ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Ռազմական գործողութիւններուն բնականօրէն մաս կը կազմեն յառաջխաղացքն ու հողային նուաճումները, ինչպէս նաեւ` նահանջը եւ հողային կորուստները: Առաջին պարագային ցնծութիւնն է եւ հպարտութիւնը, իսկ երկրորդի` հրամայաբար պատճառներուն յստակացումն է եւ ուժերը վերագտնելու-վերահաւաքելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապրիլի սկզբին Ազրպէյճանի շղթայազերծած դաւադիր ու հարուածային պատերազմին հողային տարածք կորսնցուցինք, որ սակայն թշնամիին յուսացած ծաւալը չունեցաւ` շնորհիւ հերոսական բանակի մահագնաց հայ զինուորին, որ իր կեանքով կասեցուց թշնամիին յառաջխաղացքը: Կասեցումը արժեց հարիւրէ աւելի երիտասարդներու մատղաշ կեանքերը:
Ճմլուած հոգիով եւ կապարի ծանրութիւն մը լեզուիդ վրայ, թերեւս ընդունիս, ինչ որ պատահեցաւ, ու ըսես, թէ պատերազմ էր եւ հայրենի հողը պաշտպանելու սրբազան պարտականութիւնն էր հայ զինուորին առաքելութիւնը, զոր ան կատարեց այնպիսի արութեամբ, որմէ նոյնիսկ հերոսներ պիտի օրինակուին: Յարգա՜նք անոր:
Անընդունելին, նոյնիսկ անմարսելին, Հայաստանի քաղաքական այրերու եւ ղեկավար տարրին շրթներէն լսուող բնորոշումներն են` հողային մեր կորուստին համար: Քիչ բացառութեամբ, գրեթէ բոլո՜րը` վերէն վար, հեռատեսիլէն թէ մամուլին տրուած հարցազրոյցներու կամ ասուլիսներու ընթացքին նոյն ծամօնն է անոնց բերնին` «աննշան տարածք», «անկարեւոր յենակէտեր», «ռազմավարական նշանակութենէ զուրկ դիրքեր», եւ այսիմաստ այլ որակումներով կը բնորոշեն կորուստը 800 հեկտար հողային տարածութեան:
Դժուար է գիտնալ, թէ այս մարդոց համար ինչ իմաստ ունի Արցախի սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հայրենի հող ամրագրած է թշնամիին գրաւումին ենթարկուած այդ «աննշան տարածք»-ը, եւ որու միջազգային ճանաչման գործին լծուած են ե՛ւ իրենք, ե՛ւ բոլոր հայերը, ամէնուրեք:
Այդ «աննշան տարածք»-ը, «անկարեւոր յենակէտեր»-ը պաշտպանելո՞ւ համար զոհուեցան ուրեմն մեր հերոս տղաքը: Ինչե՜ր կ՛ըսուին ու թութակաբար կը կրկնուին:
Հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հող արժէ՛ք է, կարեւո՛ր է, ռազմավարական նշանակութի՛ւն ունի բոլոր ազգերուն համար ու բոլոր ժամանակներու մէջ: Դիրք ու պաշտօն կամ հանգամանք ոչ ոքի իրաւունք կու տան, որ այսպէս թեթեւամտութեամբ ճշդէ-գնահատէ, թէ հայրենի հողին ո՞ր մասը կարեւոր է եւ ո՞րը` անկարեւոր:
Եռաբլուրին հանգչող անմահները այդ «աննշան տարածք»-(ներ)ը ազատագրելու համար զոհուեցան 24-25 տարի առաջ, իսկ այս ապրիլին նոյն այդ «աննշան տարածք»-(ներ)ը պաշտպանելու համար հարիւրէ աւելի մեր նորագոյն հերոսները իրենց կեանքը մատաղ ըրին: Զգաստացէ՛ք:
Հողը մեթր առ մեթր կ՛ազատագրուի թշնամիէն, նոյնպէս մեթր առ մեթր կը գրաւուի:
Յայտնօրէն, խաթարուածութիւնը (կոռուպցիան) կաշառքէ, պաշտօնի շահագործումէ, մենաշնորհային չարաշահումէ ու զեղծարարութիւններէ անդին, թափանցած է այս մարդոց մտածելակերպին մէջ ու խաթարած է նաեւ ազնուագոյն զգացումներն ու բարոյական ըմբռնումները:
Ազգին վստահութիւն ներշնչողը կը մնայ հայրենի հողին պաշտպանութեան նուիրուած հայ զինուորն է ու անոր քաջութիւնը: