիթ մը պիտի չունենայ, որովհետեւ Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլը ջնջելու իր ջանքերը», հաստատեց ան:

Պենիամին Նեթանիահու. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ոչ միայն 10, այլ 16 տարի ետ երթալով` անդրադարձաւ 2000-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ հարաւային Լիբանանի ազատագրման առիթով արտասանուած խօսքին, որուն մէջ ան Իսրայէլը որակած էր  սարդոստայն մը:

«Ոեւէ անձ, որ Իսրայէլը կը նկատէ սարդոստայն մը, իր դիմաց պիտի գտնէ պողպատեայ պատ մը եւ երկաթեայ բազուկ մը: Եթէ անոնք մեզի դէմ կռուին, ապա մեր պատասխանը պիտի ըլլայ ուժգին», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ Իսրայէլի համար հաճելի չէ նոր պատերազմի մը մէջ ներքաշուիլ: Ան հաստատեց, որ եթէ իրենց երկիրը խաղաղ մնայ, ապա միւս կողմն ալ խաղաղութեան մէջ պիտի ապրի, «սակայն եթէ դիմացինը յանդգնի յարձակում մը գործել Իսրայէլի դէմ, ապա ան պիտի ստանայ զօրաւոր պատասխան մը: Հետեւաբար պէտք է հեռանալ պատերազմի եւ անոր դրդապատճառներուն հաւանականութենէն», ըսաւ Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը Քնեսեթի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ընդունեց Իսրայէլի պարտութիւնը` ընդգծելով, որ 2006-ի պատերազմը իր նպատակները չէ իրականացուցած. ան նշեց սակայն, որ իսրայէլեան բանակը շատ բան սորված է իր սխալներէն:

dahie_81316

«Լիբանանի դէմ երկրորդ պատերազմին ընթացքին արձանագրուեցան բացթողումներ` ռազմավարական եւ մարտավարական մակարդակներու վրայ: Մենք պատերազմը յանպատրաստից կերպով մղեցինք, իսկ պատերազմէն առաջ տիրող սխալները կարելի չէ անջատել պատերազմին հետեւանքներէն, որովհետեւ բացթողումներուն եւ պատերազմին պարտութեան կողքին, Հըզպալլա շարունակեց Իսրայէլը ներկայացնել իբրեւ տկար պետութիւն մը, որ անկարող է ինքզինք պաշտպանելէ», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ ներկայիս իսրայէլեան բանակը կազմ ու պատրաստ է եւ կրնայ ուժգին հարուածներ հասցնել դիմացինին, որեւէ պատերազմի մը պարագային:

«Հըզպալլա իրանեան թեւ մըն է եւ իրանեան զօրակցութեամբ Լիբանանը վերածած է զինամթերքի հսկայ պահեստանոցի մը», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով, որ Իսրայէլի համար կարմիր գիծերը յստակ են, եւ թէ անոնք պիտի արգիլեն Իրանի եւ Սուրիոյ կողմէ արդիական զէնքերու յանձնումը Հըզպալլային:

«Իսկ ո՛վ որ կը կարծէ, թէ կրնայ մեզ հարուածելով փախուստ տալ, չարաչար կը սխալի, որովհետեւ անիկա անպատասխան պիտի չմնայ», սպառնաց ան:

Նեթանիահու Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ պատերազմը նկարագրեց իբրեւ ծայրայեղականութեան եւ չափաւորականութեան միջեւ պատերազմ մը` Իսրայէլը դասելով Արեւմուտքի եւ արաբական չափաւորական երկիրներու շարքին, իսկ Հըզպալլան հաւասարեցնելով աշխարհի ազատութեան եւ չափաւորականութեան սպառնացող արմատական եւ ծայրայեղական իսլամականութեան ուղեգիծին:

«Հըզպալլա եւ Համաս մեր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իրանեան առաջնագիծեր կը նկատուին, իսկ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ պատահածը այդ շարժումներուն շարունակութիւն կարելի է նկատել: Իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչութիւն մը, որ կը հարուածէ ազատութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը` ոչ միայն Իսրայէլի մէջ, այլ` Փարիզի, Նիսի, Պրիւքսէլի եւ Օրլանտոյի մէջ», ըսաւ ան:

Աւիկտոր Լիպըրմեն. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմեն յայտնեց, որ յաջորդ պատերազմը տարբեր պիտի ըլլայ, աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ երկրորդ պատերազմէն 10 տարի ետք Իսրայէլ տակաւին կը յիշէ այդ պատերազմը, որ իսրայէլացիներուն համար տակաւին կոտտացող վէրք մըն է:

«Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ տիրող հանդարտութիւնը կը պարտադրէ, որ իսրայէլեան բանակը ըլլայ զգաստ եւ որեւէ չարիքի պարագային հակահարուած հասցնէ դիմացինին», ըսաւ ան:

Լիպըրմեն աւելցուց, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանամերձ շրջանին մէջ կացութիւնը բարդ է, հետեւաբար պէտք է խոհեմ եւ իմաստուն ըլլալ` բարելաւելով իսրայէլեան բանակին զինուորական կարողութիւնները: Լիպըրմեն յայտնեց, որ Իսրայէլ արկածախնդրութիւններ չի փնտռեր, «սակայն իսրայէլեան ուժերը պատրաստ են, իսկ Լիբանանի դէմ վերջին պատերազմի բացթողումները` սրբագրուած», ըսաւ ան:

Լիպըրմեն աւելցուց, որ իսրայէլեան ուժերը յաջորդ պատերազմին համար պատրաստ են, միաժամանակ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արգիլելու համար այդ պատերազմին բռնկումը:

Իցհաք Հերցուկ. Քնեսեթի մէջ իսրայէլեան ընդդիմութեան նախագահ Իցհաք Հերցուկ շեշտեց, որ ինք կ՛ընդունի 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի արձանագրած պարտութիւնը` շեշտելով, որ Իսրայէլի դիմագրաւած միակ լուրջ սպառնալիքը Հըզպալլան է, որ հետզհետէ աւելի կը հզօրանայ` Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն մասնակցելու շնորհիւ:

Հերցուկ անհրաժեշտ նկատեց, որ Իսրայէլ պատերազմի նոր պատկերացումներ ունենայ` կարենալ պաշտպանելու համար Իսրայէլն ու իսրայէլացիները:

Ցիփի Լիվնի. Քնեսեթի անդամ Ցիփի Լիվնի յայտնեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ զինուիլ, աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմը բարելաւած է անոր կարողութիւնները: «Հետեւաբար Իսրայէլի սպառնալիքը տակաւին առկայ է», շեշտեց ան:

Ղատի Այզընքոթ. Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ղատի Այզընքոթ 2006-ի պատերազմի տասնամեակին առիթով յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը դասեր քաղած է իր սխալներէն, ինչ որ նպաստած է իսրայէլեան բանակին պաշտպանական կարողութիւններուն հզօրացման:

2016-ի իսրայէլեան բանակը կազմ ու պատրաստ բանակ մըն է. ան լաւապէս մարզուած է, եւ արտակարգ պայմաններն ու պատերազմները դարձած են անոր առաջնահերթութիւնները:

«Իսրայէլեան բանակին մարտական սկզբունքներն ու կառոյցը պատշաճեցուած են ներկայիս տիրող իրականութեան», ըսաւ Այզընքոթ` աւելցնելով, որ Լիբանանի կողմէ սպառնալիքը տակաւին գոյութիւն ունի, եւ իսրայէլեան ուժերը պատրաստ են որեւէ բեմագրութեան:

Տենի Տանոն. ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի մնայուն ներկայացուցիչ Տենի Տանոն Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրեց ճիգ չխնայել հարաւային Լիբանանէն վերացնելու համար Հըզպալլայի ահաբեկիչները:

Ան շեշտեց, որ գաղտնի սպասարկութիւններու տեղեկութիւններուն համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող Շաքրա գիւղաքաղաքը վերածուած է Հըզպալլայի զէնքի պահեստանոցի, հրթիռներու եւ հրթիռային մարտկոցներու յատուկ վայրի մը:

Տանոն նշեց, որ երբ 2006-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը թիւ 1701 բանաձեւը որդեգրեց, Հըզպալլա 7 հազար հրթիռ ունէր, «իսկ այսօր ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը ունի աւելի քան 120 հազար հրթիռ, որոնք թիրախ պիտի դարձնեն իսրայէլեան բնակեցման վայրերն ու իսրայէլացիները», ըսաւ ան:

israel-ar_81316Անկախ իսրայէլացի պատասխանատուներուն արտայայտութիւններէն, իսրայէլեան մամուլն ու գաղտնի սպասարկութիւնը կը յուշեն իսրայէլեան նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակն ու Հըզպալլան կը պատրաստուին նոր պատերազմի մը:

«Հիւսիսային Իսրայէլը այսքան երկարատեւ խաղաղութիւն չէ ապրած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկու կողմերը լրջօրէն կը պատրաստուին պատերազմի», նշուեցաւ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի մէջ:

Ըստ օրաթերթին, Հըզպալլա Հարաւային արուարձաններուն մէջ վերակառուցած է 2006-ին Իսրայէլի քանդած բոլոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ վերականգնած է զինուորական իր կարողութիւնները, հետեւաբար ներկայիս ոչ ոքի համար նպաստաւոր է նոր պատերազմի մը բռնկումը:

«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը գրէ նաեւ, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ նոր պատերազմ մը չբռնկեցնելու իմաստով ծանր կշիռ կը ներկայացնեն Իսրայէլի դէմ սէյիտ Նասրալլայի սպառնալիքները, որոնց շրջագիծին մէջ իսրայէլեան քաղաքներն ու կեդրոնները քանդելու հաստատումներ կան, նկատի ունենալով, որ իսրայէլացի պատասխանատուներուն կողմէ Նասրալլայի սպառնալիքներուն նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի:

Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին նախագահ Ամոս Եատլին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ երրորդ պատերազմ մը բռնկելու պարագային, Իսրայէլ պիտի հարուածէ ամբողջ Լիբանանի ենթակառոյցները` հաստատելով, որ յաջորդ պատերազմը միայն Հըզպալլայի դէմ պիտի չըլլայ:

«Լիբանանի դէմ երրորդ պատերազմին ընթացքին պէտք է Լիբանանին ծանր հարուածներ հասցնել, ելեկտրականութեան ենթակառոյցն ու հաղորդակցութեան միջոցներու ցանցերը քանդել, որպէսզի լիբանանեան պետութիւնը սուղ վճարէ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ գործուելիք յարձակումին գինը», ըսաւ ան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>