Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Թուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-ռուսական (վերա)հաշտեցման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու (վերա)բնականոնացման նախաձեռնութիւնները, որոնք հաստատագրուեցան առաջինը յունիս 27-ին պաշտօնապէս հրապարակուած եւ յաջորդ օրն իսկ ստորագրուած համաձայնագրով եւ երկրորդը` նոյն օրերուն Էրտողանի կողմէ Փութինին ուղարկուած անձնական նամակին յաջորդած երկու նախագահներու 42 վայրկեաննոց հեռաձայնային խօսակցութեամբ, ստեղծած են այն տպաւորութիւնը, որ Անգարայի արտաքին-տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը վերադառնայ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) երբեմնի «զերօ խնդիր դրացիներուն հետ» արեւելումին: Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ ահաբեկչական արարքը յունիս 28-ին, որուն պատասխանատուութիւնը կառավարութիւնը դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ եւ բացայայտեց քառասուն հոգիի մահուան պատճառ դարձած երեք իսլամականներուն ինքնութիւնը, որոնցմէ մէկը Տաղստանէն ռուս մըն էր, միւսը` խըրխըզ եւ երրորդը` ուզպեք, բացայայտ դարձուց, որ «խալիֆայութիւնը» պատերազմ յայտարարած է նաեւ Թուրքիոյ դէմ:
Ճիշդ է, առաջին անգամը չէ, որ Ապու Պաքըր Պաղտատիի կազմաւորումը ահաբեկչական գործողութիւն կը կատարէ թրքական հողատարածքի վրայ: Սակայն, ե՛ւ այս վերջին գործողութեան թիրախին խորհրդանշական թէ տնտեսական նշանակութիւնը, ե՛ւ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան նորագոյն շրջադարձի հետ անոր շատ հաւանաբար ոչ պատահական զուգադիպումը կու գան յուշելու ՏԱՀԵՇ-ի խոր մտահոգութիւնը` թրքական հողատարածքը որպէս ռազմավարական յենարան կորսնցնելու իրողութեան մասին: Այսինքն կը թուի, որ Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման թրքական քայլը նաեւ ազդանշան է ՏԱՀԵՇ-ը որպէս դերակատար ջնջելու Անգարայի համաձայնութեան:
Իրադարձութիւններու զուգադիպութենէն եւ անոնց ենթախորքային տրամաբանութեան կապակցութեան մեկնաբանական համոզումներէն անկախ, պարզ է, որ Իսրայէլի թէ Ռուսիոյ ուղղութեամբ Անգարայի քայլերը ունին իրենց իւրայատուկ ոլորտն ու երկկողմանի շահագրգռուածութիւնը, որոնք երեւան կը հանեն պետական քաղաքականութեան բանականութիւնը: Իսրայէլի հետ պատմական դաշինքը թէ Ռուսիոյ հետ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ի միջի այլոց, ըստ երեւոյթին, աւելի ծանր կշիռ ունենալու սկսած են Անգարայի համար, քան` Էրտողանի տարածաշրջանային հզօրութիւն դառնալու ձգտումն ու կրօնա-գաղափարախօսական համոզումներու թելադրած անզիջող եւ յաճախ յարձակողապաշտ քայլերը:
Բայց պէտք չէ շատ աճապարել եւ լաւատես ըլլալ երբեմնի «զերօ խնդիր» դիւանագիտութեան անմիջական վերադարձի հեռանկարով: Եթէ երբեք նման լուրջ տրամադրուածութիւն եղած է ԱԲԿ-ի կողմէ իր իշխանութեան առաջին թերեւս վեց տարիներուն, ապա եւ կուսակցութեան էրտողանական թեքումէն ի վեր այնքան ամրագրուած է պետական քաղաքականութեան յստակ ուղղուածութիւն մը, որ դժուար թէ այնքան հեշտօրէն ետդարձ կատարէ: Ճիշդ է, որ թրքական դիւանագիտութիւնը փաստը տուած է ե՛ւ իր խորամանկութեան, ե՛ւ առիթներէն լաւապէս օգտուելու կարողութեան, ե՛ւ անհրաժեշտ ճկունութեան ցուցաբերման: Բայց այդ բոլորը կրնան նաեւ բարացուցական ըլլալ էրտողանականութեան շարունակման` թէկուզ եւ այլ միջոցներով: «Էրտողանականութիւն» յղացքով պիտի հասկնանք ներքին ոլորտին մէջ իշխանութեան կեդրոնացում` ընդհուպ մինչեւ սուլթաններու յատուկ մենատիրութեան սահմանադրական մեքանիզմներու ամրագրում, իսկ արտաքին-տարածաշրջանային բեմահարթակին վրայ` նոր-օսմանականութիւն:
