Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հարիւր տարի առաջ, մայիս 16-ին, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա գաղտնի համաձայնութիւն մը կը կնքէին Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին` իրենք իրենց մէջ բաժնելու համար Օսմանեան կայսրութեան այսպէս կոչուած «արաբական նահանգները»: Ֆրանսուա Ժորժ-Փիքօ եւ Մարք Սայքս ներկայացուցիչներն էին երկու եւրոպական պետութիւններուն, որոնք յառաջ տարին բանակցութիւնները եւ գծեցին քարտէս մը, որ պատմութեան անցաւ որպէս Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւն: Երկու դաշնակիցները չէին անտեսած ցարական Ռուսիան, որուն տեղեակ պահեցին իրենց առաջարկին մասին եւ ստացան Ս. Փեթերսպուրկի ամբողջական զօրակցութիւնը: Ռուսիա իր համաձայնութիւնը տուած էր համաշխարհային նոր կարգ մը հաստատելու յաւակնութիւնը ունեցող այս ծրագրին, որովհետեւ, փաստօրէն, Սայքս-Փիքոյի քարտէսին վրայ իրեն բաժին կը հանէր արեւելեան Անատոլիան, ներառեալ` Արեւմտահայաստանը: Ռուսիա, առաւել, Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ պիտի վերահսկէր Պաղեստինի համար նախատեսուած միջազգային տարածաշրջանին վրայ: Համաձայնագիրը կը նպատակադրէր ուժերու նոր հաւասարակշռութեան մը ճամբով իր լրումին հասցնել 19-րդ դարու սկիզբէն ձեւաւորուած մեծապետական եռակողմանի մրցակցութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջեւ, որ ժողովրդականացած էր որպէս Մեծ Խաղը: Իր խորքով եւ ձեւով համաձայնագիրը հարազատ արտացոլացումն էր գաղութատէր պետութիւններու աշխարհը իրենք իրենց միջեւ բաժնելու սովորութեան` առանց դոյզն նկատառումի այլ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ հաւաքական ձգտումներուն: Նախընթացներէն թերեւս ամէնէն հաստագրուածը 1885-ի Պերլինի գագաթաժողովն էր, որուն ընթացքին գծուեցան ափրիկեան ցամաքամասի ներքին սահմանները: Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը պատմութեան անցաւ որպէս Միջին Արեւելքի բաժանման ծրագիր, որպէս արաբ ժողովուրդին կատարուած սեփական պետութեան մը խոստումի դրժում եւ որպէս Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական գաղութատիրութեան սկիզբ:
Իրականութեան մէջ Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը շատ աւելի պատմական միթ մըն է, քան իրականութիւն: Վերջին հաշուով, երկու պետական անձնաւորութիւններու գծած սահմանները չեն, որ Միջին Արեւելքի քարտէսը կը յատկանշեն: Համաձայնագրէն մէկ տարի յետոյ, 1917-ին, երկու իրադարձութիւններ յատկանշեցին պատմական գործընթացը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրոյ Ուիլսըն ընթառաջելով Դաշնակիցներու դիմումին` Քոնկրեսին համոզեց պատերազմ յայտարարել Գերմանիոյ դէմ եւ հաստատել համաշխարհային նոր կարգ մը` իր ճառին մէջ նշուած հանրածանօթ տասնչորս կէտերու հիման վրայ, որոնք միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ կը հաստատէին ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Գաղութատէր պետութիւնները լաւ գիտէին, որ Ուիլսըն պիտի մերժէր որեւէ համաձայնագիր, որ Ուաշինկթընի համաձայնութիւն չ՛ունենար եւ, հետեւաբար, Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնը այնքան ալ հեշտօրէն պիտի չգործնականանար:
Երկրորդ յատկանշական իրադարձութիւնը ռուսական յեղափոխութիւնն էր եւ պոլշեւիկներու իշխանութեան հասնիլը նոյն տարուան հոկտեմբերին: Համաձայն Լենինի ստանձնած յանձնառութեան Պրեսթ-Լիթովսքիի մէջ, համայնավարները քաշուեցան պատերազմէն, եւ շատ հաւանաբար` համոզուած, որ իրենց յեղափոխութիւնը իր բնոյթով համաշխարհային էր, «աշխարհ մը ունէին շահելու» ինչպէս Մարքսի եւ Էնկելսի խմբագրած Մանիֆեստը կը հաւաստիացնէր պրոլետարիատը, բացայայտեցին Սայքս-Փիքօ համաձայնագիրը, որով եւ երաշխաւորեցին անոր ձախողումը:
Հոգ չէ թէ` հազիւ քանի մը տարի յետոյ, մինչ Կարմիր բանակը յեղափոխութիւնը տարածելու դիմակին տակ կը վերականգնէր ու կ’ընդարձակէր նախկին ցարական կայսրութիւնը, ազգութիւններու կոմիսար Ստալինը Կովկասի մէջ ինք նախաձեռնողը պիտի ըլլար մեծապետական սահմանագծումներու` ի հեճուկս ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, որպէս ստալինեան ռէալփոլիթիքի առաջին փորձառութիւն եւ սկիզբ շնական վերաբերմունքի մը, որ պիտի յատկանշէ Մոսկուայի թէ՛ ներխորհրդային, թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը յաջորդ եօթը տասնամեակներուն…
Ոչինչ, բնականաբար, ետ կեցուց եւրոպական գաղութատիրութիւնը յառաջ տանելու իր նպատակները, թէկուզ եւ` նոր պատշաճեցումներով: Արդարեւ, 1917 թուականը կը յատկանշէ նաեւ սիոնական շարժումին Մեծն Բրիտանիոյ տուած այսպէս կոչուած «Պալֆուրեան խոստումին», ըստ որուն, հրեայ ժողովուրդին կը տրուէր Պաղեստինի մէջ «ազգային օճախ» մը ունենալու իրաւունքը, առանց որ այդ մէկը անպայմանօրէն նշանակէր անկախ հրէական պետութիւն մը, ինչպէս շարժման հիմնադիր եւ տեսաբան Թէոտոր Հերցել կը նպատակադրէր համանուն խորագրով իր գիրքով: Միջին Արեւելքի արդիական սահմանները ի վերջոյ վաւերացուեցան 1920-ի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին ընթացքին եւ եւրոպական գաղութատիրութիւնը դրաւ մէկ տարի առաջ Խաղաղութեան վեհաժողովի ստեղծած մանտաթի դիմակը` որպէս տարածաշրջանի վրայ իր տիրապետութեան միջազգային օրինակութիւն տուող փաստարկ:
Հակառակ Սայքս-Փիքոյի անվաւերականութեան` որպէս ներկայ Միջին Արեւելքը ծնունդ տուած քարտէսի, համաձայնագիրը իրաւմամբ ունեցած է հզօր ազդեցութիւն արաբական ազգայնականութեան հաւաքական երեւակայութեան վրայ` ֆրանսական գաղութատիրութիւնը մերժող սուրիական 1920-1923-ի ապստամբութենէն մինչեւ Իսրայէլի ստեղծումը եւրոպական գաղութատիրութեան սադրանք համարող այլամերժական հռետորաբանութիւնը, որ կը տիրապետէ մինչեւ այսօր: Սակայն եթէ մէկ կողմէ անժխտելի է գաղութատիրական քաղաքականութեան որոշիչ եւ դատապարտելի քաղաքականութիւնը, միւս կողմէ` նոյնքան ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ նաեւ ի՛նք պատասխանատու է իր ճակատագրին:
Այս իմաստով, Սայքս-Փիքօ համաձայնութիւնն ու անոր պատմական գործընթացը իրականացաւ նաեւ, որովհետեւ առաջին հերթին դեռեւս 1916-ին, երբ արաբները ապստամբեցան չորս դարերու օսմանեան լուծը թօթափելու համար, յստակ չէր, թէ ի՛նչ ազգային ծրագրի հետամուտ էին: Աւելի՛ն. օսմանեան լուծէն ազատագրուելու չափ եւ թերեւս անկէ աւելի որոշիչ էին ներարաբական տարակարծութիւնները` սկսելով իսլամական շրջանակներու հակադրութեան արաբական ազգային լայիք ինքնութեան մը գերակայումէն, ինչպէս 19-րդ դարու արաբական վերածնունդը` «Ալ-Նահտա» պատկերացուցած էր, մինչեւ այն հողատարածքը, որ արաբական անկախ հայրենիքը կոչուած էր ըլլալու, եւ, տակաւի՛ն ու մանաւա՛նդ, իշխանութեան համար բուռն մրցակցութիւնը արաբ ղեկավարներու միջեւ:
Միւս կողմէ, ինչպէս տարածաշրջանի մասնագէտ Հանրի Լորան ճիշդ կերպով դիտել կու տայ, ֆրանսացիք եւ բրիտանացիք գծեցին Միջին Արեւելքի սահմանները, եւ արաբները ներկեցին այդ քարտէսը: Այլ խօսքով, տարածաշրջանային պետութիւնները, որոնք ծնունդ առին եւրոպական գաղութատիրութեան պարտադրութեամբ, նաեւ արդիւնք էին տեղւոյն ղեկավար տարրի յարմարեցումներուն, եթէ ոչ համագործակցութեան` յաճախ հատուածական իրենց նեղ շահերու հաշիւներու հիման վրայ:
Աւելի՛ն. երբ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ինքզինք սպառած գաղութատիրութիւնը տեղի տուաւ եւ արաբական երկիրները յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը, յաջորդող տասնամեակներուն, մինչեւ օրս, հակառակ բազմաթիւ աղէտներու, սկսելով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւազրկումէն մինչեւ լիբանանեան տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմը, արաբական ազգային մտածողութիւնը չյաջողեցաւ լուծում առաջադրել հասարակութիւնը ներքնապէս պառակտող կրօնական-համայնքային թէ աշիրեթական հաւատարմութիւններուն, մինչ համարաբականութեան ութոփիան պատրուակ կը ծառայէր տարածաշրջանի մէջ ղեկավար դիրք գրաւելու իշխանութեան պայքարին: Արդիւնք` հանրապետական թէ թագաւորական, արաբական երկիրներու բոլոր պետութիւնները չկարողացան շրջանցել ամբողջատիրականութեան փորձութիւնը, որուն պատճառով ալ տնտեսական արդիականացումը թէ մարդկային զարգացումը առնուազն լճացան:
Լաւագոյն նպատակներով ծայր առած արաբական ըմբոստութիւնները, որոնց տրուեցաւ «Արաբական գարուն» ձախորդ որակումը, մերկացուցին ամբողջատիրական վարչակարգերու էութիւնը, առանց, դժբախտաբար, ունենալու անհրաժեշտ կարողութիւնը համակարգային փոփոխութեան: Արաբներու այս «ողբերգութիւնը» ինչպէս արաբ գիտակից շատ մտաւորականներ բացայայտած են իրենց իքնաքննադատական վերլուծումներուն մէջ, այսօր բացայայտ է ոչ միայն ՏԱՀԷՇ-ական կամ Քաիտայի հրէշութիւններուն ընդմէջէն, որոնք կը յաւակնին Սայքս-Փիքոյի ժամանակաշրջանը աւարտել` վերականգնելով իսլամական ումման եւ խալիֆայութիւնը, որուն համար ալ նաեւ իրարու դէմ կը պայքարին, այլ մանաւանդ, ի դէմս արաբական լռութեան, երբ Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան վերջին խորհրդաժողովին Էրտողան անպատկառօրէն առաջարկեց Արաբական լիկան վերածել իսլամական լիկայի, որով եւ նորօրեայ սուլթանը հազիւ թէ կը թաքցնէր Սայքս-Փիքոյի աւարտին ի՛ր տարբերակը` օսմանական նորատեսակ տիրապետութիւն մը, որ կը յիշեցնէ թուրք տարրին գերակայութիւնը «փիս արաբլար» ժողովուրդին վրայ…
