Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

«Հաճելի Է Արժանանալ Վաստակաւոր Արուեստագէտի Կոչման». Փամպուքճեան

$
0
0

Harout-Pamboukjian_10-02-15

Նշանաւոր երգիչ Յարութ Փամպուքճեան «Ազատութիւն Թի.Վի.» կայանի Դիմատետրի էջին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ իրեն համար հաճելի է արժանանալ վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման, թէեւ ինք վաղուց արժանացած է ժողովուրդի գնահատանքին:

«Մարդիկ վաղուց ինծի կը հարցնէին` որեւէ կոչում ունի՞ք, լրագրողները հարցազրոյցներուն ընթացքին եւս նոյնը կ՛ըսէին, իսկ ես կը հարցնէի, թէ ի՞նչ է ատիկա: Իմ կոչումս ժողովուրդը տուած է վաղուց, եւ ես 50 տարի է բեմին վրայ եմ եւ հանապազօրեայ հացս կը վաստակիմ երգելով: Բայց երբ ես լսեցի, որ զիս ալ արժանի նկատած են այդ կոչման, անկեղծ ըսելով` անակնկալ չէր, ես կը սպասէի անոր»:

«Հաճելի է, որ ընդունուած ըլլալով ժողովուրդին կողմէ, նաեւ կարեւորութեան արժանանաս կառավարական շրջանակներէն, մշակոյթի նախարարութիւնը երբ քեզի կու տայ այդ կոչումը, ասիկա կը նշանակէ, որ հետաքրքրուած է քեզմով, ինչ որ ուրախալի է», ըսած է Փամպուքճեան:

Ազատամարտիկներուն վրայ ձեռք բարձրացնելը Աստուծոյ դէմ մեղք գործելու պէս բան մըն է, ըսած է Յարութ Փամպուքճեան` այս մասին հարցումի մը պատասխանելով: «Այդ մարդիկ իրենց կեանքը տուած են սահմանին համար, իւրաքանչիւր թիզ հողի համար կեանք տուած են, կարելի չէ այսպէս վարուիլ անոնց հետ», հաստատած է երգիչը:

Երգիչին համաձայն, նման քաղաքական հարցեր իրեն չեն վերաբերիր, սակայն ինք բոլորովին այլ դաստիարակութիւն ստացած է, ուստի դժուար է նման բաներ ընդունիլ:

«Ես մեծ յարգանք ու սէր ունիմ նման մարդոց նկատմամբ: Հայրս փոքր տարիքէս ինծի կը պատմէր հայ ֆետայիներուն` Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Արաբոյի մասին, հիմա իրենք մեր նորօրեայ ֆետայիներն են եւ արժէք ունին, ինչպէս միւսները», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, ըստ իրեն, իշխանափոխութեան կարիք կա՞յ երկրին մէջ, Յարութ Փամպուքճեան ըսած է, որ քաղաքականութիւնը իր գործը չէ: «Ես փոքրուց կ՛ընեմ այն, ինչ որ կրնամ ընել, եթէ ես կարենայի լաւ հռետոր ըլլալ, կը կանգէի բեմին վրայ եւ կը սկսէի խօսելու: Իշխանափոխութիւնը իմ խելքիս հասնող բան չէ, ատիկա պէտք է ընէ ժողովուրդը: Բայց երբ գայ այն օրը, որ տեսնեմ, թէ չեմ կրնար երգել, այն ատեն կ՛ըսեմ. «Ժողովո՛ւրդ ջան, կը ներէք, ես առաքելութիւնս աւարտած եմ, չեմ կրնար երգել, պիտի երթամ», հաստատած է ան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>