Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահի Ո՞ր Թեկնածուն Աւելի Լաւ Դիրքորոշում Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Harut Sassounian1
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Այժմ, երբ Հիլըրի Քլինթըն եւ Տանըլտ Թրամփ ընտրած են փոխ նախագահի պաշտօնի իրենց թեկնածուները, հայ դեմոկրատականները կը պնդեն, որ ծերակուտական Թիմ Քէյն աւելի լաւ դիրքորոշում ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, իսկ հանրապետական հայերը կը պնդեն, որ այս հարցով կը նախընտրեն նահանգապետ Մայք Փենսը: Սակայն, աւելի կարեւոր է հարց տալ, թէ այդ ի՞նչ կարեւորութիւն ունի:

Ռիչմընտի քաղաքապետ եւ Վիրճինիայի նահանգապետ եղած տարիներուն Թիմ Քէյն աջակցած է հայկական տարբեր հարցերու, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: Իբրեւ ծերակուտական` ան չէ հովանաւորած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, սակայն կողմ քուէարկած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, ապրիլ 2014-ին, միայն Թուրքիոյ մասին բոլոր յիշատակումները բանաձեւէն հանելու պահանջէն ետք: Ան կը փափաքէր ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնը` առանց Թուրքիոյ կառավարութիւնը վիրաւորելու… Ծերակուտական Քէյն նաեւ չէ աջակցած ներկայիս քննարկուող Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին:

2014-ին ծերակուտական Քէյն ստացած է միջին թուանշան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, որովհետեւ ան`

  1. Պնդած է, որ մեղմացնեն Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի բնագիրը` նախքան ատոր օգտին քուէարկելը:
  2. Ելոյթ չէ ունեցած ծերակոյտին մէջ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան:
  3. Չէ մասնակցած Քափիթոլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան:
  4. Չէ հովանաւորած Հայիթիի եւ Հայաստանի անտառապատման որոշումը:

Տանըլտ Թրամփի փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուն` Ինտիանայի նահանգապետ Փենս եւս փոփոխական դիրքորոշում ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, երբ Քոնկրեսի երեսփոխան էր 2001-2013: Իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ` ան 2005-ին քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի օգտին, սակայն դէմ քուէարկեց 2007 եւ 2010 թուականներուն` մտահոգուած, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վրայ: 2012-ին, Քոնկրեսին մէջ իր վերջին տարին, Փենս ստացաւ միջին թուանշան` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:

Ստորեւ ներկայացուած են հատուածներ քոնկրեսական Փենսի ելոյթէն` արտասանուած արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի մէջ, 4 մարտ 2010-ին.

«… Կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուած է անցեալ դարասկիզբին, եւ ատիկա երբեք պէտք չէ մոռցուի… Այն փաստը, որ աւելի քան մէկ միլիոն քրիստոնեայ սպաննուած է, ինծի համար այդ կորուստը կը դառնայ աւելի անձնական»:

Քոնկրեսական Փենս կը շարունակէ. «Թէեւ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք այս ցեղասպանութիւնը եւ կորսուած կեանքերը, ինչպէս նաեւ` մինչեւ այսօր տակաւին դառնացած կեանքերը, ցաւօք սակայն, ես չեմ կրնար աջակցիլ այս բանաձեւին… Հիմա ժամանակը չէ այս յանձնաժողովին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին համար այս հարցով զբաղելու… Թուրքիա ռազմավարական գործընկեր է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ մեր շարունակական ջանքերուն: Անոնք կը կիսեն մեր շահերը միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ® Ես այսօր յարգանքով կանգնած եմ այս բանաձեւին ընդդիմացողներու շարքին, սակայն խոր յարգանք կը տածեմ նկատմամբ բոլոր անոնց, որոնք այս յանձնաժողովին մէջ են,  եւ` անոնց, որոնք մեզի կը  հետեւին, որպէսզի հայ ժողովուրդին ձայնը լսելի դառնայ այս հարցով: Թէեւ ես չեմ կրնար աջակցիլ այս բանաձեւի ընդունման, սակայն անոնք գոնէ թող գիտնան, որ այս ամերիկացին կը հասկնայ իրենց կորուստը, կը ճանչնայ տարիներ առաջ տեղի ունեցած այդ ողբերգական իրադարձութիւնները եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ընտանիքներուն, որոնք տակաւին կը կրեն այն բեռը, որ, ըստ էութեան, ցեղասպանութիւն էր: Ես կոչ կ՛ընեմ իմ գործընկերներուս` դէմ քուէարկել այս բանաձեւին…»:

Ծանօթանալով այս հարցին վերաբերեալ երկու թեկնածուներու դիրքորոշումներուն` պէտք է հաշուի առնել, որ`

  1. Փոխնախագահները չեն որոշեր քաղաքականութիւնը, այլ` նախագահները:
  2. Կարիք չկայ վիճելու, թէ ո՛ր թեկնածուն կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ ատիկա բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ:

ա) 1951-ին պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուած է միջազգային դատարան:

բ) 1981-ին նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն նախագահական հռչակագիր ստորագրած է:

գ) Ներկայացուցիչներու տան երկու բանաձեւ ընդունուած է` 1975 եւ 1984 թուականներուն:

Հետեւաբար, այսուհետեւ հայերը պէտք է ձգտին ոչ թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ` արդարութեան: Թեկնածուներու դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ կարեւոր է միայն այն պարագային, եթէ անոնք անցեալին հերքած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ խոստացած են ճանչնալ զայն, բայց դրժած են իրենց խոստումը…

Սակայն կան հայերը յուզող շարք մը այլ կարեւոր հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին քաղաքական թեկնածուներու հետ, ատոնք են` աջակցութիւն Արցախի, ճնշում Թուրքիոյ վրայ` հայերու բռնագրաւուած սեփականութիւնը վերականգնելու պահանջով, ամերիկեան աւելի մեծ արտաքին օժանդակութեան տրամադրում Հայաստանի եւ Արցախի, որակաւոր ամերիկահայերու պետական աշխատանքի ընդունում, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու բարելաւում Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Ցաւօք, անկախ հարցերու բնոյթէն, երբեք չես կրնար վստահ ըլլալ, որ նախագահի եւ փոխնախագահի թեկնածուները կը յիշեն եւ կը կատարեն քարոզարշաւի ընթացքին տուած իրենց խոստումները` ընտրուելէ եւ յարմարաւէտ տեղաւորուելէ ետք Սպիտակ տան մէջ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>