Ներքին եւ արտաքին ոլորտները իրարմէ տարանջատ չեն: Անոնց բացայայտ կապը սիւննի իսլամութեան կրօնագաղափարախօսական ինքնութիւնն է: Ընդ որում, ներքին ոլորտին մէջ, Էրտողանի ղեկավարութեամբ ԱԲԿ-ն կը ձգտի ոչ միայն քեմալական աշխարհական հասարակարգին` կրօնի վրայ դրած կաշկանդումները վերցնել, այլ` հաստատել կրօնական` իմա՛ իսլամութեան արժեչափերու գերակայութիւնը: Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանին, ապա հոն ոչ միայն թրքական գործօնը բանալի դերակատարի վերածելու նպատակ դրուած է, այլ սիւննի կարգի մը հաստատումը` անմիջական համագործակցութեամբ առաջին հերթին Սէուտական Արաբիոյ եւ ապա, առաւել կամ նուազ տարողութեամբ, Ծոցի միւս երկիրներուն եւ Յորդանանի:
Որքան ալ որ նման հեռանկար սադրանքային թուի եւ, նոր-օսմանականութեան նման, տարածաշրջանային սիւննի կարգը ընդհանրական հասկացողութիւն մը ըլլայ հաւաքական ինքնութեան եւ քաղաքական դաշինքներու իմաստով աւելի քան օրինականացած կառոյց, ո՛չ այդ հեռանկարին ազդանշանները, ո՛չ ալ նշեալ երկիրներու շահերու համընկման փաստերը կը պակսին:
Արդարեւ, ԱԲԿ-ի իշխանութեան առաջին տարիներուն, երբ կուսակցութիւնը կը ներկայանար որպէս Թուրքիոյ ժողովրդավարացման յառաջապահ` ընդդէմ ամէնէն աւելի զինուորականներով ինքզինք ներկայացնող քեմալականութեան եւ որպէս այդպիսին կը յաջողէր հիմնական յառաջընթաց արձանագրել Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հոլովոյթին մէջ, Էրտողան արդէն ծանօթ եւ ժողովրդական քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր: Սակայն իր աստղը միջազգային բեմահարթակին վրայ փայլելու սկսաւ 2009 յունուարին, Տաւոսի մէջ, ուր Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ծրագրուած միջոցառումներու շարքին Էրտողան եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես միասին պիտի ըլլային հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին, որ պիտի համակարգէր «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի լրագրող Տէյւիտ Իկնատիոս: Միջոցառումը տեւեց հազիւ մէկ վայրկեան, որովհետեւ անոր սկիզբին իսկ Էրտողան իր խօսակիցը ամբաստանեց Կազայի ժողովուրդի թշուառութեան համար եւ ակնարկելով համակարգողի հայկական ծագումին` զայն կողմնակալ նկատեց: Ապա բարկացած բեմէն հեռացաւ: Կարելի է ըսել, որ այդ պահը թատերականացած ծնունդն էր, հրապարակային ներկայացումը` էրտողանականութեան:
Յաջորդ երկու տարիներուն ընթացքին, մինչ իրմէ առաջ տարածաշրջանին մէջ ճնշուած ժողովուրդներուն` իմա՛ պաղեստինցիներ եւ իսլամներ, դատի պաշտպանութեան ինքնակոչ պահապան դարձած Իրանի Ահմատինեժատի աստղը մարելու կը սկսէր, Էրտողան կը վերածուէր հերոսի: Կազայի մէջ նորածինները իր անունով կոչելու իրողութենէն մինչեւ Պէյրութի նոյնիսկ Հարաւային արուարձաններուն մէջ թրքական դրօշակներու պարզումը եթէ մէկ կողմէ ցոյց կու տային հերոսի եւ փրկարարի սպասող հասարակական ախտագին բարդոյթ մը, միւս կողմէ` թրքական քաղաքականութեան առջեւ դռները լայն կը բանային: 2010 մայիսին Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տանող թրքական մէկ նաւուն անձնակազմի բախումը իսրայէլեան զինուորներուն հետ ա՛լ աւելի ամրապնդեցին Էրտողանի տարածաշրջանային հմայքը: Շնորհիւ իր տնտեսական աննախընթաց աճին` Թուրքիոյ առջեւ բացուելու սկսան շուկաները: Սկսելով Սուրիայէն, որուն ղեկավարութիւնը արթուն չեղաւ տեսնելու համար դրամահոսքին քաղաքական պայմանաւորումները եւ «զերօ խնդիր» դիւանագիտութեան թակարդը, որուն մէջ ինկաւ Ասատի վարչակարգը` հրաժարելով իր պատմական պահանջատիրութենէն:
Այդ բոլորով հանդերձ, թերեւս ոչինչ այնքան խօսուն է Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ տարածաշրջանային սիւննի կարգի մը մասին որքան Էրտողանի ելոյթը Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան վերջին գագաթաժողովին, ուր առաջարկեց Արաբական լիկան վերանուանել Իսլամական լիկա…
Ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ թէ այլ երկիրներու շահագրգռութեան նման կարգի մը հաստատման, անոր խորքային պատճաոը պարզ եւ մեկին է. Իրանի եւ շիականութեան ընկալուած տարածումին առնուազն զսպում եւ այն շարունակական ճնշումի տակ պահելու մտահալածանքը: Այս իմաստով, առաջին հրապարակային զգուշացումը Յորդանանի թագաւորէն եկաւ դեկտեմբեր 2005-ին, երբ Պուշի վարչամեքենան կը պատրաստուէր յունուարին Իրաքի մէջ իր կազմակերպած ժողովրդավարութեան մեծ խնճոյքին: Ապտալլա Բ. իրաքցիներու քուէն ճիշդ կերպով հասկցաւ` որպէս յարանուանական քուէի, որուն զոհ պիտի երթար երկրին մէջ պատմականօրէն տիրապետած սիւննի փոքրամասնութիւնը: Թագաւորը իր մտահոգութիւնը արտայայտեց` զգուշացնելով Իրանէն մինչեւ Լիբանան «շիա կիսալուսին»-ին մասին, որ սիւննիական աշխարհը երկուքի կը բաժնէ:
Ոչ Քայիտա, ո՛չ ՏԱՀԵՇ եւ հաւանաբար ո՛չ մէկ ժիհատական խմբաւորում ֆրանքըշթայն մըն է, զոր պետութիւնները կը ստեղծեն: Արդիւնք են անցնող երկու հարիւր տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ ընկերային եւ քաղաքական գործընթացներու: Երեւոյթներ են, որոնց ծագումն ու զարգացումը սխալ է տեղադրել բացառաբար միջպետական մրցակցութեան ոլորտին մէջ: Բայց աշխարհաքաղաքական իմաստով դժուար չէ տեսնել, թէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ժիհատական յառաջընթացը, ընդհուպ` մինչեւ Մուսուլի մէջ խալիֆայութեան ստեղծումը, նախ եւ առաջ «շիա կիսալուսին»-ի ամրակայման ամենամեծ խոչընդոտն է: Հետեւաբար հասկնալի է, ի միջի այլոց նաեւ Էրտողանի կառավարութեան շահագրգռութիւնը` դիւրացնելու անոնց գոյակռիւը եւ, ի հարկին, զէնքի ու կռուողներու հոսքը ապահովել: Այն թաքուն ենթադրութեամբ, որ կարելի է անոնց վրայ ինչ-որ չափի վերահսկողութիւն բանեցնել: Այնպէս` ինչպէս կարծած էր Ռիկընի վարչամեքենան, երբ աֆղան մուժահիտուններուն արդիական զէնքեր կը տրամադրէր եւ զօրավիգ կը կանգնէր անոնց դիմադրութեան` խորհրդային գրաւումին դէմ…
Պոլսոյ օդակայանին ահաբեկչական գործողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, թէ որքա՛ն միամիտ էր այն ենթադրութիւնը, որ կարելի է ժիհատականութիւնը վերահսկողութեան տակ առնել:
Թուրքիա, ըստ երեւոյթին, հասած է այն եզրակացութեան, որ տարածաշրջանային սիւննի կարգի հաստատագրման համար անհրաժեշտ է ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատիլ: Եթէ նման հեռանկար իրականութիւն դառնայ, կը մնան անշուշտ ժիհատական մնացեալ կազմակերպութիւնները: Բայց երեւի անոնց հասողութիւնը այսպէս կոչուած «իսլամական փողոցներուն» յարաբերաբար նուազ է` բաղդատած խալիֆայութեան վայելած հմայքին:
Առանց ՏԱՀԵՇ-ի տարածաշրջանային սիւննի կարգ մը, եթէ համոզէ միջազգային դերակատարները, կրնայ նոյնիսկ ողջունելի ըլլալ ուժային հաւասարակշռութեան մը եւ, հետեւաբար, որոշ կայունութիւն հաստատելու համար հակամարտ կողմին` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ անոր դաշնակիցներուն հետ: Քաղաքական «պարկեշտութիւն» չէ անշուշտ խօսիլ ներիսլամական քաղաքացիական պատերազմին մասին, սակայն իրողութիւն է, որ տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական տեղաշարժին ենթախորքին հաստատագրուած է սիւննի-շիի պատմական պառակտումը: Տարածաշրջանային սիւննի կարգը նոր-խալիֆայութիւն չէ, ընդհակառակը, կը բացառէ ժիհատական շարժումի այդ ութոփիան եւ կը հաստատագրէ հողատարածային պետութիւններու առաջնահերթային դերակատարութիւնը: Սակայն ուժերու նմանատիպ հաւասարակշռութեան հեռանկարն իսկ կրօնական գործօնը լռելեայն կը վերածէ քաղաքական ազդակի: Առանց դեռեւս անդրադառնալու, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուժերու նման հաւասարակշռութեան մը աշխարհաքաղաքական բաժանումի սահմանները ինչպէ՛ս պիտի գծուին, կարելի է արդէն կանխատեսել, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք տարածաշրջանի ամենախոցելի տարրն են եւ որպէս այդպիսին` ցարդ բոլոր տագնապներուն առաջնային զոհերը, ա՛լ աւելի աննպաստ դիրքերու վրայ պիտի գտնուին, եթէ չյաջողին իրենց ձայնը միասնականօրէն աշխարհին լսելի դարձնելու նպատակով անցնող երկու տարիներուն սկսած տարածաշրջանային զօրաշարժին նոր թափ եւ ընթացք տալ: