Image may be NSFW.
Clik here to view.
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը ներկայացնող հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան ազգային կրթութեան նախարարին յղած է հարցում մը` ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պարտադիր կրօնական դասընթացքներուն վերաբերեալ:
«Ակօս» թերթը կը գրէ, որ Տողան իր հարցումը խորհրդարան յղած էր 2015-ի դեկտեմբերին` ակնկալելով այն ժամանակուան կրթութեան նախարար Նապի Աւճըի պատասխանը: Սակայն հայ պատգամաւորին հարցումներուն պատասխանած է նոր նախարար Իսմեթ Եըլմազ:
Միջանկեալ նշենք, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիոյ մէջ պարտադիր կրօնական դասերուն եւ անոնց բովանդակութեան վերաբերեալ դատի մը ծիրէն ներս իր արձակած վճիռով դատապարտած էր Թուրքիան եւ` պահանջած, որ կրօնի դասերը հանուին կրթական հաստատութիւններու պարտադիր ուսումնական ծրագիրէն:
Տողան կրթութեան նախարարին մասնաւորապէս հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ, հակառակ յիշեալ որոշումին, Թուրքիոյ մէջ ցարդ որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած այդ գծով, եւ կրօնի դասերը տակաւին կը շարունակուին պարտադիր կարգով դասաւանդուիլ:
Եըլմազ տեղեկացուցած է, որ ՄԻԵԴ-ի վճիռը իրագործելու նպատակով մշակուած է յատուկ աշխատանքային ծրագիր մը, որ ուղարկուած է արդարադատութեան նախարարութիւն:
«Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ վերջնական տեսքի բերուած աշխատանքային ծրագիրին համաձայն, վճիռը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ է լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը կատարել եւ խնդիրը բազմակողմանի գնահատել: Այդ նպատակով կազմուած է տարբեր մասնագէտներէ կազմուած յատուկ աշխատանքային խումբ մը, որ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի յունիսին: Նախատեսուած է, որ խումբի աշխատանքները աւարտին ամենաուշը մինչեւ 2016-ի տարեվերջը», ըսած է նախարարը: