Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Սրտբաց Խոստովանութիւններ Եւ Մայիս 28

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գիտենք, որ 98 տարիներ առաջ կերտուած այս թուականը հայոց պատմութեան պատուանդանին վրայ աննման ու անկրկնելի տեղը ունի:

«Եւ վեց դարերու խաւարի վրայ
Դրօշ Եռագոյն»:

Անիմաստ պիտի ըլլայ ամէն տարի մայիս ամսուան ընթացքին յաճախ կրկնել այն ամէն ինչը, որ կրկնած ենք անցեալին, 98 տարիներ: Եթէ ողջ ըլլար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի մեր հայ գրականութեան ուսուցիչը, անդադար պիտի կրկնէր. «Մաշած միտքեր, մաշած պատկերներ, մաշած գաղափարներ մի՛ կրկնէք. նո՛րը փնտռեցէք, հինին մէջ նո՛րը փնտռեցէք, նո՛րը ստեղծեցէք: Սուզուեցէք մարդու հոգիին մէջ եւ տեսէք` որքա՛ն «նորութիւններ» կան հոն: Չէք կրնար հասնիլ յատակը. ան գոյութիւն չունի: Սակայն պեղեցէք ու կը գտնէք նորը, գեղեցիկը, ազնիւը, հոգիին գեղեցիկը»:

Հոգեկան պահանջ եւ մեր լրատուական միջոցներու պատասխանատուներ «կը պահանջէին» գրել 98 տարուան հնութիւն ունեցող, սակայն մշտանորոգ մայիս 28 թուականին մասին, այդ առիթով, անոր առնչուած… եւ այլն:

Ի դէպ, որպէս ռանչպար-գիւղացի եւ… «Ինտելիքենտօ» (այդպէս կը կարծեմ որ ես) հերկ ու վարի ժամանակ այս է նման բաներու մասին կը մտածեմ` վախնալով, որ երկրորդ անգամ ալ «տապալիմ» պարտէզս վարող թրաքթէօրին տակ. մէյ մը «բախտը» ունեցած եմ երկու ոտքերս անոր տակ հաշմուած տեսնելու:

Ինչ որ է:

Լիբանան գացի եւ անձնական գործերս կատարելէ ետք, մօտ 90 տարիներէ մարդոց մտքերն ու հոգիները լուսաւորող փարոս` «Ազդակ» թերթի խմբագրատունը հանդիպեցայ` պարզելով մտքիս ու հոգիին մէջ ալեկոծող, մայիսեան կրակով գրուելիք յօդուածիս կմախքը: Կ՛ուզէի «հին պատմութիւն մը» նոր շունչով մայիս 28-ին առնչել եւ ճերմակ թուղթը սեւով ներկել` յաւակնոտութիւնը ունենալով «գրագէտ», կամ գոնէ «յօդուածագիր» դառնալու:

Կը զգայի, որ զուգորդող օղակ մը կը պակսէր:

Բայց այդ օղակը եւ օղակները փշռելու միջոցը դարձաւ Դիմատետրը:

Կ՛ուզէի գրել այն բարեբախտ առիթին մասին, զոր ունեցանք կարծեմ 2009-ին, երբ մեր խումբը` սուրիահայերու խումբը, հանդիսացաւ երկրորդ ստուար զանգուածը, որ կրցաւ կոտրել թրքական արգելքներու արհեստական շղթան եւ աղօթել բռնագրաւուած Հայաստանի (եւ ոչ թէ թրքահայաստանի) Վանայ լիճին աչքը հանդիսացաւ Աղթամար վանքի, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Առաջին աղօթքը կատարած էր այն ստուար խումբը, որ Պոլսոյ պատրեարքարանի եւ պատրեարքին առաջնորդութեամբ, իրագործած էին Սուրբ խաչին զետեղումը Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, որ 95 տարիներէ ի վեր «Խաչազուրկ եւ աղօթազուրկ», մնացած էր:

Այս մասին` յաջորդիւ…

Շատ դեգերեցայ հոս-հոն, հոգւոյս խորերը…

***

Մայիս ամիս:

Դիմատետրի բարեկամներէս հայրենաբնակ սիրելիներէս մին, կը ստորագծէր առաջարկ մը, զոր կատարած էր նախապէս` ըսելով, որ հարկաւոր է Երեւան քաղաքամայրի Հանրապետութեան հրապարակին այս կամ այն վայրին վրայ զետեղել Սասունցի Դաւիթին, Առիւծ Մհերին կամ Սանասարի ու Պաղտասարի արձանները, որոնց նմաններով հարուստ է քաղաքամայրը:

Կ՛առաջարկէր նաեւ հրապարակին վրայ բարձրացնել Գարեգին Նժդեհի եւ Արամ Մանուկեանի արձանները:

Եւ եկաւ եզակի պահը, երբ մայիսի 25-ին զետեղուեցաւ Նժդեհին արձանը, հրապարակին վրայ:

Ես յաւակնոտութիւնը չունիմ քննարկելու, մանաւանդ` այս գրութեան մէջ, Գարեգին Նժդեհի մեծութիւնը:

Կան մեծութիւններ, որոնց գործերը, խօսքերը կրնանք բացայայտել, յայտարարել պատմել միայն:

Պաշտամունքի աստիճան սիրած հայդուկապետներէս է Գարեգին Նժդեհը, սակայն Ռուբէնը այլ է:

Քաղաքական կարգ մը շրջանակներ ի զուր կը փորձեն գրաւել ու իւրացնել Գարեգին Նժդեհը իբր թէ պիտի կարենան մշուշի մէջ թաղել այլ մեծութիւններ: Ինչպէս Նժդեհը այդ մղումէն վեր կը սլանայ ու կ՛երեւի, այլ տիտաններ եւս կը սլանան ու կ՛երեւին, եւ ոչ մէկը միւսին վրայ շուք կը ձգէ կամ կը խափանէ միւսին մեծութիւնը:

Մայիս 28 կերտողները միայն խումբ չեն, փաղանգ մը չեն:

Հայ ազգն է, որ իրագործեց այդ յաղթանակները, Մայիսեան մարտերը:

Չարաբաստիկ այլ թուականի մը (փետրուարեան ապստամբութեան առիթով), «Ամենայն հայոց բանաստեղծը»` Յովհաննէս Թումանեանը, որ Թիֆլիսէն Հայաստան կ՛ուղարկեն տեսնելու եւ տեղեկացնելու ապստամբութեան մասին, զոր անոնք կը նկարագրէին իբրեւ «մաուզերիստներու», բախտախնդիրներու գործը, ան կը բացագանչէ.

 

«Խոմ հայ ազգն է ոտքի կանգնել…:

Մայիսեան մարտերը կերտողը` «Խոմ հայ ազգն է»:

Եւ գլխաւորութեամբ Գարեգին Նժդեհներու փաղանգին, որուն գլխաւորն էր «Ինքն անթառամ` Մանուկեան Արամ»-ը:

Քանիցս եղած եմ հայրենիք եւ քաղաքամայր Երեւան:

Քեսապի մէջ ապրելով` մեր իսկական ապրումը եղած է Հայրենիքը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Առաջինը, ինք ալ քեսապցի, առիթով մը` մարմնաւորելով իւրաքանչիւր սփիւռքահայու զգացումն ու մտածումը` ըսած է.

«Ես սփիւռքի զաւակ, ես չեմ ծնուել մայր հայրենիքում, այլ հայրենիքը ծնուել է իմ մէջ»:

Հայրենիքի ամենափոքր վերիվայրումը կ՛ալեկոծէ մեր սրտերը:

Իսկապէս հայրենիքը կ՛ապրի մեր մէջ:

Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է հայութեան համար:

Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ, Բաշապարան:

Շուշիի ազատագրութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակն է արդէն:

Այո՛, քանիցս հայրենիք այցելելով` ման եկած եմ մայրաքաղաքի փողոցներով: Այցելած եմ պատմական, մշակութային, քաղաքական վայրեր, թանգարան, մատենադարան, դամբարան… որոնցմով այնքան հարուստ են Երեւանը, Հայաստանը…

Այցելած եմ Արամ Մանուկեանի անշուք շիրիմը: Մտքովս ետ գացած եմ հարիւր եւ աւելի տարիներ:

Հասած եմ (մտքով) Շուշի, Արամի ծննդավայրը: Կարսի հնոցը, ուր Արամն ու Յակոբ Չիլինգարեանը կը դարբնէին մեր նորափթիթ յեղափոխականներուն հոգիները, կը կերտէին նկարագիրները զանոնք ուղարկելով «Երկիր»:

Մտքովս անցած եմ Վան: Վանայ Արամը: Անոր բանտարկութիւնը: Յետոյ, Օսմանեան սահմանադրութեան շրջանին, Սեւ ծովու ափերուն` ուսուցչութեան, ես Հայոց ցեղասպանութիւն, եւ Վան-Վասպուրականի հերոսամարտ, ինքնապաշտպանութիւն. Վանի ինքնավարութիւն` 1916-ին, Արամի Կառավարչութեամբ եւ Հայոց ազգային խորհուրդ, Երեւանեան նահանգի կառավարիչ Արամը եւ մայիսեան յաղթական մարտեր… Ներքին գործոց նախարար, բծաւոր տիֆի վարակ եւ անակնկալ մահ…

Ամբողջ կեանք մը` սխրանքներ. արիւնոտ ազգի մը պատմութիւնը ամփոփուած է փոքր, անշուք շիրիմի մը մէջ, Երեւանի հեռաւոր մէկ անկիւնը:

Քալած եմ, վերջապէս, Արամի անուամբ կոչուած այն նեղլիկ եւ երկար փողոցով` վերյիշելով Արամի պատմութիւնը, Երեւանի պատմութիւնը:

