ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
1917-ին ռուս զինուորները Լենինի տունդարձի «հայրական» կոչին անսալով` լքեցին ճակատն ու վերադարձան իրենց երկիրը` պոլշեւիզմին աւետած բարիքները վայելելու հիասթափումի դատապարտուած յոյսով: Հայ կամաւորները ամբողջ արեւմտեան ճակատի երկայնքով մնացին առանձին` ընդդէմ թրքական բազմամարդ բանակին: Ստեղծուած էր վտանգաւոր կացութիւն մը եւ ճակատագրական պահ մը:
Հայ ժողովուրդը յարգեց ճակատագրի ժամադրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ 3 տարի ետք, վերապրելու իր հազարամեայ կամքին շնորհիւ յաղթանակ արձանագրելով` 28 մայիս 1918-ին հռչակեց իր անկախութիւնը: 7 դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն ետք, հայ ժողովուրդը դարձեալ ժամադրուած էր ճակատագրի հետ, այս անգամ` Արցախի մէջ: Ան այդ առթիւ եւս ակնթարթային ճիշդ պահուն բազմեցաւ պատմութեան սրընթաց գնացքին մէջ:
Սարգիս Զէյթլեան 1978-ին` Հայաստանի անկախութեան 60-ամեակի առիթով կը գրէր, թէ մեր համազգային տեսլականն է ամբողջական Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան վերակերտում` ազգային անկախ պետականութեան հովանիին տակ, ընկերային ճշմարտօրէն ընկերվարական եւ գերազանցօրէն ժողովրդավար կարգերու շրջագիծին մէջ: 38 տարի ետք, գաղափարի մարտիկին գրած այդ տողերը, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծման, կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանկախացած է, սակայն հակառակ որոշ ձեռքբերումներու եւ յուսալի բարեփոխումներու` անիկա տակաւին ո՛չ տարածքային առումով ամբողջական է, ո՛չ ալ անոր կարգերը ճշմարտօրէն ընկերվարական եւ գերազանցօրէն ժողովրդավար են:
Չինական առածը կ՛ըսէ` «Աւելի լաւ է ճրագ մը վառել, քան թէ տեւաբար խաւարը անիծել»: Արցախի անկախացումով եւ Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու որդեգրմամբ վարած ենք պսպղացող ճրագ մը` մեր երկիրը լուսաւորելու համար, սակայն կարիքը ունինք յարատեւման ու յաւելեալ ճրագներու, որոնց համար հարկ է մեր հայեացքն ու միտքը, հայ տնտեսական կեանքը կեդրոնացնել հայրենի հողին վրայ: Հայ ժողովուրդի բնականոն զարգացման եւ Հայ դատի լուծման համար հարկ է լրացնել հիմնական նշանակութեան տէր վերոնշեալ բացերը, իսկ այդ հրամայականի իրագործման համար պէտք է ստեղծել հարկ եղած բարենպաստ պայմաններն ու մթնոլորտը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է վերածել այն մագնիսին, որ ոչ միայն կը բացառէ արտագաղթը, այլ ներգաղթը խթանելով` դէպի իրեն կը քաշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
Սփիւռքի մէջ վերջերս յաւելեալ թափ ստացած գաղութէ գաղութ արտագաղթը ինքնախաբէութիւն է միայն: Մեր ժողովուրդը իր դարերու փորձառութեամբ կ՛ըսէ, թէ գաղթողը հազարումէկ փորձանքի կը հանդիպի: Նոյնիսկ նոյն երկրին մէջ քաղաքէ քաղաք տեղափոխուողը դժուարութիւններու կը հանդիպի: Սակայն հարկ է հարց տալ` «վասն ինչի՞»: Միսն ու ոսկորը ի՞նչ կ՛արժէ առանց հոգիին: Ի՞նչ կ՛արժէ, եթէ աշխարհը շահիմ, սակայն կորսնցնեմ իմ հոգիս:
Միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ հայու ինքնութեան պահպանման պայմանները անհամեմատ լաւ են, քան` Արեւմուտքի մէջ: Պատահական չէ, որ Լիբանանն ու Սուրիան եղած են այլ գաղութներու մարդուժ տրամադրողը: Ուստի, ազգային դիտանկիւնէն նայելով` միջինարեւելեան երկիրներէն Արեւմուտք գաղթելը դրական զարգացում մը կարելի չէ նկատել, այլ` ժխտական: Անիկա յառաջդիմութիւն մը չէ, այլ` նահանջ:
Գաղութներու մէջ ստեղծուած դժուար ու անտանելի կացութիւններէն փրկուելու լուծումը արտագաղթը չէ, այլ` ներգաղթը: Փրկութիւնը վերանկախացած Հայաստան եւ ազատագրուած Արցախ ներգաղթելն է, ահա այդ է դրականն ու յառաջդիմութիւնը: Հայ ժողովուրդի փրկութեան լաստը, հայկական ինքնութեան գերեզմանները չեն, Քանատան, Ռուսիան կամ Միացեալ Նահանգները չեն, այլ` ընկերային արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան փարոս հայրենիքը: Այդ է մեր փրկութեան միակ յոյսը: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է մեր ներուժն ու ժամանակը տրամադրենք հայրենիքի ընկերային ու տնտեսական վերելքին ու բարգաւաճման` ոչ միայն զգացականութենէ եւ ազգային պարտականութենէ մղուած, այլ նաեւ` գործնական ու հայ անհատին առնչուող անձնական հրամայականներու պատճառով: