Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի «Մտորումներ Ժողովուրդի Մը, Հողի Մը Եւ Դատի Մը Մասին» Գիրքի Հրատարակութիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Kassouni-Mdorumner-book-cover-(1)Դոկտ. Երուանդ Քասունի 1991-2007 ժամանակաշրջանին թուղթին յանձնած եւ «Ջանասէր»-ի մէջ հրատարակուած իր խոհերը հաւաքած է «Մտորումներ ժողովուրդի մը, հողի մը եւ դատի մը մասին» խորագրեալ հատորի մը մէջ, որ լոյս տեսաւ այս տարի, 2016-ի մայիսի սկիզբը, «Քէստէնեան» տպարանէն, 400 էջերով:

Հեղինակը գիրքը կը ձօնէ տարագիր հայութեան սփիւռքի նոր սերունդներուն` յիշեցնելով. «Տարագիր հայութեան սփիւռքի մարտունակ եւ սթափ նոր ու նորագոյն սերունդներուն, որոնց սրբազան պարտքն ու առաքելութիւնն է Մեծ Երազի Ճամբուն վրայ յաղթարշաւի առաջնորդութիւնը»:

Գիրքին մէջ երեւցող երգիծանկարները կը պատկանին Վրէժ Վ. Քասունիին:

Հեղինակը «Որպէս մուտք» խորագիրով կը բացատրէ գիրքին հրատարակութեան դրդապատճառները. «Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան սփիւռքը, որ դար մը ամբողջ բազմակողմանի ճակատներու վրայ իր գոյատեւման պայքարը մղելէ յետոյ, իր վերածնունդի սեմին, ազգային միջազգային ու համաշխարհային սահմանագիծերու մէջ ընկերային, հասարակական, մշակութային, տնտեսական, կրօնական ու քաղաքական կեանքի համատարած նոր հալովոյթներու ականատես, կը կենայ նոր հարցականներու դիմաց, որոնց յաղթահարումը նոր տեսլական-գաղափարախօսութիւն, նոր ռազմավարութիւն ու նոր մակարդակի ու չափանիշի զոհողութիւն կը պահանջէ»: Այս իրադրութիւն-հարցին իբրեւ լուծում` Քասունի կ՛առաջարկէ «ժամանակին հետ քայլ պահել» եւ «նորը անընդհատ նորոգել գալիքին նախազգացումով ու զայն դիմագրաւելու վճռականութեամբ»:

Հեղինակի  բոլոր մտորումներուն միտք բանին եղած է Հայաստան աշխարհի փրկութիւնը. ներկայիս` պահանջատիրութիւն: Այս է երազը հայուն, որ պարտաւոր է «Մեծ երազի ճամբուն վրայ անվհատ քալել»:

«Յիշելու եւ պահանջելու» վերնագրով հատուածին մէջ, հեղինակը Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու, պատմութեան մէջ ապրիլ ամսուան դաժանութիւնը յիշեցնող գաղափարներ կ՛արտայայտէ: Ան հայութիւնը կը հրաւիրէ գործելէ առաջ ծրագիր մշակելու: Անշուշտ այս ամբողջ գործելակերպը բարոյական բարձր չափանիշներու ենթակայ ըլլայ: Այս գաղափարները փոխանցուած են «Ջանասէր» պարբերաթերթի միջոցով, Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակի տարիներուն:

Այսուհետեւ դոկտ Ե. Քասունի կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի գործընթացքներուն, մանաւանդ` Ֆրանսայի մէջ: Այս գործողութեան զուգահեռ կ՛ընթանայ հայոց պահանջատիրութիւնը, եւ շեշտը կը դրուի հայկական սփիւռքի դերին վրայ: Հեղինակը կը մէջբերէ սփիւռքահայ տարագիր խմբագիրի մը խօսքը. «Բայց պիտի ընդգծել, որ Հայ դատի իրաւական տէրը կը մնայ տարագիր հայութիւնը»: Հեղինակը Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը բնաւ զերծ չի կացուցաներ պահանջատիրութեան պարտականութենէն:

Քասունի կը զգուշացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի եւ մոռացումի վտանգներէն: Իսկ «Եթէ հողերը տան, ո՞վ պիտի երթայ» վերնագրով յօդուածին մէջ, նախ քան ամէն բան, ան կը շեշտէ «հողերը չեն տար, պիտի առնել» իրականութիւնը: Հայը իր ազատագրած հայրենիքի հողերուն վրայ ապրելու կամ չապրելու հարցին մասին ամէն կողմէ եկած զանազան կարծիքներուն դիմաց կ՛ըսէ. «Այսօր պատասխանատու գիտակցութեամբ պիտի մտածել մայր հողերուն վերադառնալու ծրագիր մը մշակելու մասին»: Դառն իրականութիւն մը` «Ուշ ենք եւ ուշացած», բայց յուսալի է նաեւ, որ` «տակաւին կարելի է փրկել շատ բան»:

Թրքագիտութեան կեդրոն մը շատ անհրաժեշտ կը նկատուի հայոց համար: Ներկայ Հայաստանի համար այս տեսակ ծրագիրի մը իրականացումը թերեւս  դժուար պիտի ըլլայ: Ուստի այդ մէկը սփիւռքն է, որ պիտի իրականացնէ: Այդպիսով, հայը լաւ պիտի ճանչնայ թուրքը: Այս գործով հայ «թրքագէտներ պիտի մաղեն թուրք մամուլը ու մասնաւորաբար հայ-թուրք յարաբերութեան եւ Հայկական հարցի մասին լոյս տեսած գրականութիւնը», կ՛ըսէ Քասունի:

Հեղինակը` դոկտ. Երուանդ Քասունի թուրք-հայկական հաշտութեան յանձնաժողովը «ազգերու խաղ»-ին մէջ բացուած նոր էջ մը կը նկատէ: Այս ուղղութեամբ ան հարց կու տայ հայկական սփիւռքի դերին մասին: Գիրքին մէջ կը տեսնենք Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին պատրաստութիւններու շարք մը: Հոս շեշտը կը դրուի «սփիւռքի Հայ դատի գերագոյն մարմին» մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան վրայ:

Պէտք է յստակացնել պահանջատէրին ինքնութիւնը: Հայաստա՞նը, թէ՞ սփիւռքը պիտի ըլլայ ան: Հեղինակը այս մասին լուսաբանութիւններ կու տայ ընթերցողին: Ան կը ներկայացնէ նաեւ ճանաչման եւ պահանջատիրութեան ուղիներուն վրայ հայոց տարած պայքարին զանազան երեսները: Ամէնէն կարեւորը, սակայն, հանգրուանային ծրագիր մը մշակելն է, կ՛ըսէ ան:

Յաջորդ գլուխը` «Վարդանանցէն Արցախ» վերնագիրի տակ, 1992-ին արցախեան պատերազմի անցուդարձերուն մասին գաղափարներ եւ վերլուծումներ կը պարունակէ: Հեղինակը Հայաստանն ու սփիւռքը Արցախի թիկունքը կը նկատէ: Արցախը մերօրեայ Աւարայրն է, կ՛ըսէ ան: Յաղթանակէն ետք եկող ժամանակաշրջանի մասին կը գտնենք վերլուծումներ, որոնք կը խթանեն պահպանել յաղթանակը եւ զարգացնել հայկական դիւանագիտական աշխատանքները: Կը նկատենք, թէ հեղինակը արդէն 90-ական թուականներուն իր յօդուածներուն մէջ կը թելադրէ, թէ ճակատամարտը յաղթանակով աւարտած է սակայն պատերազմը վերջ չէ գտած: Անհրաժեշտ է կնքել խաղաղութեան դաշինք մը` «նոր Նուարսակ»-ի տարողութեամբ: Այս մէկը անշուշտ նոր յաղթանակի մը ծրագիրը կը պահէ իր մէջ:

Յաջորդ յօդուածին մէջ Քասունի Աւարայրի եւ Սարդարապատի կշիռքով Արցախի պատերազմի մասին վերլուծութիւններ կ՛ընէ: Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան առանցքը կը կազմէ հայուն հաւատքը: Հաւատք հողին հանդէպ, ազատութեան հանդէպ եւ ընդդէմ բռնատիրութեան…

Ինչպէս յիշեցի, Քասունի զինադադարը վերջնական չէ նկատած եւ կը խօսի երկրորդ «Նուարսակ»-ի մը մասին: Ան հետեւեալ ձեւով կ՛աւարտէ յօդուածը. «Գալիք կռիւներուն մէջ, առանց երդմնապահ ժողովուրդի մասնակցութեան, ամէն լոզունգ կը մնայ ձայն բարբարոյ յանապատի, ու ապա կը վերածուի ինքնախաբէութեան»:

Հոս հեղինակը կը շեշտէ մայիսեան յաղթանակներու կարեւորութիւնը: Հայուն համար մայիս ամիսը եղած է յաղթանակներու ամիս: Աւարայր` 26 մայիս 451թ., Սարդարապատ` 26 մայիս 1918 յաղթանակի օր, եւ Շուշի-Արցախ` 9 մայիս 1992թ. ազատագրութեան օր, կը յիշուին: Կը յիշուին նաեւ հայ հերոսները` Վարդան Մամիկոնեան, զօր. Դանիէլ Բէկ Փիրումեան եւ, վերջապէս, Պարգեւ եպս. Մարտիրոսեան, որ 1989-ին ըսած էր «խաչը շուռ է գալիս եւ դառնում սուր» խօսքը:

Յաջորդը յօդուածներու շարք մըն է Հայ եկեղեցիին մասին: Աղանդաւորներու իրավիճակը, եկեղեցին ազգային ծառայութեան մէջ, էքիւմենիզմի մասին եւ «Քրիստոնէական վարդապետութեան ուղեցոյցով» յօդուածներ կը գտնենք: Կը հանդիպինք նաեւ քրիստոնէութեան 1700-ամեակի խոհերու եւ խորհրդածութիւններու եկեղեցին բարեկարգելու թելադրութեամբ: Ապա հեղինակը կ՛անցնի հայ դպրոցին, որուն նպատակն է հայապահպանումը: Շեշտը կը դրուի հայոց մեծասքանչի (մանաւանդ` արեւմտահայերէն) նահանջին վրայ: Այս ուղղութեամբ «Կռիւը հայերէնի դէմ» յօդուածին մէջ Քասունի կ՛ըսէ. «Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն, բայց առանձնապէս Լիբանանի մէջ, ո՞վ կրնար մտածել, թէ կու գայ ժամանակ, երբ հայ մարդը կռիւ կը յայտարարէ հայերէնի դէմ»: Հոս կը տեսնենք այս մասին խորհրդածութիւններ ու վերլուծումներ:

Քասունիի գիրքին յաջորդ գլուխը կը կազմեն հայ մշակոյթի մասին յօդուածներ: Կան խոհեր` բարոյական արժէքներու մասին: Ան կը գրէ. «Եթէ ամէն ինչ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային փրկութեան համար է առաջին հերթին, ուրեմն ամէն ինչ պիտի վերսկսիլ այսպէս. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»»: Հրաւէր մըն է այս հայ մարդուն` հարցերուն իմաստութեամբ մօտենալու եւ փորձառութենէն օգտուելու:  Ի՞նչ է հայ մտաւորականին դերը այս բոլորին մէջ: Հեղինակը կ՛ըսէ. «Յանձնառու մտաւորականը առաջին բողոքողն է անարդարութեան դէմ»:

Մամուլին դերը հայկական կեանքին մէջ երկու յօդուածներով կը լուսաբանուի հեղինակին կողմէ: Հայ մամուլը կը ծառայէ հայապահպանութեան նպատակին: Ինքնաքննադատութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի հայը մտքով ու հոգիով բիւրեղանայ: «Հայը` ժամանակի բեռնակիր» վերնագիրի տակ կը հանդիպինք խորհրդածութիւններու, ուր կը նկատենք, թէ շեշտը կը դրուի սփիւռքի մէջ հայ մարդուն պարտականութիւններուն վրայ: Ի՞նչ գործ կատարած ենք մինչեւ հիմա ու տակաւին ի՞նչ գործեր ունինք ընելիք: Հաշուեյարդարի հրաւէր մըն է սա: Ի՞նչ չենք կատարած, որ կրնայինք ընել ազգին համար:

Կը կարդանք խոհեր` երրորդ սերունդին մասին, անոնց դերին եւ պարտականութիւններուն անդրադառնալով: Վերջապէս «Սփիւռքը» եւ «Պետականութիւնը» վերնագրերով յօդուածներուն մէջ հեղինակը կը վերլուծէ հայկական իրականութեան ծալքերը եւ խորհուրդներ կ՛առաջարկէ երթը շարունակելու: Հոս կրկին Արցախը յենակէտ կը նկատուի` իբրեւ հայուն հանգրուանային նպատակակէտներէն մէկը:

Թէեւ գիրքը կազմուած է առանձին-առանձին խմբագրականներէ, սակայն կը նկատենք, թէ ան ամբողջութիւն մըն է` արծարծուած նիւթերու ներդաշնակութեամբ:

Տպաւորիչ երեւոյթ մըն է, որ երգիծանկարները ներդաշնակ ու հաշտ կ՛ընթանան նիւթերուն հետ:

Ահաւասիկ` նոր հրատարակութիւն մը, որ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի հեղինակութեամբ եւ ջանքերով լոյս կը սփռէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակի ժամանակաշրջանին վրայ:

Վա՛րձքդ կատար, դոկտ. Երուանդ Քասունի:

Պէյրութ, մայիս, 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>