Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Վերամուտ

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Օ՛ն, աղջիկնե՛ր, թօթափեցէ՛ք օգոստոսեան հրակէզ տօթը ձեր վրայէն, վերամուտ է:

Ծրագրել, դասաւորել, պատրաստուիլ պէտք է, կամաւորը կը նետուի, դանդաղ շարժելու իրաւունք չունի, կամաւորը պիտի տայ, բաժնէ` գործ, գաղափար, հոգեկան հասկացողութիւն:

Ֆրանսայի մէջ չորսէն մէկը կամաւոր է. երեք միլիոն ֆրանսացի մնայուն ձեւով կամաւոր աշխատանք կը տանի` շաբաթական երկու ժամ տրամադրելով:

Քանատայի մէջ տասնհինգ տարեկանէն վեր արդէն կամաւոր աշխատանքի կը լծուին. Ժողովուրդին քառասունեօթը առ հարիւրը գործէն դուրս կամաւոր աշխատանքի կը տրամադրուի:

Լիբանանէն ներս ալ արդէն, ալեծածան ծովու նման, շարժումը սկսած է, չենք արհամարհեր այն մեծ թիւը կամաւորներու, որոնք ԼՕԽ-ի զանազան յանձնախումբերու մէջ մտած, իրենց վտիտ ուժերով մեծ գործերու կը ձեռնարկեն: Քսանվեց մասնաճիւղ, ամէն մէկը միջին հաշուով վեց-եօթը հոգինոց յանձնախումբերով հսկայ բանակ մը կ’ընէ կամաւորներու, որոնք իրենց մտքերը սպառած են, թարմանալու, արդիականանալու պէտք ունին: Ո՞ւր են մեր մանկամարդ երիտասարդուհիները, շարքերը նորոգենք, նոր դէմքեր, նոր գաղափարներ, կորովով վիճաբանինք, առերեսուինք հարցերուն հետ, աշխատինք:

Հոգեկան անբացատրելի գոհունակութիւն զգալու համար, առանց նիւթական կամ փառաբանական ակնկալութեան, այլազան բնօրաններու մէջ տալիք ունի հայուհին ԼՕԽ-ի ճամբով, աչքին տեսածը լաւագոյն ձեւով բարեփոխելու, զարգացնելու, մարդկային արժէքները ազնուացնելու, սքանչելի առիթներ են  միութենական աշխատանքները, ձեռք ձեռքի տալով ու գործակցելով, մէջտեղ բերելը:

Մեր առօրեային մաս կազմող, այսպէս ըսած` կամաւոր աշխատանքը, մեր մորթին մէջ անցած  ապրում ու մտահոգութիւն դարձած է, այն կապը, որ ստեղծուած է հայկական իրականութեան մէջ ԼՕԽ-ի ճամբով, որուն հանդէպ այլեւս մտերմութիւն մը կը զգանք, այս կապը ո՛չ գործ է, ո՛չ ալ այլ բան, այլ` կեանքի ուղի մը:

Անբաղդատելի մարդկային աշխատանք մը, թերեւս` խենթ արկածախնդրութիւն մը, որ ԼՕԽ-ական կամաւորը կ՛ապրի ամէն օր, գոհունակութեան խաղաղ զգացումին տակ:

Ուժ ու կորով` ԼՕԽ-ականներուն եւ բարի վերամուտ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>