Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յաւերժ Երիտասարդը` Զարեհ Մալճեան

$
0
0

zareh_62516Գաղափարական ընկեր, կազմակերպական կեանքի մէջ ստեղծագործ, նորարարութեան ռահվիրայ:

Այնտեղ, ուր կար երիտասարդական ստեղծագործական աշխատանք, հոն էր ընկեր Զարեհը, հո՛ն` երիտասարդին կողքին, անոր սատարելու, յորդորելու ու թիկունք կանգնելու:

Գիտութեան լոյսէն չյագեցող ընկեր Զարեհը, ընդմիշտ քաջալեր էր հայ երիտասարդին` հմտանալու ուսման եւ գիտութեան բնագաւառէն ներս:

Կազմակերպական կեանքին մէջ իր իւրայատուկ ներդրումը ունեցաւ` ի մասնաւոր երիտասարդականի եւ ուսանողականի շարքերէն ներս:

Առաջնահերթութիւն էր անոր համար Հայ դատը եւ իւրաքանչիւր հայ մարդու առաջնային պարտականութիւնը կը համարէր Հայ դատին ի նպաստ աշխատանք ծաւալելը: Իր կարգին կը կատարէր այդ պարտականութիւնը:

Համոզուած էր, որ տնտեսական կարողականութիւնը գլխաւոր դերակատարութիւն ունի ցանկացած ծրագիրներու իրականացման համար. առ այդ, կը ջանար տնտեսական նախաձեռնութիւններով օգտակար դառնալ ազգին ու կազմակերպութեան:

Փոքր տարիքէն ստանձնեց ղեկավար պաշտօններ, յանձնառութիւն վերցուց եւ տէր դարձաւ այդ յանձնառութեան:

Ընկեր Զարեհին համար անկարելիութիւն չկար, ամէն բան կարելի է իրականացնել կամքով ու աշխատանքով:

Կը հաւատար երիտասարդութեան ուժին, կը հաւատար անոր կամքի զօրութեան եւ կը գուրգուրար անոր վրայ:

2008-ին, անտեսելով ամէն խոչընդոտ, խումբ մը իրեն նման «խենթ»-երու հետ կազմակերպեց Հալէպէն դէպի Արեւմտահայաստան առաջին ուխտագնացութիւնը: Այդ վայրերը իրեն համար դրախտ էին, այդ երկինքը արքայութիւնն է: Ապրեցաւ իւրաքանչիւր վայրկեան, իւրաքանչիւր հողատարածք, ապրեցաւ Սասնոյ լեռները, Մշոյ արեւը, Վանի արիութիւնը: Անձամբ տեսաւ Համշէնը, ծանօթացաւ իր արենակիցներուն եւ պաշտպանեց հայու հողը:

Ընկեր Զարեհին հետ թէկուզ կարճ շրջան մը ապրողը կեանքի երկար փորձառութիւն կը վաստակէր:

Քաջ էր իր կեցուածքներուն մէջ, անվարան էր դիրքորոշումներուն մէջ, հզօր էր իր մտայղացումներուն մէջ:

Կարելի էր երկար ժամեր նստիլ Զարեհ Մալճեանին հետ եւ զրուցել գիտական, գրական, մշակութային, պատմական, կրօնական, փիլիսոփայական թէ ընկերային հարցերու մասին: Զրուցել ու չձանձրանալ, զրուցել ու չզգալ ժամանակի հոսքը, զրուցել ու չյագենալ, այլ` սորվիլ ու նորութիւններ բացայայտել:

Երիտասարդ էր ան հոգիով, ապրումներով, մօտեցումներով, կամքով ու արիութեամբ:

Նժդեհեան գաղափարախօսութեան դրօշակիրն էր եւ ջանք չէր խնայեր, որ հայ ազգի սերունդները նոյն ցեղակրօնութեան գաղափարաբանութեամբ ջամբուին:

Զարեհ Մալճեան աշխատած է Սուրիոյ երիտասարդական, պատանեկան եւ ուսանողական միութեանց կազմերէն ներս, նախ` իբրեւ դաստիարակ, ապա` պատասխանատու վարչական: Եղած է ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի անդամ: Ծառայած է Բերիոյ թեմի Առողջապահական խորհուրդէն ներս, ապա նաեւ իբրեւ կամաւոր բժիշկ` ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս:

Զարեհ Մալճեան երկար տարիներ եղած է Սուրիոյ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմինի անդամ:

Հզօ՛ր էիր, ընկե՛ր Զարեհ, եւ հզօր պիտի մնաս մեր յիշողութեան մէջ:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԸՆԿԵՐՆԵՐ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>