Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

ԼՕԽ. Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ Այնճարի Մէջ

$
0
0

LOKH_10-01-15LOKH1_10-01-15Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծառայութիւն, ընկերային արդարութիւն բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական «Ֆինն չըրչ էյտ» կազմակերպութեան ֆինանսաւորութեամբ եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ճաշի եւ ձեռարուեստի սեմինարներ»-ուն չորրորդ եւ վերջին հանգրուանը, տեղի ունեցաւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, 11-13 օգոստոս 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն ներկայութեամբ:

«Աղթամար» մասնաճիւղի անդամները անգամ մը եւս ստանձնեցին դասատուի պարտականութիւնը, իւրաքանչիւր օր, կատարեալ ձեւով փոխանցեցին ճաշերու պատրաստութեան եւ ձեռարուեստի հարուստ գիտելիքներ, իրենց աշխուժութեամբ ու խանդավառութեամբ նոր կեանք տուին «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին` ԼՕԽ-ին կապելով նոյնիսկ գիւղի` օտար բնակիչները եւ մայր հայրենիքէն ժամանած հիւրերը, որոնց ներկայութիւնը յաւելեալ փայլք մը տուաւ սեմինարին. անոնք նորութիւններ ցուցադրեցին ձմերուկի վրայ ծաղիկներ փորագրելով:

«Ձեռարուեստի եւ ճաշի սեմինար»-ներուն մասնակցող ու աչալրջութեամբ հետեւող յիսունէ աւելի հայուհիներ սեմինարի աւարտին ստացան վկայագիրներ եւ մեծապէս գնահատեցին ԼՕԽ-ի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծառայութեան  այս շինիչ ծրագիրը , որ կը միտի հայուհին գիտութեամբ զինել ու նոր թափ տալ անոր առօրեային, յաղթահարելու նորօրեայ դժուարութիւնները:

Այնճարի  սեմինարը յաւելեալ իմաստ ստացաւ, երբ ձեռարուեստի դասատու ընկերուհին իր հիւսած ասեղնագործութեան տեսակաւոր ասեղներու  նմուշներ ցուցադրեց, առաւել, սրահը ցնծաց ուրախութեամբ, երբ ճաշասեղանները զարդարուեցան ներկաներուն մասնակցութեամբ պատրաստուած խմորեղէններով, բազմատեսակ հրուշակներով, հայկական շարոցներով ու չոր միրգերով:

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծառայութեան ծրագիրը առիթը ընծայեց Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի  անդամներուն` վերահաստատելու իրենց ձեռներէցութիւնը եւ ստեղծագործական միտքն ու ոգին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13490

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>