«Ակունք»
Պոլսոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նստաշրջանը, որուն ընթացքին կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով Անի քաղաքը ընդգրկուեցաւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Յիշեցնենք, որ 2012 թուականին Անին ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ:
Թուրքիոյ ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Անի հին քաղաքը Թուրքիոյ տարածքին գտնուող 16-րդ շրջանն է, որ կ՛ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Ան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սոյն որոշումը ընդունած է իբրեւ «հանդուրժողութեան, բազմազանութեան եւ երկխօսութեան» համար կատարուած կարեւոր քայլ. «Անատոլիան (Փոքր Ասիա, «Ակունք»-ի խմբ.) ոչ թէ մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու գերեզման, այլ թանգարան է: Այս որոշումը հպարտութիւն կը ներշնչէ: Այսօր ապագային վերաբերեալ յուսադրող որոշում մը կայացուցինք», ըսած է ան` ըստ «Ակունք» լրատուականին:
Թուրքիոյ ներկայացուցիչը այս որոշման կայացումին մէջ կարեւոր համարած է Վրաստանի, Իրանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ «քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը պէտք է բռնութենէ եւ տարակարծութենէ վեր դասել»:
Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկած է Հայաստանի ներկայացուցիչը` յայտնելով, որ այս որոշումը մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, որուն պատմական արժէք ներկայացնող ժառանգութիւններուն մեծ մասը դուրս է իր ներկայ սահմաններէն: Ան նշած է, որ միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անին Հայաստանի համար թանկարժէք զարդ է, եւ աւելցուցած է, որ` «Անին կը պատկանի ոչ թէ մէկ ազգի, այլ` համայն մարդկութեան»:
Պոլիս