Եւ այդ նոյն փողոցի վրայ` կիսափուլ տուն մը, որուն վրայ տասնեակ մը տարիէ ի վեր փակցուած է ցուցատախտակ մը, ուր արձանագրուած է` «Այս տանը մէջ բնակուել է Արամ Մանուկեանը»:

Իսկ վերջերս դարձեալ Դիմատետրի էջերէն կարդացի, որ այդ աւերակ տունն ալ վաճառուած է, բարեբախտաբար հայու մը, որ ըստ երեւոյթին զայն կ՛ուզէ վերածել վաճառատան մը, կամ` հոն բարձրացնել դրամատուն մը, կամ` Քազինոյի մը վայել շէնք մը` եւս այլանդակելով այլանդակումի ճանապարհը բռնած Երեւանի դիմագիծը:

Մայիս 28, Արամ Մանուկեան եւ… դրամատո՞ւն:

Շուտով, 2 տարի ետք, արդէն կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակը:

Այո՛, վեց դարերու խաւարէն, ստրկութենէն ետք` անկախութիւն եւ դրօշ եռագոյն: Եւ այդ պանծալի թուականի գլխաւոր կերտողը ցարդ չունի փառահեղ շիրիմ-դամբարան, չունի իր տուն-թանգարանը, չունի իրեն վայել արձանը:

Գալիք սերունդներուն շատ բան ունին պատմելիք արձանները, տուն-թանգարանները:

Երեւանի գլխաւոր հրապարակին վրայ. ամբողջ եօթանասուն տարի մեր սրտերուն վրայ նստաւ Լենինի արձանը եւ հրապարակը կոչուեցաւ որպէս այդպիսին:

Հիմա հրապարակը գտած է իրեն յարմար անունը: Իսկ հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին առիթով, Արամ Մանուկեանն ալ իր հարազատ տեղը դնելու ժամը չէ՞ հնչած արդեօք: Անոր արձանին յարմար վայրը այդ հրապարակին վրայ, Լենինի արձանին նախկին պատուանդանին վրայ չէ՞ արդեօք:

Վստահաբար մեծ իրագործում էր Գարեգին Նժդեհի արձանին հրապարակին մէկ կողմը զետեղելը: Սակայն Հանրապետութեան հրապարակը առանց Հանրապետութեան գլխաւոր հիմնադիր արձանին` ճիշդ չի հնչեր: Գուցէ նաեւ այլանդակում է պատմութեան, եթէ ոչ` խեղաթիւրում:

Իսկ Արամ Մանուկեանի տան, անցնող 25 տարիներուն վերանկախութեան տարիներուն, այդպէս կիսափուլ մնալը, ապա վաճառուիլը մեր` Եռագոյնը 70 տարիներ անդադար սրտերնուս մէջ պահողներուս համար աններելի կը գտնեմ:

Արդէն բաւական ուշացած ենք:

Երկու տարիները շատ արագ կ՛անցնին:

100-ամեակը հարիւր տարին մէյ մը կու գայ, եւ պէտք է այդ տարեդարձին առիթով մենք տուն թանգարանով, շիրիմով թէ արձանով ճիշդ ու իրաւ պատմութիւնը փոխանցենք գալիք սերունդներուն:

Յ. Գ.

Դիմատետրի հայաստանցի բարեկամս այդ իմաստով հրապարակային առաջարկ կատարած է` Գարեգին Նժդեհի արձանի հարեւանութեամբ բարձրացնել Արամ Մանուկեանին արձանը, որպէս գլխաւոր հիմնադիրները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ լեռնահայաստանի Հանրապետութեան:

Գլխաւոր միտքը նոյնն է: Հրապարակի վրայ անպայման կանգնած տեսնել Արամին` արձանը` զոր որպէս պատգամ սերունդներուն:

Ես այդ բարեկամիս ներկայացուցի առաջարկ մը եւս, զոր կ՛ուզեմ հոս եւս արձանագրել: Ժամանակը հասած եւ ուշացած ենք, մենք` գաղափարի հաւատացեալներս, արշաւ կազմակերպելու, ամէն ինչ կատարելու, որպէսզի Արամ Մանուկեանը Երեւանի եւ Հայաստանի մէջ գտնէ իր հարազատ տեղը: Արձանը հրապարակին մէջ: Տուն-թանգարանը` իր բնակած տան մէջ (վերանորոգուելէ ետք) եւ շիրիմին բարեզարդումը գերեզմանատան մէջ:

Եթէ այսպէս նախաձեռնութիւն մը, որդեգրուի, ես խոնարհ եւ անխոնջ կամաւոր աշխատողը կրնամ ըլլալ վերոյիշեալ երեք ծրագիրներու իրականացման:

Արամէն ետք պէտք է մտածել այլ տիտաններու մասին` Ռուբէն, Արմէն Գարօ… Խոմ սերունդ մը…

 

 

 

Քեսապ 26 մայիս 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>