Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Արամ Ա. Քահանայ Գլընճեանի Յիշատակին

$
0
0

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ

Der-Aram_80616Սիրելի՛ տէր հայր,

Անժամանակ ձեր վախճանումին գոյժը առնելով` երկա՜ր մտածեցի ձեր մասին եւ հասայ այն եզրակացութեան, թէ որքա՜ն բախտաւոր եղած եմ ձեզ ճանչնալով: Արդարեւ, «տէր հայր» բառը իմ մտքիս մէջ միշտ նոյնացած եղած է ձեր անձին հետ` ձեր բարի օրինակին եւ քաղցր ժպիտին ընդմէջէն:

80-ական թուականներուն, երբ ես փոքր երեխայ կը յաճախէի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանը` դուք եղաք մեր կրօնի ուսուցիչը: Ձեր դասաւանդելու կերպը, որ այնքան պարզ էր եւ հրապուրիչ, մեր սրտերուն մէջ ցանեց Աստուծոյ եւ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ սերմերը: Ձեր դասաւանդութիւնը կապուած չեղաւ միայն գիրքին, որովհետեւ ամէն առիթ օգտագործեցիք խօսելու մեզի` մեր հոգիին մէջ դրոշմելով քրիստոնէական բարոյագիտական ազնիւ սկզբունքներ: Դասապահերուն ընդմէջ, զբօսանքներու ընթացքին, յաճախ դուք ալ մնացիք բակին մէջ, քալեցիք, ինչպէս կը ճեմէին մեծ ուսուցիչները, լսեցիք մեր զուարճախօսութիւնները եւ ուղղեցիք մեր սխալները: Հոգեկան հրճուանք էր ձեզի աշակերտ ըլլալը, որովհետեւ հօր մը նման մեզի տուիք սէր ու գուրգուրանք: Մեզ միշտ քաջալերեցիք, որ եկեղեցի յաճախենք: Մեզի այնքա՜ն յստակ խօսեցաք Ս. հաղորդութեան կարեւորութեան մասին: Սորվեցուցիք, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ որ մենք ենք եկեղեցին: Ձեր քարոզները միշտ եղան ներշնչող… Մեզի տուիք քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւն:

Տարիներ անցան, ես ալ քահանայ եղայ: Օր մը, երբ ծխականներէս խումբ մը մարդիկ հարցուցին, թէ ինչպէ՛ս որոշեցի քահանայ ըլլալ, առանց երկար մտածելու` ըսի. «Մանկութեանս ունեցած եմ լաւ քահանայ մը, որ որպէս մեր հոգեւոր հովիւը, զիս Աստուծոյ առաջնորդեց. ես ալ ուզեցի իրեն պէս ըլլալ»: Դժբախտաբար այս խօսքերը անձնապէս ձեզի ըսելու առիթը երբեք չունեցայ. բայց կը յուսամ, որ հիմա կը լսէք երախտապարտ աշակերտի իմ անկեղծ զգացումներս ձեզի հանդէպ, սիրելի՛ տէր հայր:

Անցնող կիրակի կարդացինք Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերը. «Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը, որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը, որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը» (Բ. Տիմ 2:15): Ձեր հաւատքով եւ բարի գործերով եղաք Աստուծոյ ընտիր մշակը: Ուսուցանեցիք Աստուծոյ պատգամը եւ ծաղկեցուցիք Տիրոջ անդաստանը: Եւ հիմա վստահ եմ, որ կը լսէք Տիրոջ ձայնը, որ կ՛ըսէ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ… եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան (Մտ 25:23):

Արտասուքի ջի՜նջ կայլակներ եւ անուշաբո՜յր պտղունց մը խունկ` ձեր անթառամ յիշատակին:

Նիւ Եորք

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>