ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ առաջ, տանս դիմացը, նոր ընտանիք մը փոխադրուեցաւ:
Յաջորդող օրերուն նկատեցի, որ նոր դրացիներուս իգականները` միջին տարիքի կին մը, եւ իր երկու աղջիկները, բոլորն ալ լաչակաւոր են:
Ոչ մէկ կասկած, որ իսլամ կրօնին կը պատկանին:
Մեր փողոցի միակ իսլամ ընտանիքն են:
Այս դարուն Ամերիկայի մէջ, մասնաւորաբար պարմանուհիներու մազերը լաչակով մը ծածկելը կը փաստէ, որ կրօնամոլ ընտանիք մըն են:
Իր կողքի դրացին ֆրանսացի է:
Իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ Փարիզի մէջ կատարուած յարձակումին յաջորդ օրն էր:
Նիւթը ֆրանսացին բացաւ.
– Լսեցի՞ր Փարիզի մէջ իսլամներուն ըրածը:
– Կը ցաւիմ, սակայն ճիշդ կողքիդ իսլամ դրացիներ ունեցար:
– Անոնք թուրք են,- պատասխանեց այնպիսի թոնով մը, կարծես թուրքը իսլամ չըլլար, ոչ ալ` ծայրայեղական կամ մոլեռանդ:
Առիթը յարմար դատեցի խօսելու թուրքին կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Առանց բառ մը արտասանելու` ապշած մտիկ ըրաւ: Այն տպաւորութիւնը կ՛ուզէր ձգել, որ բնաւ տեղեակ չէր, թէ նման «եղեռն» մը պատահած էր, ինչպէս կ՛անուանէ մեր «սիրելի» նախագահ Օպաման:
Հազիւ շաբաթ մը անցած էր: Գործէս տուն վերադարձիս, գրեթէ նոյն ժամուն տուն հասանք. նոր դրացիս ու ես:
Տուն կը մտնէի, երբ հեռուէն ժպտուն դէմքով ձեռքով բարեւեց, որուն նոյնպէս ձեռքով պատասխանեցի անժպիտ դէմքով մը:
Կը պատրաստուէր մօտենալ ինծի ու շատ հաւանաբար կը փափաքէր ծանօթանալ հետս: Միջինարեւելեան սովորութիւն: Անմիջապէս գրպանէս բջիջային հեռաձայնս վերցնելով` այն տպաւորութիւնը ուզեցի ձգել, թէ հեռաձայն մը ստացայ եւ «խօսելով» մտայ տուն:
Վստահաբար յուսախաբուած` ինքն ալ մտաւ իր տունը:
«Բարեւը Աստուծոյ է», կ՛ըսէ հայկական առածը, սակայն ինչպէ՞ս հանդուրժել բարեւ մը, որ թուրքի մը բերնէն պիտի ելլէր: Թուրքի մը զաւակը, որ գաղափար չունի, թէ ո՛վ է բարիք կամեցող Աստուածը: Թուրքին աստուածը չարիք կամեցող աստուած մըն է: Աստուած մը, որ թոյլ կու տայ բնաջնջելու ազգ մը, իրենցմէ «տարբեր» Աստուծոյ մը հաւատալուն «յանցանքով»:
Ծանօթանալու պարագային, ի՞նչ պիտի խօսէինք: Անշուշտ իրեն պիտի յայտնէի հայ ըլլալս: Իր ժողովուրդին կողմէ ջարդուած, տեղահանուած, ցեղասպանութենէ վերապրած, զոյգ մը հայ որբերու զաւակները: Ցեղասպանութիւն մը, որ գործադրուած էր իր մեծ ծնողներու ձեռքով:
Արդեօք տեղեա՞կ է, թէ ոճրագործ ազգի մը շարունակութիւնն է: Պիտի ընդունի՞ իր ազգակիցներուն գործած ոճիրը, թէ՞ պիտի ուրանայ:
Կարելի՞ բան էր սեղմել արիւնով շաղախուած ձեռք մը:
Քանի մը ամիս անցած է այդ թուականէն: Իրարու չենք ծանօթացած: Իրարու ձեռք չենք սեղմած:
Ֆրանսացի դրացիս հանգստեան կոչուած է եւ ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ դրացիներուն հետ խօսելով:
Կը սիրէ իւրաքանչիւրէն տեղեկութիւններ քաղել եւ այդ տեղեկութիւններուն բաժնեկից դարձնել ուրիշները:
– Ձեր տունէն երկու տուն անդին բնակողները հայեր են: Պարսկաստանէն են: Իրենց աղջիկը կնոջդ նման ուսուցչուհի է, ըսաւ օր մը, երբ մեր փողոցը նոր դրացիներ ունեցանք տարի մը առաջ:
Վստահաբար իր կողքի թուրք դրացիին նմանապէս տեղեկացուց, որ մենք հայ ենք: Չեմ զարմանար եւ աւելի ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ խօսեցաւ նաեւ իրեն պատմած Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Իր բարեւը անտեսելով ներս մտնե՞լս էր պատճառը, թէ՞ հայ ըլլալս: Թուրքը այդ օրէն ի վեր նոյնիսկ տանս կողմը չի դարձներ իր գլուխը:
Այնքան ատեն որ Հայկական հարցը չէ լուծուած, Թուրքիա չէ ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը, թուրքը եւ հայը բարեկամներ չեն կրնար ըլլալ, դրացնութիւն չեն կրնար ընել, զիրար չեն բարեւեր, իրարու հետ ձեռք չեն սեղմեր:
Անքաղաքավար արարքս հասարակ մոլեռանդութի՞ւն է, թէ՞ ազգայնամոլութիւն: Հաւանաբար երկուքը:
Մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր դպրոցներէն կամ ակումբներէն ներս, այդպէս դաստիարակուած ենք: Մեզի սորվեցուցած են`
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:
Թուրք դրացիիս հետ պարզապէս ծանօթանալու «յանցանքովս», պիտի մոռնայի՞ այդքան չարիքը: Վստահաբար` ո՛չ. սակայն, անկախ ինձմէ, դարձայ անքաղաքավար. անտեսեցի իր բարեւը: Չուզեցի ձեռնուիլ իրեն հետ:
Այդպէս դաստիարակուած ենք, նաեւ այդպէս դաստիարակած ենք մեր զաւակները:
Տարիներ առաջ ընտանիքով արձակուրդի գացած էինք դասական երաժշտութեան մայրաքաղաքը` Վիեննա, եւ անշուշտ վայելեցինք մէկէ աւելի դասական կտորներ:
Նուագահանդէսի մը ներկայ էինք: Տղաս հազիւ 10 տարեկան էր այդ ժամանակ եւ դաշնակի դասերու հետեւելուն պատճառով քանի մը նշանաւոր երգահաններուն գործերուն ծանօթ էր եւ յայտագրին մէջի իւրաքանչիւր նուագուած կտորի խորագիրը կարդալով` հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր նուագահանդէսին:
Յաջորդ կտորը Մոցարթի «Լա Մարշ Թիւրք»-ն էր:
Կարծելով, թէ այդ մէկը թրքական երաժշտութիւն մըն է, պնդեց, որ սրահէն դուրս պէտք է ելլենք: Իրեն համար անընդունելի է «թրքական» կտոր մը ունկնդրելը:
Մեծ դժուարութեամբ կրցանք համոզել, որ թրքական կտոր մը չէ այդ մէկը: Ընդհակառակը, Մոցարթ, ազդուած թրքական բանակին Եւրոպայի մէջ կատարած ջարդարար արշաւներէն, յօրինած է այդ կտորը, որ դարձած է իր գլուխ գործոցներէն մէկը:
Հազիւ 10 տարեկան երեխայ մը` կը մերժէ ունկնդրել «թրքական» կտոր մը, սակայն մեծ թիւով հասուն երիտասարդներ ու տարեցներ հաճոյքով կ՛ունկնդրեն իսկական թրքական երգեր:
Վերջերս հայկական օրաթերթերու մէջ յաճախ կը հանդիպինք շատ իրաւացի գրութիւններու, թէ ինչպէս Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ հայերը կը քաջալերեն թրքական արտադրութիւնները:
Թուրքերուն ամենամեծ քարոզչութիւնը եղած է հայերուս կողմէ:
Պէյրութ, Պուրճի հրապարակի հարաւը, «Քոմոն փալաս» անունով շարժանկարի սրահ մը գոյութիւն ունէր, ուր թրքերէն շարժապատկերներ կը ցուցադրուէին: Յաճախողները թուրքեր չէին, ոչ ալ` արաբներ:
Քաջալերողները հայեր էին:
Մեծ էր նաեւ թրքերէն երաժշտութիւն ունկնդրող հայերու թիւը: Բարեբախտաբար, շնորհիւ մեր ակումբներու աչալուրջ հսկողութեան, Պուրճ Համուտի շարժապատկերի սրահներու մէջ թրքերէն ժապաւէններ ցուցադրուիլը բացարձակապէս արգիլուած էր: Հայ «տիսքոթեք»-ներուն խստիւ պատուիրած էին թրքերէն երաժշտութիւն կամ վիտէօ չվաճառել:
Այսօր թրքախօսութիւնը արմատախիլ եղած է: Թրքերէն երգերն ու ժապաւէնները մեր տուներէն դուրս նետուած են (կը կարծեմ), սակայն շատ մը հայ երգիչներ տակաւին հայերէն կ՛երգեն թրքական ոճով, կամ թրքերէն եղանակներու վրայ հայերէն բառեր աւելցնելով` այն տպաւորութիւնը կ՛ուզեն ձգել, որ «հայերէն» կ՛երգեն: Ամենացաւալին` այդ ոճով երգիչները շատ աւելի կը գնահատուին, քան` մաքուր հայերէն երգողները:
Մեծ է թիւը հայերու, որոնք կը քաջալերեն թրքական զբօսաշրջութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանի այցը, հասկնալի է, մեր հողերն են, եւ որքան ալ բռնագրաւուած` կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին, շատեր կը փափաքին տեսնել մեր պապենական վայրերը, սակայն այցելել Պոլիս, հիանալ գեղեցկութեան, յաջորդող տարիներուն կրկին այցելել, այդ մէկը պարզապէս աններելի է:
Հալէպի մէջ, այս դժնդակ օրերուն, մէկէ աւելի հայեր մահացած են թրքական օղի խմելնուն պատճառով:
Լոս Անճելըսի մէջ կը վխտան թրքական արտադրութիւնները, եւ ամենացաւալին` ներածողներուն մեծամասնութիւնը հայ վաճառականներ են:
Սովորութիւն ունինք հրեաները օրինակ բերելու եւ կ՛ուզենք բաղդատուիլ իրենց հետ:
Ըսողները շատ են.
– Ի՞նչ վնաս ունի: Հրեաները գերմանացիներու կողմէ ողջակիզուեցան, սակայն այսօր, Ամերիկայի մէջ, գերմանական արտադրութիւններ ներածողներուն մեծամասնութիւնը հրեաներ են:
Կ՛ընդունիմ. հրեաները բաւական զոհ տուին, սակայն Գերմանիա ընդունեց Հիթլերի սխալը եւ հատուցեց հրեաներուն, մինչ Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուրանայ, այլեւ առիթը չի փախցներ շարունակելու 101 տարի առաջ սկսած` հայերը բնաջնջելու նենգ ծրագիրը:
Այսօր, երբ քիւրտերը կ՛ընդունին իրենց նախորդներուն գործած անմիտ սխալը, իրենց հանդէպ ոխը կը վերածուի համակրանքի` միասնաբար դիմագրաւելու պայքարը, ընդդէմ մեր հասարակաց թշնամիին` թուրքին:
Եթէ պատահէր, որ ներկայ սերունդի թուրքերը նմանապէս ընդունէին իրենց նախորդներուն գործած ցեղասպանութիւնը եւ թիկունք կանգնէին հայուն ու քիւրտին, այդ ժամանակ պատճառ մը չեմ գտներ գիտակից թուրքի մը ձեռքը սեղմելու:
Եթէ Թուրքիա ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, վերադարձնէ մեր հողերը, բարի դրացնութիւն ստեղծէ Հայաստանի հետ, վստահ եմ` այդ ժամանակ շատ սիրով պիտի սեղմեմ թուրք դրացիիս ձեռքը:
Կրնայ ըլլալ, որ բարի ու գիտակից անձ մըն է: Պայման չէ, որ բոլոր թուրքերը չար ըլլան: Ամէն ազգի մէջ գոյութիւն ունին լաւն ու վատը, սակայն… թուրք է:
Ինչպէս, որ Ապրիլ 24-ը դարձած է ջարդի ու կոտորածի հոմանիշ, այդպէս ալ թուրքը հայերուս համար դարձած է ջարդարարի հոմանիշ:
Թշնամիի մը հետ ձեռք սեղմել` կը նշանակէ մոռնալ ամէն տարակարծութիւն եւ հաշտուիլ:
Ներկայիս թուրքի մը ձեռքը սեղմել` կը նշանակէ ըսել. «Բան մըն էր եղաւ, կ՛արժէ՞ անոր համար 101 տարի ոխ պահել: Հաշտուինք վերջանանք»:
Նման բան կարելի՞ է: Ինչպէ՞ս սեղմել թուրքի մը ձեռքը, երբ փոխանակ ընդունելու իր անմարդկային արարքը` մինչեւ այսօր առիթը չի փախցներ հարուածելու հայ ազգը` ջանալով ամբողջացնել իր ակամայ կիսատ ձգած ոճիրը:
Ես անտեսեցի թուրք դրացիիս բարեւը, սակայն նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ալիեւ իրարու ձեռք սեղմեցին… ժպիտով:
Քաղաքական մարդոց կեղծ ժպիտներ:
Լոս Անճելըս, 2016