Սայքս-Փիքոյի համաձայնութիւնը աննշան տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Այն տարին, երբ գաղտնաբար կը ստորագրուէր, Արեւմտահայաստանը արդէն մեծ մասամբ դատարկուած էր իր բնակչութենէն, որ զոհ գացած էր երիտթուրքերու ծրագրած ցեղասպանութեան: Ճիշդ է` հայ կամաւորական գունդեր արդէն կը յառաջանային ռուսական բանակի կողքին, բայց պատերազմէն ետք ազգային հաւաքական ճակատագրին ծրագրում մը բնականաբար չկար, երբ օրուան հրամայականը լոկ վերապրումն էր: Բայց եթէ պահ մը ենթադրենք, որ պատմական իրադարձութիւնները այլ ընթացք ունեցած ըլլային, եւ Սայքս-Փիքոն իրականանար, ի՞նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ճակատագիրը: Համաձայն գաղութատիրական այդ քարտէսին, Արեւմտահայաստանը պիտի անցնէր ռուսական տիրապետութեան տակ, ինչ որ յարաբերաբար աւելի բարենպաստ է անշուշտ, քան` թուրք-օսմանական լուծը, ինչպէս որ հասկցած էր հայ քաղաքական մտածողութիւնը նախորդ դարուն: Բայց հայ քաղաքական մտածողութիւնը նաեւ գիտակից էր, որ ռուսական տիրապետութիւնը անպայմանօրէն մեր ազգային իղձերուն համապատասխան չէ: Երաշխիք չկար բնաւ, որ ռուսական բանակով ազատագրուած Արեւմտահայաստանը պիտի վերաբնակուէր հայերով, երբ ռուսական մեծապետականութիւնը հասած էր մինչեւ իսկ բանաձեւելու «Հայաստան առանց հայու» շնականութիւնը: Ոչ ալ անպայմանօրէն հայկական պետականութեան նման կառավարման ձեւ մը կարելի էր նախատեսել, երբ պատմական նախընթացը հայկական պատմական հողատարածքը վարչական շրջաններու բաժնելու իրողութիւնն է: Աւելի՛ն. ռուսական բանակը հայաթափ Արեւմտահայաստանին ընդմէջէն պիտի տեսնէր «Հայաստան առանց հայու» իրավիճակ մը, որ շատ հաւանաբար իր կայսերական հաշիւներուն պիտի ծառայեցնէր:
Բարեբախտաբար հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու ճակատագիրը որոշուեցաւ Սեւրի դաշնագրով, եւ մինչ ճիշդ է, որ Սեւրն ալ մեծապետական շահերու հաշիւով համաձայնեցուած է եւ ոչ անպայմանօրէն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հարազատ արտայայտութիւն, այն շատ հեռու է լոկ գաղութատիրական անպատկառութենէն: Սեւրի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը մասնակից էր եւ կար հայկական պետութիւն մը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէր: Այս պարզ իրողութեան կարեւորութիւնը կը հասկցուի, եթէ միայն անդրադառնանք, որ հակառակ խորհրդային տիրապետութեան եւ խորհրդային պատմագրութեան բոլոր աղաւաղումներուն` Սեւրը հաստատ մնաց հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ որպէս իրաւաթուղթ:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակէն հազիւ երկու տարի առաջ, եւ մինչ անհրաժեշտ է զերծ մնալ 1918-1920 դժուար ու Վրացեանի բառերով «անձեւ քաոսային» տարիներուն միամիտ իտէալականացումէն, նոյնքան հրամայական է գիտակցիլ, որ պատմութեան արկածի բերումով հայ ժողովուրդին անխուսափելի անկախութեան արժէքային իմաստը շուտով ըմբռնուեցաւ օրուան ղեկավարութեան կողմէ, եւ սկիզբ դրուեցաւ, ե՛ւ ներքին իմաստով, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ժողովրդավար վարչակարգ ու ընկերային արդար հասարակարգ ստեղծելու, ե՛ւ արտաքին իմաստով պատմական հայրենիքին տէր կանգնելու գործընթացին: Այսինքն առաջնահերթութիւն տրուեցաւ ազգային տեսլականին: Այդ ազգային տեսլականէն զուրկ էին անոնք, որոնք վստահելով Լենինին ու ռուսական յեղափոխութեան խոստումներուն, յեղկոմեան բռնատիրութիւն հաստատեցին եւ ներքնապէս այնքան հիւծեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ յաջորդ տարիներուն պոլշեւիկներուն եւ քեմալականներուն ձեռամբ սարքուած զոհասեղանին դրուեցան Սեւրը, Ախալքալաքը, Նախիջեւանն ու Արցախը: