Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Արցախ Վատիկանէն Ետք Երկրորդն Է Իր Քրիստոնեայ Բնակչութեամբ

$
0
0

jesus_for_christian_countries

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը աշխարհի քրիստոնեայ պետութիւններու շարքին երկրորդն է քրիստոնեայ բնակչութեամբ: Այս մասին կը գրէ christiancountries.com կայքէջը: «Քրիստոնեայ պետութիւններ» վերնագրուած նիւթին մէջ կը նշուի, որ քրիստոնէութիւնը Երկիր մոլորակին մէջ կը համարուի հիմնական կրօնը` երկրագունդի բնակչութեան 33 առ հարիւրը, կամ 2,1 միլիառ հոգի կը դաւանի քրիստոնէութիւնը: Աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ տարբեր ազգեր եւ ազգութիւններ քրիստոնէութիւնը ընդունած են պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու, եւ առանձնայատուկ կը նշէ, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած է Հայաստանը Ք. Ա. 301 թուականին, իսկ Հռոմէական կայսրութիւնը` Ք. Ա. 313 թուականին:

Քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով աշխարհի մէջ քրիստոնեայ երկիրներու աղիւսակի առաջին տասնեակին մէջ են` Վատիկանը (100 տոկոս), Արցախի Հանրապետութիւնը (99.9 տոկոս), Էքուատորը (99.0 տոկոս), Հայաստանը 98.7 տոկոս), Հասարակածային Կինէան (98.6 տոկոս), Արեւելեան Թիմորը (98.4 տոկոս), Ամերիկեան Սամոան (98.3 տոկոս), Մոլտովան (98.3 տոկոս), Յունաստանը (98.0 տոկոս) եւ Մալթան (98.0 տոկոս): Վրաստանը իր քրիստոնեայ բնակչութեամբ կը գրաւէ 56-րդ դիրքը 88.6 տոկոսով քրիստոնեայ բնակչութեամբ, իսկ Ռուսիան 95-րդը` 70.3 տոկոսով:

Քրիստոնէական 120 երկիրներու աղիւսակը կ՛եզրափակէ Էսթոնիան իր 27.8 տոկոս քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13596

Latest Images

Trending Articles