ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Այս տարուան սկիզբը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութենէն լոյս տեսաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի հեղինակած «Սոֆիա» յուշագիրքը (140 էջ), որ իր մօր` Մարի Գէորգեանի (Սոֆիա Տաշօղլի) տառապալի կեանքը կը ներկայացնէ: Ահաւասիկ` փաստագրական վաւերագրութիւն մը, որ հայուն եւ յոյնին դէմ թուրքին գործած ոճիրին կը մատնանշէ:
Յոյներն ու հայերը, ինչպէս նաեւ` ասորիները, օսմանեան տիրապետութեան տակ յարաբերաբար խաղաղ կեանք մը կ՛ապրէին մինչեւ 1915 թուականը, երբ երիտթրքական վարչակարգը, օգտուելով Ա. Համաշխարհային պատերազմէն, ի գործ դրաւ իր գազանային ծրագիրը, որ կանխապէս մշակած էր գաղտնաբար:
Գիրքին խմբագրութիւնը կատարած է դոկտ. Երուանդ Քասունի, որ իր հմտութեամբ ու բծախնդրութեամբ բիւրեղացուցած է վիպակը:
Խաղաղ կեանքէն դէպի փոթորկայոյզ վիճակի անցնելու շրջանին համար հեղինակը այսպէս կը գրէ. «Բայց հիմա այդ մարդոց գլխուն սեւ ամպեր կուտակուած` կը պղտորէր անոնց կեանքը, կը ջլատէր անոնց արմատները»: Մարի Գէորգեան, բուն անունով` Սոֆիա Տաշօղլի, ծնած է Օրտուի Էլէյլէկ գիւղը: Ան Եանգոյի եւ Դանասիայի դուստրն էր: Դեռ փոքր հասակին Սոֆիա կը կորսնցնէ իր հայրը` Եանգոն, որ նենգ թուրքերու դաւադրութեան զոհը կը դառնայ: Սոֆիա վեց տարեկան հասակին կը բաժնուի մօրմէն, որ ուրիշի հետ կ՛ամուսնանայ: Փոքր աղջկան համար այս բաժանումը շատ դժուար կ՛ըլլայ:
Բռնագաղթի դաժան հրամանը Էրէյլիկ գիւղի ժողովուրդին կը տրուի: Սոֆիայի մայրը իր զաւակներուն քով կը վերադառնայ, անոնց հետ միասին գաղթելու համար: Սոֆիա նախ կը զարմանայ իր մօրը վերադարձին համար, սակայն ետքը շատ կը հրճուի: Կարաւանը ճամբայ կը հանուի: Դանասիա յղի ըլլալով` գաղթի առաջին օրն իսկ կը ծննդաբերէ, սակայն ափսո՜ս: Այդ դժուար պայմաններուն ոչ միայն նորածինը կը մեռնի, այլ Դանասիա իր սիրելի զաւակներէն յաւէտ կը բաժնուի…
Բռնագաղթի ճամբուն վրայ թուրք ոստիկաններ եօթնամեայ կապուտաչեայ Սոֆիան կ՛առեւանգեն եւ հարիւրապետ Մըհտի Սալեհի ապարանքը կը տանին, Կ. Պոլիս: «Սոֆիան շատ լացած ու աղաղակած` բայց անօգուտ», կ՛ըսէ Սեսեռեան ու կ՛աւելցնէ. «Վերջին ամիսներուն այնքան հալածանք, աւեր եւ արիւն տեսած էր (Սոֆիա), որ կորսնցուցած էր իր հաւատքը մարդոց հանդէպ»: Տառապանքի եւ կոտորածի օրեր էին: Սոֆիա եօթը տարի հարիւրապետին տան մէջ կը մնայ: Ան սակայն երբեք ուրախ չէր իր կեցութեան մէջ: Օր մը գիշերով Սոֆիա փախուստ կու տայ տունէն եւ դրացի քրիստոնեայ արաբներու տունը կ՛ապաստանի: Այդ ընտանիքին դուստրը` Թերեզան հարս գացած էր Այնթապ: Ուստի տանտէրը յարմար կարգադրութիւններ կը տեսնէ, Սոֆիան կը ծպտէ եւ Թերեզային տունը կը ղրկէ: Թերեզային ամուսինը` Ապու Խալիլ, Սոֆիան սուրիական սահմանը կ՛անցընէ ու Հալէպ կը տանի: Ապու Խալիլ զայն որբահաւաքի կեդրոն մը կը յանձնէ: Սոֆիա 14 տարեկան եղած էր: Որբահաւաքի կեդրոնի տնօրէնութիւնը յաջորդ օրն իսկ Սոֆիան Քարէն Եփփէ որբանացը կը դնէ: Որբանոցին մէջ ուրիշ երկու յոյն աղջիկներ ալ կային: Շրջանի յոյն քահանան երեք յոյն որբերը իր տունը կը տանի: Սոֆիա քահանային տան մէջ ուրախ չէր: Օր մը ան երբ շուկայ կ՛երթայ, պատահմամբ կը հանդիպի պրն. Հերարդեանին, որ որբանոցին պատասխանատու մարմինին անդամներէն մէկն էր: Հերարդեան Սոֆիայի վիճակով կը հետաքրքրուի: Աղջիկը անոր կը յայտնէ իր դժգոհութիւնը քահանային տան մէջ: Ուստի անմիջապէս Հերարդեան Սոֆիան Քարէն Եփփէ որբանոցը կը տանի: Որբանոցին մէջ ամէն բան առատ կը տրուէր որբերուն: Սոֆիա ուրախ էր:
1927-ին Քարէն Եփփէ որբանոցի տնօրէնն էր Միսաք Սիսեռեանը: Սոֆիա այդ տարուան աւարտական դասարանն էր: Պրն. Սիսեռեանի սիրտը գրաւած էր ան: Հեղինակը` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան այս մասին կ՛ըսէ. «Սոֆիայի անմեղ դիմագիծը զինք արթնցուցած էր իր վշտոտ կեանքէն»: Սկիզբը միջնորդներու միջոցով եւ ապա անձամբ Միսաք իր սէրը կը յայտնէ Սոֆիային, ու անոնք կը պսակուին: Այս մասին Սիրուն կ՛ըսէ. «Սոֆիայի համար տնօրէնին հետ ամուսնանալը ինքնին դպրոց մը եղաւ: Ան նոր որակ մը տուաւ իր կեանքին եւ կեանքի հասկացողութեան»:
Գիրքին մնացեալ մասին մէջ հեղինակը կը խօսի իր ընտանեկան պարագաներուն եւ Հալէպի մշակութային կեանքին մասին:
Սոֆիայի կեանքին վարդ գարունը թուրքերու ձեռքով փճացած էր: Գիրքին սկիզբը կը տեսնենք, թէ ինչպէս ան մանկութեան փարթամ կեանք մը ապրած է ծնողներուն ու ազգականներուն հետ: Ան բնութեան ծոցին մէջ գեղեցիկ օրեր անցուցած էր: Պոնտոսէն մինչեւ Կ. Պոլիս, ապա` Այնթապ եւ Հալէպ: Թէեւ Սոֆիա յոյն աղջիկ մըն էր, սակայն ան հայու մը ճակատագիրը ապրեցաւ:
Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի ոճը պարզ եւ հաղորդիչ է: Յաջող ձեւով ան կրցած է ամբողջ պատմութիւնը հատուածներու բաժնել ու պատշաճ ձեւով ներկայացնել:
Վա՛րձքդ կատար, Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան:
8 յունիս 2016