Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահը չափ ու սահմանն իսկ կորսնցուցած է, այնքան մը, որ այլեւս արեւմտեան աշխարհի իր ամենամօտիկ դաշնակիցներն անգամ զզուած են իր եսակեդրոն ընթացքէն եւ կիրարկած ծաւալողապաշտ քաղաքականութենէն:
Ինքզինք ոչ թէ միայն Թուրքիոյ նախագահ, այլ իսլամական աշխարհի մարգարէ նկատելով` ան որոշած է միջամուխ ըլլալ եւ ներկայ գտնուիլ ամէն տեսակի հաւաքներու, ժողովներու եւ ձեռնարկներու:
Այս ծիրէն ներս, ան ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ եւ պատճառը` ՄԱԿ-ի հետ առնչուող գիտաժողով մը չէր, ո՛չ այլ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական բնոյթ ունեցող հանդիպում մը:
Յունիս 10-ին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժամանած էր Քենթաքի նահանգը, որ հռչակաւոր է նժոյգ ձիերով, եւ ձիարշաւներով: Այս բնագաւառէն բոլորովին հեռու եւ տարբեր պատճառներով «սուլթան» Էրտողանի ժամադրավայրն էր տեղւոյն Լուիվիլ քաղաքը: Ան որոշած էր մասնակցիլ հանրածանօթ կռփամարտիկ Մոհամետ Ալի Քլէյի թաղման արարողութեան, սակայն ո՛չ իբրեւ պարզ սգակիր մը, ո՛չ ալ իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ, այլ` իբրեւ իսլամական աշխարհի մարգարէական պատուիրակ: Անոր մարմաջն էր թաղման արարողութեան առթիւ խօսք առնող պաշտօնական անձնաւորութիւններէն մէկը ըլլալ: Մեծամիտ Էրտողան նոյնիսկ իրեն հետ բերած էր Մեքքէի սրբավայրէն բուռ մը հող եւ Քուրանի պարբերութիւններ կրող կերպասի կտոր մը:
Ան երազներ ունէր եւ կը կարծէր, թէ իր կրօնական աղաւաղուած հասկացողութիւնը նոյն ձեւով կը կիրարկուէր … հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական շրջանէն ներս:
Ցաւօք սրտի, սուլթան Էրտողան քաջատեղեակ չէր, որ հոն` Լուիվիլի մէջ կրօնի հասկացողութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ յատկապէս Քլէյի նման հաւատացեալներու նման, բոլորովին այլ իմաստ ու բնոյթ ունի:
Աւելի՛ն. ան կը կարծէր, որ իր ներկայութեամբ ամէնուրեք «կարմիր գորգ» պիտի փռուէր, եւ այսպէս, մեծամտութեամբ, իր վրայ պիտի կեդրոնացնէր բոլորին ուշադրութիւնը:
Այդպէս չեղաւ…
Արդարեւ, աշխարհի թիւ մէկ կռփամարտիկի թաղման կազմակերպող յանձնախումբը լաւապէս տեղեակ էր, որ Էրտողան այլ հաշիւներ ունէր եւ կրօնը պիտի գործածէր իբրեւ քաղաքական զէնք: Նոյնիսկ Քլէյի ընտանեկան պարագաներն ալ գիտէին, որ Անգարայէն ժամանած այդ պեխաւոր մարդուն մտքին ետին կային մութ եւ նենգամիտ գաղափարներ:
Դեռ աւելի՛ն. քիչ մնաց, որ Էրտողանի թիկնապահներն ալ կռփամարտի եւ ըմբշամարտի մրցումներու դիմէին սպասուածին նման յարգուած չըլլալնուն պատճառով:
Եւ այսպէս, սուլթանը տեսնելով, որ անծանօթ Լուիվիլի մէջ նոյնքան անծանօթ մըն ալ ինքն է, որոշեց գլխիկոր հեռանալ եւ վերադառնալ Անգարա:
Լուիվիլի մէջ Էրտողան միայն անծանօթ անձնաւորութիւն մը չէր, այլ անընդունելի տիպար մը` «փերսոնա նոն կրաթա» մը:
Յարգելով հանդերձ ամէն արհեստ եւ արհեստաւոր, արեւելեան հին ասացուածքը կ՛ըսէ` «Կօշկակար` կօշիկէդ վեր մի՛ ելլեր»:
… Անգամ մը եւս Էրտողան յանդգնած էր այդ մէկը կատարելու եւ, ռինկերէն հեռու, ենթարկուած էր բոլորովին տարբեր տեսակի «նաք աութ»-ի մը:
16 յունիս 2016