ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնները յուլիսի վերջին պիտի իրականացնեն իրենց համագումարները` համապատասխանաբար Տանըլտ Թրամփն ու Հիլըրի Քլինթընը իրենց նախագահական թեկնածուն ընտրելու նպատակով:
Կուսակցութեան հաւատարիմ անդամներու համար ընտրութիւնը շատ պարզ է. քուէարկել իր կուսակցութեան թեկնածուի օգտին: Այսուհանդերձ, միլիոնաւոր այլ ընտրողներ կանգնած են որոշում կայացնելու աւելի բարդ խնդիրի առջեւ: Ոմանք, դժգոհ երկու գլխաւոր կուսակցութիւններէն, կը պատրաստուին քուէարկելու անկախ, երրորդ թեկնածուի մը օգտին, իսկ ուրիշներ մտադրած են ընտրութիւններուն ընդհանրապէս չմասնակցիլ:
Ամերիկահայ ընտրողները եւս անորոշութեան մէջ կը գտնուին ընտրութեան հարցով: Հիլըրի Քլինթընի պարագային շատեր խիստ հիասթափուած են անկէ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած խոստումը դրժելուն պատճառով, երբ ան արտաքին գործոց նախարար եղած ատեն զայն անուանեց «պատմական բանավէճի հարց»` հակառակ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր բազմաթիւ խոստումներուն, նախ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական եւ ապա` նախագահութեան թեկնածու, ութ տարի առաջ:
Թրամփ հանելուկ է բազմաթիւ ամերիկահայերու համար: Անոնք, որոնք պատրաստ են անտեսելու անոր վիճայարոյց դիրքորոշումները եւ պարզապէս իրենց քուէն տալ զուտ հայկական հարցերու հիման վրայ, վստահ չեն, թէ արդեօք ան, իր իսկ խօսքերով ըսած` «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է, քանի որ գործարար Թրամփ հանրային դիրքորոշում չունի բազմաթիւ քաղաքական հարցերու, այդ շարքէն` հայկականին վերաբերեալ:
Ի հարկէ, լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար դէմ առ դէմ հանդիպիլ հանրապետական թեկնածուին հետ եւ առաջին հայեացքով պարզել, թէ ինչպիսին են անոր մօտեցումները հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու վերաբերեալ: Սակայն նման հնարաւորութեան մը բացակայութեան պայմաններուն, ընտրողները պէտք է ապաւինին Թուրքիոյ մասին վերջերս անոր կողմէ կատարուած քանի մը կարճ արտայայտութիւններու:
Թրամփ անցեալ տարուան դեկտեմբերին քննադատեց Թուրքիան` իսլամական ահաբեկիչներուն աջակցելուն համար: Ան ըսաւ Պրիպարթ Նիւզ Տէյլ-ին. «Թուրքիա կարծես թէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ է, քիչ թէ շատ` քարիւղի հետ կապուած»: Ան աւելցուց, որ շահերու բախում ունեցած է Թուրքիոյ մասին խօսելով` Պոլսոյ մէջ գտնուող «Թրամփ թաուըր» երկնաքերներու համալիրին պատճառով: Թէեւ շէնքը իրեն չի պատկանիր, սակայն ան իր անունը շնորհած է պանդոկի սեփականատէրերուն եւ մակնիշային շահութաբեր վճարումներ կը ստանայ: Ան նման համաձայնութիւն մը ունի նաեւ Թրամփ Ինթըրնեշընըլ հոթել եւ Թաուըրի հետ, Պաքուի մէջ: Իր գործարարական յարաբերութիւնները չվնասելու համար Թրամփ արագօրէն հաստատեց հարցազրոյցի ընթացքին. «Ես Թուրքիան շատ լաւ կը ճանչնամ. թուրքերը զարմանալի եւ հրաշալի մարդիկ են, անոնք ուժեղ ղեկավար ունին»:
Հակառակ Էրտողանի մասին Թրամփի արտասանած ջերմ խօսքերուն, Թուրքիոյ նախագահը երկու շաբաթ առաջ յարձակեցաւ անոր վրայ` զայն մեղադրելով իսլամատեացութեան մէջ եւ կոչ ընելով անյապաղ հանել Թրամփի անունը Պոլսոյ «թաուըր»-էն… Գործարարներու մեծ խումբի մը առջեւ Էրտողան յայտարարեց, որ Թրամփ «անհանդուրժողական է Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մահմետականներու հանդէպ, եւ այսքանէն ետք անոր անունը իբրեւ մակնիշ կ՛օգտագործուի Պոլսոյ մէջ: Անոնք, որոնք այդ մակնիշը դրած են իրենց շէնքին վրայ, պէտք է անյապաղ հանեն զայն»: Էրտողան նաեւ ըսաւ, թէ կը զղջայ, որ մասնակցած է «Թրամփ թաուըր» համալիրի բացման արարողութեան, 2012 թուականին, երբ վարչապետ էր. «Ես նաեւ սխալած եմ եւ բացած («Թրամփ թաուըր» համալիրը): Պանդոկի թուրք սեփականատէրը յայտարարեց, որ ինք կը վերանայի իր գործարարական կապերը Թրամփի հետ:
Պոլսոյ մէջ «Թրամփ մոլ» առեւտրական կեդրոնի վերակացու Պիւլենթ Քուրալ եւս քննադատեց Թրամփը. «Մենք կը ցաւինք եւ կը քննադատենք Թրամփի խտրական արտայայտութիւնները: Նման յայտարարութիւններ անարժէք են եւ արգասիքը` մտքի մը, որ չի հասկնար իսլամութիւնը, խաղաղութեան կրօնը: Մեր տեսակէտը ուղղակիօրէն յայտնած ենք Թրամփի ընտանիքին: Մենք կը վերանայինք մեր իրաւական յարաբերութիւնները Թրամփ մակնիշին հետ»:
Հանրապետական թեկնածուն յանպատրաստից այլ մեկնաբանութիւն մը եւս ըրաւ Թուրքիոյ մասին, յուլիս 1-ին, Տենվըրի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին: Երբ ան կը թուարկէր անունները շարք մը երկիրներու, որոնք ռազմական պաշտպանութիւն կ՛իրականացնեն Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն, դահլիճէն մէկը գոռաց` «Թուրքիա»… Թրամփ ընդհատեց իր խօսքը եւ հարցուց այդ մարդուն` արդեօք ան «բարեկա՞մ, թէ՞ հակառակորդ» է: Հանրապետական թեկնածուն աւելցուց. «Եւ Թուրքիան, որ, ի դէպ, պէտք է պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Ես յոյսով եմ, որ Թուրքիա կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, քանի որ ՏԱՀԵՇ-ը, որոշակի իմաստով, շատ լուրջ առաւելութիւններ ունի Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիա ինք պէտք է արմատախիլ ընէ ՏԱՀԵՇ-ը: Ես կը փափաքէի տեսնել այդ»:
Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօ՞ք Էրտողան կը սրէ իր աճող թշնամանքը Տանըլտ Թրամփի հետ` պնդելով հանել վերջինիս անունը Պոլսոյ «թաուըր»-ներէն: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մինչեւ այսօր կ՛անտեսէ Թրամփի բացասական մեկնաբանութիւնները իսլամութեան մասին` նախընտրելով պաշտպանել իր սեփական գործարքի շահերը Պաքուի «Թրամփ թաուըր»-ներու առնչութեամբ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