Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Տեսակէտ Բարի Գալուստ Գաղթականներուն

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Իրականութիւն է այն, որ բոլորիս նախահայրերը գաղթականներ եղած են: Անոնք գաղթեցին փրկուելու համար օսմանեան կառավարութեան ցեղապաշտ քաղաքականութենէն: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ  պատերազմի հետեւանքներն են տեղահանութիւնն ու ջարդը: Երկու պարագաներէն ալ մեր նախահայրերը անցած են եւ շատ լաւ գիտակցած են նշեալ հետեւանքներուն ծանրութեան:

Այսօր Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը կը շարունակէ իր բարբարոսական ջարդերը` ընդդէմ բնիկ քաղաքացիներուն, իսկ Սուրիան 5 տարիէ ի վեր կ’ապրի պատերազմի մէջ: Իրաքցի եւ սուրիացի քաղաքացիները իրենց կեանքը փրկելու համար գաղթեցին. անոնցմէ շատեր գաղթեցին այստեղ` Լիբանան:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը գաղթականներուն հարցին վերաբերեալ. երբ Ցեղասպանութեան ժամանակ մեր նախահայրերը գաղթեցին դէպի Լիբանան, Սուրիա, Իրաք կամ որեւէ այլ արաբական երկիր, արաբները առանց խտրութեան եղբայրութեան ձեռք մեկնեցին անոնց:

Յայտնի իրականութիւն մըն է գաղթականներուն շահագործումը` աշխատանքի եւ բնակութեան իրաւունքներու առումներով: Նուազագոյն աշխատաժամը խախտելով` նուազագոյն աշխատավարձէն աւելի պակաս աշխատավարձով աշխատցնել, իսկ միւս կողմէ` սուղ գիներով բնակարաններ վարձու տալ:

ՀՅ Դաշնակցութեան համար` իբրեւ ժողովրդավարական եւ ընկերվարական կուսակցութեան, մարդ անհատը մեծ արժէք ունի` առանց սեռի, դաւանանքի, կրօնի կամ ազգի խտրութեան. դաշնակցականը ընելիք ունի այստեղ: Տիպար դաշնակցականը, հետեւելով իր կուսակցութեան ծրագիրին, միշտ ալ հեռու պէտք է մնայ այսպիսի վերոնշեալ երեւոյթներէն: Ան կը ձգտի ստեղծել ժողովրդավար հասարակութիւն, ուր գաղթականներուն իրաւունքները (որոնք անբաժանելի մաս կը կազմեն մարդու իրաւունքներուն) յարգուած կ’ըլլան, եւ ուր կանոնը հիմնուած կ’ըլլայ հաւասարութեան վրայ:

Ես` իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ, կը հետեւիմ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) (որուն անդամակցած է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը) բոլոր կոչերուն ու որոշումներուն եւ կը ձգտիմ զանոնք իրականացնել հասարակութեան մէջ: ԸԵՄՄ -ը յայտարարեց, որ պէտք է քաջալերել գաղթականներու համարկումը իրենց գաղթած երկիրներուն հասարակութիւններուն մէջ եւ մաս կազմելը արդար հասարակութեան: Այս հիման վրայ, կոչ կ’ուղղեմ համայն հայութեան` գաղթականներու շահագործման կամ որեւէ այլ ատելութիւն սերմանող երեւոյթի դէմ դնելու:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>