Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

Անդրադարձ. Մոսկուա, Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Պէտք Է Ազրպէյճանէն Բացատրութիւն Պահանջեն

$
0
0

Aliyev-Putin-Sarkissian_62716

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ կատարած է շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ.

– «Վիեննայի մէջ ազրպէյճանական կողմը ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրած է: Ուղղակի համանախագահող երկիրները կատարած են յայտարարութիւն մը, ատիկա իրենց յայտարարութիւնն է»:

– «Ս. Փեթերսպուրկի մէջ քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի 6 աշխատակիցներուն թիւը 2-2,5 անգամ մեծցնելու հարցը: Այստեղ խօսք չկայ մեծ առաքելութեան մասին: Չի փոխուիր նաեւ գրասենեակին լիազօրութիւնը: Ինչ կը վերաբերի հայերուն կողմէ յառաջ քշուած միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմին, եթէ իմաստը այն է, որ տագնապը սառեցուի, եւ որոշ լրացուցիչ միջոցներ ձեռնարկուին շփման գիծին վրայ, ապա Ազրպէյճանը, ի հարկէ, ատոր պիտի չդիմէ»:

Սակայն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Սարգսեան-Փութին-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահները վերահաստատեցին 16 մայիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ազրպէյճանական վեհաժողովի համաձայնութիւնները` ուղղուած տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ հոլովոյթի յառաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ստեղծման: Այդ նպատակով անոնք համաձայնեցան մասնաւորաբար բազմացնել տագնապի գօտիին մէջ միջազգային դիտորդներուն թիւը»:

Այլ խօսքով` Ազրպէյճան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ «վերահաստատած» է իր «յանձնառութիւնը» Վիեննայի հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան նկատմամբ, որ կը վերաբերի զինադադարի խախտման միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմին հաստատման: Այդ մեքանիզմը հայկական կողմին առաջարկը չէ, ինչպէս Ալիեւ կը պնդէ, այլ առաջարկն է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն: Հայկական կողմը պարզապէս ընդունած է այդ առաջարկը, որովհետեւ ոչինչ ունի թաքցնելիք, իսկ ազրպէյճանական կողմը մինչեւ Վիեննայի հանդիպում կը մերժէր զայն, որովհետեւ կը խանգարէ իր ծրագիրները եւ կը սանձէ իր նախայարձակութիւնը:

Վիեննայի հանդիպումէն ետք հրապարակուած Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու յայտարարութեան մէջ յստակ կերպով նշուած է, որ գոյացած է համաձայնութիւն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի «կարողութիւններուն յաւելման շուրջ»: Նկատի ունենալով այդ գրասենեակին վստահուած առաքելութեան տարողութիւնը, գրասենեակի 6 աշխատակիցներուն թիւը 12-ի կամ 15-ի բարձրացնելով բաւարարուիլը չի նպաստեր այդ առաքելութեան իրագործման: Ահա թէ ինչու Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումին աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը կը խօսի աշխատակիցներու թիւի բազմացման եւ ոչ թէ կրկնապատկման մասին:

Ալիեւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումէն ճիշդ մէկ շաբաթ ետք, Վիեննայի եւ այդ հանդիպումի արդիւնքներէն հրաժարելուն մասին իր կատարած այս յայտարարութեամբ եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ իր խօսքն ու ստորագրութիւնը անարժէք են, եւ անոնց կարելի չէ վստահիլ: Այդ յայտարարութիւնը սպասելի էր եւ ազրպէյճանական կողմի ոգիին գործելաոճին յարիր: Ազրպէյճանական կողմէն այլ ակնկալութիւն մը ունենալը անտեղի է: Սակայն կ՛ակնկալենք, որ Մինսքի խմբակը, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումները հովանաւորող Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները Ալիեւէն բացատրութիւն պահանջեն երկու բարձրաստիճան իրերայաջորդ հանդիպումներուն արդիւնքները ջնջելուն, արձանագրուած յառաջընթացը վիժեցնելով` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման բանակցութիւնները ականահարելուն համար:

Համանախագահող երկիրները պէտք է գիտակցին, որ ազրպէյճանական կողմի մէկ քայլ առաջ-մէկ քայլ ետ կատարելու վարքագիծը Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի նման բարձրաստիճան այլ հանդիպումի մը կայացումը կը դարձնէ անիմաստ եւ սուղ ժամանակի անհարկի մսխում:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>