Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Նամականի

$
0
0

Ստորեւ տեղ կու տանք Գէորգ Թորոյեանի նամականիին` միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով ընդգծել, որ չենք բաժներ այնտեղ խմբագրուած որոշ բացարձակացումի գացող միտքեր, յատկապէս այն, որ «Մեր դպրոցներու հանդէսները աւելի նման են երգ ու պարի շոուերու»: Որոշ բացթողումներով հանդերձ, մեր դպրոցներու հանդէսները ընդհանրապէս առնչուած են հայ մշակոյթի եւ երգի այս կամ այն երեւոյթին հետ:

Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի

Վերջին տարիներուն ամէն առիթի կը խօսուի եւ կը գրուի արեւմտահայերէնի մասին` իբրեւ վտանգուած լեզուի, եւ անհրաժեշտութիւն կայ մեր ոսկեղնիկը փրկելու, պահելու եւ պահպանելու:

Վերջերս հետեւելով դպրոցներու հանդէսներու ձեր թերթին մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուելով կարգ մը ուրիշներու, ականատես եղայ մտահոգիչ իրականութեան մը:

Մեր դպրոցներու հանդէսներուն պակսած է խօսքը (ասմունք, թատրոն եւ այլն): Իսկ արտասանուող ոտանաւորներուն մեծամասնութիւնը արեւելահայերէն է:

Երկրորդ. մեր դպրոցներուն հանդէսները աւելի նման են երգ ու պարի շոուերու, քան` դպրոցական հանդէսներու: Ու դժբախտաբար հնչող երգերը բացարձակապէս արեւելահայերէն են, ու ոչ մակարդակաւոր, այլեւ հայաստանեան ճաշարանային երգիչներու մակարդակի ռիթմային երգերն են, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին հայկական երաժշտութեան հետ: Այդ երգերով կ՛ուզենք մեր աշակերտներուն ջամբել հայ մշակոյթը ու այդ երգերու երաժշտութեան տակ մեր ազգագրական պարերը պարել: Նոյնիսկ հայրենասիրական երգերը կը հնչեն արեւելահայերէնով:

Պէտք է ընդգծել, որ լեզուն միմիայն լեզուական պահերու սորվելով  կարելի չէ իւրացնել: Իսկ լեզու սորվելու լաւագոյն միջոցներէն  մէկը երգն ու երաժշտութիւնն են: Կարդացէք Կոմիտաս:

Արդ մեր երեխաները ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի սորվին արեւմտահայերէն: Ո՞ւր են արեւմտահայերէնի պաշտպանները: Ո՞ւր են մեր կրթական պատասխանատուները:

Ո՞վ է պատասխանատուն:

Սրբագրենք` քանի ուշ չէ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451